ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱ.- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ելոյթ ունեցաւ ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական համաժողովին: Ան ներկայացուց Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առանցքային խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Երէկ իմ ատրպէյճանցի գործընկերոջ եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ ունեցանք հերթական խորհրդակցութիւնները, հինգերորդը այս տարուան ընթացքին: Այս առնչութեամբ կ՝ուզեմ ընդգծել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առանցքային խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը:
Առաջին. հակամարտութիւնը, որ կը հասցէագրուի միջազգային իրաւագիր եւ աջակցութիւն վայելող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս, խաղաղ կարգաւորմանն այլընտրանք չունի։
Երկրորդ. Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը կը հանդիսանայ խաղաղ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքը եւ հիմքը։ Այս սկզբունքին ճանաչումը կ՝ենթադրէ, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակին որոշումը չի կրնար ենթարկուիլ որեւէ սահմանափակման, որ պէտք է յստակօրէն եւ միանշանակօրէն ընդունուի: «Առանց սահմանափակման» եզրոյթը պարզորոշ կերպով կը մատնանշէ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը ունենալու եւ որոշելու իրենց կարգավիճակը՝ Ատրպէյճանի իրաւասութենէն, ինքնիշխանութենէն եւ տարածքային ամբողջականութենէն դուրս: Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրած շարունակական թշնամական քաղաքականութիւնն ու անկէ բխող գործողութիւնները կը ստեղծեն Արցախի ժողովուրդին համար գոյացական, ֆիզիքական անվտանգութեան սպառնալիք, որ արտայայտուեցաւ նաեւ 2016 Ապրիլին՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած վերջին յարձակումը. այս ամէնը կ՝ընդգծեն Ատրպէյճանի՝ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իրաւասութեան պահանջի ոչ օրինականութիւնը եւ իրականացման անհնարինութիւնը։
Ատրպէյճանը պէտք է ստանձնէ Արցախի մէջ բնակող ժողովուրդի իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող ազատ կամարտայայտման միջոցով առանց որեւէ սահմանափակման իրենց ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման անմիջական պարտաւորութիւն:
Երրորդ․ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ենթակայ չէ զիջման։ Ոչ մէկ պարագայի Արցախի ժողովուրդը պէտք չէ մնայ առանց պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ անվտանգութեան գիծերու։ Չի կրնար ըլլալ որեւէ իրավիճակ, որ ձեւաւորէ Արցախի ժողովուրդի գոյացական անվտանգութեան անմիջական վտանգ, ինչպէս եղաւ 1991-1994 թուականներուն եւ 2016-ին: Այս միտքը առաւել ընդգծելու նպատակով՝ կ՝ուզեմ վկայակոչել Արցախի՝ ներկայիս Ատրպէյճանի գրաւման ներքոյ գտնուող տարածքներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ուր հայերը ենթարկուած են ցեղական զտումներու եւ որոնք այժմ լիովին վերաբնակեցուած են ատրպէյճանցիներով։ Այս իրականութիւնը վերջերս ներկայացուած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման լաւ օրինակ։
Չորրորդ. Խաղաղ կարգաւորումը պէտք է ըլլայ ներառական՝ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն անմիջական ներգրաւումով: Ուստի, Արցախը իր ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներուն միջոցով պէտք է բանակցային գործընթացի անմիջական կողմ ըլլայ: Այս առնչութեամբ մենք կ՝ընդգծենք խաղաղ գործընթացի մէջ, մասնաւորապէս բովանդակային հարցերու մէջ Արցախի ընտրուած ներկայացուցիչներու լիակատար ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը: Հայաստանի կառավարութիւնը երբեք չի դիմեր այնպիսի գործողութիւններու, որոնք կրնան խախտել Արցախի ժողովուրդին` իր սեփական քաղաքական կարգավիճակը ազատօրէն վճռելու իրաւունքը եւ զրկելու անոնց այս գործընթացին նկատմամբ սեփականութեան զգացումէն:
Հինգերորդ․ Հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը այլընտրանք չունի։ Արցախը ունի ինքզինք եւ իր ժողովուրդը պաշտպանելու լիարժէք կարողութիւն։ Հայաստանը կը շարունակէ մնալ Արցախի անվտանգութեան միակ երաշխաւորը։ Խաղաղ կարգաւորումը չի կրնար ընթանալ լարուածութեան եւ վտանգի սանդղայարձակման միջավայրի մէջ։ Հետեւապէս, Ատրպէյճանի, Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ 1994-ի եւ 1995-ի զինադադարի համաձայնագրերը պէտք է խստագոյնս պահպանուին եւ ամրապնդուին։ Վտանգներու նուազեցման մեքենականութիւնները պէտք է ներդրուին, ինչպէս նաեւ հրադադարի խախտումները հետաքննող եւ հրադադարի համակարգման ԵԱՀԿ մեքենականութիւնները, ներառեալ՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման միջոցով։
Վեցերորդ. Պէտք է անվերապահօրէն հաւատարիմ մնալ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման հիմնարար սկզբունքին: Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հրահրուող եւ ուղղորդուող ատելութեան, անհանդուրժողականութեան, այլատեացութեան, հայատեացութեան քաղաքականութիւնը պէտք է դատապարտուի: Պէտք է ջանքեր ներդրուին ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու եւ խաղաղութեան նպաստող միջավայր ձեւաւորելու ուղղութեամբ:
Եօթերորդ. Ատրպէյճանի առաւելապաշտական դիրքորոշումները, որոնք հաշուի չեն առներ Արցախի ժողովուրդին կամքն ու մտահոգութիւնները, խաղաղ կարգաւորման գործընթացի բովանդակային յառաջընթացի հիմնարար խոչընդոտներն են։ Ատոր վկայութիւնն է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու անկարողութիւնը փոխադարձելու Հայաստանի փոխզիջման կոչը։ Յիշեցնեմ, որ Հայաստանի վարչապետը ցուցաբերեց քաղաքական ուժեղ կամք՝ յայտարարելով, որ ցանկացած կարգաւորում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար, որ կը նշանակէ, որ կարգաւորումը հնարաւոր է միայն փոխզիջումներու միջոցով։
Հայաստանը հաւատարիմ է բանակցային գործընթացին եւ պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն աշխատիլ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ, անընդունելի է, երբ Ատրպէյճանի մէջ ներկայ ներքաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ, վերջինս խաղաղութեան գործընթացին համար կը ներկայացնէ նախապայմաններ, որոնք հրապարակուած են նախարարական խորհուրդի նախօրէին շրջանառուած փաստաթուղթին մէջ: Հայաստանը կը մերժէ նման ոչ կառուցողական մօտեցումը:
Անցեալ ամիս մենք ցոյց տուինք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն միջեւ վստահութեան ձեւաւորման համեստ, բայց կարեւոր օրինակ։ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ատրպէյճանէն լրագրողներու փոխանակումը վստահութեան ձեւաւորման եւ կողմերու միջեւ հանրային մակարդակով ներառական երկխօսութեան խոստմնալից օրինակ է։ Մենք պատրաստ ենք յետագային կառուցելու այս փորձառութեան հիման վրայ։ Նաեւ, սահմանագիծի երկայնքով եւ միջպետական սահմաններու մէջ խախտումներու յարաբերականօրէն ցած մակարդակը, ինչպէս նաեւ ուղիղ կապի կիրառումը պէտք է պահպանուի եւ ընդլայնուի։ Այնուհանդերձ, մեզի լրջօրէն կը շարունակէ մտահոգել այն փաստը, որ հակառակ այս միջոցներուն շարունակուած են արձանագրուիլ զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնցմէ հնարաւոր էր խուսափիլ։
Արդէն իսկ ստանձնած յանձնառութիւններու իրականացումը առանցքային նշանակութիւն ունի հիմնախնդրի վերջնական կարգաւորման հեռանկարին ուղղութեամբ վստահութեան ձեւաւորման համար։
Եզրափակելով խօսքս՝ կ՝ուզեմ ողջունել յաջորդ նախագահող երկրին՝ Ալպանիոյ, եւ մաղթել անոր ամենայն յաջողութիւն:
Շնորհակալութիւն»։