ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆԻ «ԵՐԱԶԷՆ ԱՆԴԻՆ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

ՊԷՅՐՈՒԹ․- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, 7 փետրուար 2019-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» բանաստեղծութիւններու Ա. եւ Բ. հատորներու շնորհահանդէսը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ժագ Յակոբեան, որ անդրադարձաւ բանաստեղծութեան արժէքաւոր արտայայտչաձեւ ըլլալու իրականութեան` շեշտելով, որ հայութեան համար եւս մեծ կարեւորութիւն ունեցած է գրական այս ոճը: Ան անդրադարձաւ Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին նպատակներէն մէկուն` սփիւռքահայ գիրին ու գրականութեան հաւատացողներուն կողքին կանգնիլ, անոնց աշխատանքը հանրութեան ներկայացնել` նշելով, որ այդ ծիրին մէջ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը:
Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Տիգրան Ճինպաշեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ընդհանրապէս ազգի մը ինքնութեան ամէնէն էական յատկանիշները լեզուն ու մշակոյթն են, իսկ հողէն զրկուած հայութեան համար միայն ոգեկան հայրենիքի մէջ կ՛իրականացնենք մեր ազգային գոյատեւումը, իսկ այդ հայրենիքի ստեղծման եւ կենսագործման լծուած է Համազգայինը: Ան շեշտեց, որ մշակութային զանազան բնագաւառներու համար միութիւնը յառաջացուցած է համապատասխան մարմիններ, սակայն պարագան նոյնը չէ գիր-գրականութեան, որ անհատական ստեղծագործութեան ազդակ է եւ անոր ծաղկումը կը կարօտի խթանող միջավայրի, որ այսօր դադրած է գոյութիւն ունենալէ: Ըստ Տիգրան Ճինպաշեանի, արտայայտուելու եւ իր ներքին ձայնը թուղթին յանձնելու փափաք ունեցողներն ու ընթերցողները հազուագիւտ սկսած են դառնալ սփիւռքի եւ մասամբ Հայաստանի մէջ, իսկ մեզի կը մնայ մխիթարուիլ այն քիչերով, որոնք կը շարունակեն գրել, ստեղծագործել, արարել: Ան շեշտեց, որ բանաստեղծութիւնն է, որ կը խմբագրէ ու կենդանի վկայութեան կը վերածէ յոյզեր, դէպքեր, վիճակներ` աւելցնելով, որ ներշնչումի ձայնին սեղմ տողերով արձագանգելու արարքը կը վանէ անկարեւորը, մանրամասնութիւնը եւ կը պահէ զտարիւն հիմնականն ու էական խօսքը. «Էական խօսքի մատուցող մըն է Խաչիկ Տէտէեանը, որ քերթողական երեք մատեաններու, մամուլին մէջ ցրուած թէ անտիպ բանաստեղծութիւններու մէկտեղումով մեր ըմբոշխնումին կը մատուցէ համադրական երկու հատորներ` «Երազէն անդին» խորագիրով», եզրափակեց ան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles