0
0
Read Time:19 Second
ՄԻԼԻՈՒՔԻ․- Երեքշաբթի, Օգոստոս 18-ին, Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր համագումարին, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի նախագահ Ճօ Պայտընի թեկնածութիւնը, խօսք պիտի առնէ Միշիկըն նահանգի երիտասարդ ներկայացուցիչ Մարի Մանուկեան (ծնած՝ Պըրմինկհէմ, Մասաչուսէց), որ 2018-ին, Օքլէնտ Քաունթիի շրջանէն ներս, ստանալով քուէներու 57 առ հարիւրը, գերազանցած էր Հանրապետական Տէյվիտ Ուոլքինսընը։
27 տարեկան Մարի Մանուկեան կը նկատուի ապագայ խոստացող երիտասարդ դեմոկրատականներէն։
Համագումարը պիտի աւարտի Օգոստոս 20-ին։