Արցախի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 30-ին Մարտունիի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովուրդի հետ խմբակցութեան պատգամաւորներուի հերթական հանդիպումը: Ներկայ էին Արցախի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանը, խմբակցութեան անդամներ Դաւիթ Իշխանեանը, Լեռնիկ Յովհաննիսեանը: Պատգամաւորներուն կ՛ընկերակցէր Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանը:
Տեղացիներին շնորհաւորելով աշխատաւորներու միջազգային տօնը, նաեւ յառաջիկայ Մայիսեան տօներու կապակցութեամբ, Դաւիթ Իշխանեանը նշեց, որ հանդիպումը նպատակ ունի ներկայացնելու Արցախի Ազգային ժողովի եւ մասնաւորապէս «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան վերջին վեց ամիսներու գործունէութիւնը: Նախապէս, հանդիպում մը կայացած էր Հոկտեմբերին:
Դաւիթ Իշխանեանը ներկայացուց Արցախի Ազգային Ժողովի կատարած աշխատանքները, վերջերս ընդունուած օրինագծերը, նաեւ անոբց վերաբերեալ խմբակցութեան դիրքորոշումը: Պատգամաւորը ներկայացուց նաեւ մինչ այդ հարցերու լուծման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները, պատասխանեց ներկաներուն յուզող հարցերուն:
Այս հանդիպման աւարտին կայացաւ համերգ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան սիրուած երգիչներ՝ Մկրտիչ Մկրտչեանը, Արսէն Գրիգորեանը եւ «Մենք ենք մեր սարերը» ազգագրական երգի-պարի պետական համոյթը: