Հինգշաբթի Նոյեմբեր 28-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կազմակերպած ամէնամեայ թելեթոնը, որ սկսած էր Երեւանէն, ապա շարունակուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ: «Թելեթոն 2019»-ին նուիրաբերուեցաւ շուրջ 9.856.100 տոլար:
Այս տարուան թելեթոնը կը կրէր «Ես իմ անուշ Հայաստանի» խորագիրը եւ կը նպատակադրէր Հայաստանի Տաւուշ, Լոռի եւ Շիրակ մարզերուն եւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ իրագործել մաքուր ըմպելի ջուրի մատակարարում ու արեւային համակարգով ջեռուցումի եւ ելեկտրականութեան հայթայթում:
Կիրակի՝ Նոյեմբեր 24-ին, տեղի ունեցաւ 2019-ի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Եւրոպական ֆոնեթոնը, որ անցեալ տարիներուն նման ունեցաւ ակնկալուած յաջոութիւն եւ ժողովրդային լայն մասնակցութիւն։ «Ես իմ անոյշ Հայաստանի, կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն» բնաբանով մեկնարկած դրամահաւաքէն, Եւրոպայի տարածքին կարելի եղաւ ապահովել 1.226.201 եուրօ: