ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ԱԼԻՍ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆՆԵՐ` ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 10ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ

0 0
Read Time:1 Minute, 46 Second


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահութիւնը ստանձնած են Աւստրալիայէն տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեանները։
Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեան ամոլը ծանօթ ու ճանչցուած անուն մըն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին ու յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ շրջանին համար։
Սարգիս Տէր Պետրոսեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ է։ 1999-2007, ան երկու շրջան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։ Արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին՝ 12 Հոկտեմբեր 2013-ին։ Ան արժանացած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանին՝ 6 Դեկտեմբեր 1995-ին։
Եղբ. Սարգիս Տէր Պետրոսեան ծնած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) եւ փոքր տարիքէն անդամակցած է «Կամք Մարմնամարզական եւ Հայ Հետազօտիչներու Ընկերակցութեան Ակումբ»ին (այժմ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»), իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ, բարձրանալով սկաուտական գրեթէ բոլոր աստիճանները, մինչեւ խմբապետութիւն, միաժամանակ հետեւելով կարգ մը մարզաձեւերու։ 1964-ին, ան կը տեղափոխուի Աւստրալիա եւ կը հաստատուի Սիտնիի արեւելեան շրջանը։ Կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սիտնիի այդ օրերու նորակազմ մասնաճիւղին, որ ներկայիս կը կոչուի «Անդրանիկ» մասնաճիւղ։ 1968-ին կը կազմէ ընտանեկան իր բոյնը՝ Ալիս Միրզայեանի հետ։ Կը բախտաւորուին երկու զաւակով՝ Մակի եւ Աւօ, կը հարստանան երեք թոռներով։
1965-1981, Սարգիս Տէր Պետրոսեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Անդրանիկ» մասնաճիւղին մէջ ստանձնած է վարչական եւ յանձնախմբային պատասխանատու զանազան պաշտօններ։ 1981-ին, Սիտնիի արեւելեան շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբ մը եղբայրներու հետ կը հիմնէ «Կամք» մասնաճիւղը եւ կը յաջողի հաւաքավայր մը ապահովել մասնաճիւղի աշխատանքներուն համար։ Ան երկար տարիներ ձեռնահասօրէն կը վարէ «Կամք» մասնաճիւղի ատենապետութեան պաշտօնը եւ 1995-1997 կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։
Եղբ. Տէր Պետրոսեան ջերմ ջատագովը եղած է ու կը մնայ նորահաս սերունդի հայապահպանութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան անփոխարինելի աւանդին, իր կնիքը դրոշմելով Համազգայինի Գոլստըն Ճեմարանի ազնուասիրտ բարերարներու շարքին։
Տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն նախագահութիւնը ստանձնելով պատուաբեր նոր էջով մը կը հարստացնեն իրենց միութենական նուաճումները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles