Նոյեմբեր 30-ին, Փրովիտենսի «Քրիստափոր» կոմիտութեան կազմակերպութեամբ, Քրենսթըն շրջանի «Քաունթի Քլապ»-ին մէջ, նշուեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի 129-ամեակը։
Ներկաներու թիւը կը գերազանցէր հարիւրը։ Բացման խօսքը կատարեց ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեանը, որ նշեց թէ այս առթիւ, նաեւ պիտի նշուի «Հայրենիք»-ի 120-ամեակը։ Օրուան հանդիսավարն էր Հրակ Առաքելեանը։ Զոյգ քայլերգները մեներգեց Տալիտա Կեցոյեանը, իսկ «Մշակ Բանուոր»-ը մեներգեց Մենար Դարբինեանը։
Նաեւ խօսք առաւ եւ ապա աղօթեց շրջանի հովիւ հայր Գաբրիէլ Նազարեանը։ Ան շեշտեց, վերջերս Հայ Դատի արձանագրած յաջողութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ։
Առաքելեան, իր խօսքին մէջ նշեց, թէ այսօրուայ մեր հաւաքուած վայրէն հազիւ ժամ մը պակաս կը գտնուի աշխարհի ամենահին թերթին՝ «Հայրենիք»-ին խմբագրատունը։ Ան վեր առաւ հայ թերթին կարեւորութիւնը, որ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ կը ստեղծէ հետաքրքրութիւն եւ հաւատք։ «Իբեւ Հ.Ե.Դ.-ի անդամներ, մենք կրնանք մեր կարծիքը յայտնել եւ ազատօրէն արտայայտուիլ»։
Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան իր կարգին խօսք առնելով, շեշտեց տեղեկատուական միջոցներուն կարեւորութիւնը, որոնք յատկապէս տարուէ տարի կատարուած արդիականացումով աւելի կը դիւրացնեն աշխատանքը։
«Գաղութէն ներս, Հ.Յ.Դ.-ի պաշտօնաթերթն է, որ հետեւողական կերպով եւ անաչառօրէն կը պաշտպանէ գաղութին իրաւունքները, յատուկ գուրգուրանք կը ցուցաբերէ եւ անշուշտ հայութիւնը յուզող տեղեկութիւն եւ շարունակ տեղեկութիւն»։
Օրուան բանախօսն էր «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժնի նախկին խմբագիր՝ Խաչիկ Մուրատեան, որ յայտնեց թէ այսօր կուսակցութեան մը 129-ամեակը չէ, որ կը նշենք, այլ պատմութիւն կերտած տարիներու կուտակում մը, որոնց մասին անդրդադարձած է «Հայրենիք»-ը։
Մուրատեան հետաքրքրականօրէն խօսեցաւ անծանօթ Կարապետ Մեխտիկեանի մասին, որ Տիգրանակերտ ծնած հայորդի մըն էր, որ մասնակցած է Կարսի ազատագրութեան պայքարին եւ քանի մը տարի ետք իր ոդիսականի կեանքը հասած է Չինաստան, ուր եղած է շրջանի գաղութի հիմնադիրներէն։ Ան իր ներդրումը ունեցած է Հ.Օ.Մ.-ի մասնաճիւղի ստեղծման եւ նոյնիսկ հայերէն գրատան մը կազմակերպման։ «Հոն, հեռաւոր Չինաստանի մէջ, Մեխտիկեան կապ հաստատած է ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի խմբագրատան հետ, ստանալու համար մեսրոպատառ թերթերը։ Անոր դուստրը, որ այսօր 90 տարիքը բոլորած է, եւ այժմ կþապրի Ֆրեզնոյի մէջ, ցայսօր կը յիշէ, թէ հեռաւոր Չինաստանի իրենց տան երդիքէն ներս կը հասնէր այս թերթը», ըսաւ Մուրատեան, որ աւարտին կոչ ուղղեց շարունակ թիկունք կանգնիլ եւ օժանդակել այս պատմական հաստատութիւնը։
Գեղարուեստական յայտագրի ներկայացման եւ ընթրիքի կողքին, տեղի ունեցաւ յատուկ կարկանդակի հատում եւ մոմավառութիւն։ Իսկ այս առթիւ հաւաքուած 3000 տոլարէն աւելի գումարը տրամադրուեցաւ «Հայրենիք»-ին։
ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ
Դեկտեմբեր 10-ին յետմիջօրէին, Ուստըրի «Արամ» Կոմիտէութիւնը նշեց Հ.Յ.Դ.-ի 129-ամեակը, տեղւոյն Սրբոց Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան հանդիսավարն էր դոկտ. Հանրի Թերիօ, որ անդրադարձաւ քաղաքական ներկայ իրադարձութեան, յատկապէս տեղեկութիւններ փոխանցելով Թուրքիոյ մասին։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց, թէ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը շարունակելով, Թուրքիա յաւելեալ պայթուցիկ մթնոլորտ կրնայ ստեղծել։ Շրջանի հովիւ Թորգոմ Չորպաճեան օրհնեց սեղանը։
Օրուան բանախօսն էր Անի Չաղլասեանը, որ յայտնեց,- «1890-ին Թիֆլիսի մէջ հիմնուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան գերագոյն նպատակն էր հայութեան թիկունք կանգնիլն ու անկախութիւն կերտելը։ Չուշացաւ այդ երազը… թէեւ կարճ կեանք ունեցաւ 1918-ին անկախացած Հայաստանը, որ սակայն հիմն է ներկայ Հայաստանին, 70 տարի շարունակ համայնավարութեան լուծին տակ մնալէ ետք։ Մնացինք, դիմադրեցինք եւ դեռ ալ պինդ եւ ամուր պիտի շարունակենք մեր գործը։ 129 տարիէ ի վեր կը գործենք։ Քաջատեղեակ ենք, որ շատ աշխատանք կայ տանելիք, սակայն փախչողը չենք»։
Նախապէս շրջանի Հ.Օ.Մ.-ի անունով խօսք առաւ Քարոլ Ճաֆարեանը, որ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց շրջանին գործունէութեան մասին, իսկ Հ.Ե.Դ.-ի ներկայացուցիչ Ալանա Ուայաթ նշեց, թէ 1974-էն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով Ուստըրի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Ողիմպիականը։ Հուսկ, գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ Շանթ Մասոյեան։