Օգոստոս 11-ին, լոյսերու քաղաք՝ Փարիզի մէջ, մահացաւ ֆրանսահայ հանրածանօթ գծագրիչ Էտմոն Քիրազ(եան):
Ծնած՝ Գահիրէ, Օգոստոս 25, 1923-ին, ան երկու շաբաթէն պիտի նշէր իր 97-րդ տարեդարձը։
Քիրազ կը համարուէր ժամանակակից աշխարհի սուր երեւակայութիւն ունեցող երգիծանկարիչը, որուն գործերը վերջին տասնամեակներուն դարձած էին քաղաքականութեան, հասարակական կեանքի եւ համոզումներու անբաժան մասը:
Քիրազի բծախնդիր վարպետութեամբ, նուրբ սրամտութեամբ եւ անվիճելի հետեւողականութեամբ գործերը հետզհետէ զինք բարձրացուցած էին գագաթ, նկատուելով Ֆրանսայի ամէնէն ճանչցուած երգիծանկարիչներէն մէկը:
Քիրազ յաճախած է Գահիրէի «Նուպարեան» ազգային վարժարան, ապա` ֆրանսական քոլէճ: Հազիւ տաս գարուններ բոլորած, ան նկարած է իր առաջին կտաւը` 17-րդ դարու կրօնական բնաբաններով նկարի կրկնօրինակում մը: Իսկ, առաջին քաղաքական երգիծանկարները տպուած են «Իմէյճ», «Փարատ», «Լա Ռեֆորմ տ՛Ալեքսանտրի» եւ «Ալ Մուսաուար» ամսաթերթերուն մէջ, երբ ան հազիւ 17 տարեկան էր:
Լեւոն Քիրազեանի եւ Էլիզ Սէթեանի զաւակն էր ան եւ միակ տղան, երեք քոյրերու կողքին, որոնցմէ Անահիտին հետ, երկուորեակներ էին: Հայրը՝ Էտմոնը անուանակոչած է ի պատիւ ֆրանսացի բանաստեղծ եւ թատերագիր Էտմոն Ռոսթանի (Edmond Rostand):
Ան շատ բան կը պարտի իր հօր, որ զինք կը տանէր իր աշխատավայրը` ընկերներուն ցոյց տալու համար իր հանճարեղ տղուն նկարները, որոնցմէ մէկը, նուիրուեցաւ Պաղտատի հայկական եկեղեցիին։ Բոլորովին տարբեր երազներ ունէր Քիրազի մայրը։ Ան ամէն գնով կը փափաքէր, որ իր զաւակը տնտեսագիտական-դրամատնային ասպարէզին մէջ հռչակաւոր անձնաւորութիւն մը դառնար։
Քիրազ 1945-ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք իր ուսումը շարունակեց «Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէռ»-ի մէջ:
Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, ան ծանօթացաւ եւ բարեկամացաւ երիտասարդ երգիծանկարիչներու` Փոյնէի, Էֆելի, Պելուսի, Ֆեզանի, Պոսքի, Շաւալի, Ալտեպերի, Տուպուայի հետ: 1959 թուականին Մարսել Տասօ, որ արդէն նկատած էր Քիրազի տաղանդը, կը խնդրէ անկէ ստեղծելու «Փարիզուհիներ» (Les Parisiennes) շարքը` իր նորաստեղծ «Ֆրանսայի օրեր» (Jours de France) թերթին համար: Հոս է, որ Քիրազի անունը ծանօթ դարձաւ լոյս տեսած բազմաթիւ հրապարակումներով, մինչեւ 1987 թուականը: Անոր «Փարիզուհիներ» շարքին կտաւները ցուցադրուած են Ֆրանսայի եւ արտասահմանի տարբեր պատկերասրահներուն մէջ։
Այսպէս, յիսունականներու աւարտէն ալ կը սկսի Քիրազի յայտնի «Փարիզուհիներ» շարքը` պատկերազարդումներ, որոնք կը ներկայացնէին Փարիզի կիներու բարոյական սկզբունքները, երիտասարդ, թեթեւ, սլացիկ, նրբագեղ, երկար ոտքերով, տժգոյն դէմքերով, խելացի փարիզուհիները:
Անոր գործերը զարդարած ու մրոտած են նաեւ «Փարի Մաչ», «Վոկ», «Կլամուր» Եւ «Փլէյպոյ» Ամսաթերթերու Էջերը։
Քիրազ հեղինակ է աւելի քան 25.000 նկարներու, որոնց կ՛ընկերանան երկխօսութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ: Ան գրած է «Ինքնակենսագրութիւն եւ յիշողութիւններ» գիրքը: Քիրազի «Փարիզուհիներ» շարքի նկարները ցուցադրուած են Ֆրանսայի եւ արտերկրի բազմաթիւ պատկերասրահներու մէջ: 25 գործեր կը գտնուին Փարիզի «Քարնաւալէ» (Carnavalet) թանգարանին մէջ:
Երկար ոտքերով փարիզուհիները Քիրազի հռչակ սփռած գլուխ գործերն են: Այդ կերպարները կը խորհրդանշեն 1950-ական թուականներու ֆրանսուհիները: Անոր ֆրանսուհիները ազատատենչ, ժամանակակից, գեղեցիկ եւ համարձակ են: Անոր գծած նկարներուն մէջ կիներ երբեմն մօրէ մերկ են, բայց երբեք գռեհիկ ձեւով չեն ներկայացուած:
Անոր իւրաքանչիւր գիծը, գոյնը կը վկայեն այն մասին, որ Քիրազ սիրահարած է գեղեցիկին եւ կնոջ գեղեցկութեան: Ան իր ամբողջ ասպարէզին ընթացքին գործակցած է ծանուցումներու ամէնէն մեծ գործակալութիւններուն հետ։
Քիրազ սահուն հայերէն կը խօսէր։ Միայն վերջերս է, որ ան առիթ ունեցած էր Հայաստան այցելելու։ Այս գծով, հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան ըսած էր․- «Հայաստան այցելեցի, որովհետեւ միշտ ալ կը մտածէի, թէ ամօթ է, այսքան ատենէ Հայաստանը չեմ տեսած: ․․․Ուրիշ տեսակ կ՛երեւակայէի։ Մանաւանդ Երեւանը աշխարհի միւս քաղաքներուն կը նմանի…։ Կը փափաքէի, որ աւելի հայկական ըլլար: Ամէն երկիր իմ գծագրութիւններէս կ՛ուզեն… միակ Հայաստանը չուզեց: Հայաստանի ոչ մէկ թերթ ինձմէ գծագրութիւն ուզած է: Ես ալ ըսի, որ տարօրինակ չէ․․․»: