ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ ՀԱԼԷՊ ՔԱՂԱՔԻ

0 0
Read Time:1 Minute, 54 Second

 

ԹԱԳՈՒՀԻ ԱԹՈՔԵԱՆ

Հալէպ

Դեկտեմբեր 30, 2016

Ընդհանրապէս  ուրախ մթնոլորտի մէջ չենք զգար թէ ինչպէս կը սահին ժամերը: Յաճախ  ժամանակը կը հասնի իր աւարտին եւ մենք տակաւ կ’ուզենք շարունակել մեր հաճելի ժամանցը եւ  չենք ուզեր բաժնուիլ այդ ուրախ մթնոլորտէն. իսկ ընդհակառակը վշտալի եւ տառապալից օրերը կ’երկարի՜ն եւ կ’երկարի՜ն այնքան՝ որքան ամենակարճ ժամանակամիջոցը մեր աչքին կը վերածուի ամիսներու, տարիի: Եւ ահա այդ վիշտը մարդուն մէջ կը գերազանցուի, կը մեծնայ, հոգին կը կրծէ, սիրտը կը հալեցնէ:

Այդպէս էր վիճակը Հալէպի մէջ պատերազմական օրերուն: Կ’երկարէին տագնապի այդ օրերը կրկնապատկելով իւրաքանչիւր անհատի վիշտը, ցաւը, տառապանքը: Եւ մենք՝ մեր վիշտը, տառապանքը մեղմացնելու համար, կառչած կը մնայինք օրուան հեռատեսիլի լուրերուն, հարցազրոյցներուն, գուցէ իմանայինք մեզ հետաքրքրող լաւ լուրեր՝ Սուրիոյ պատերազմական վիճակի փոփոխման եւ Հալէպ քաղաքի ազատագրման մասին: Կը յուսայինք, որ կողմերու մէջ որոշ համաձայնութենէ ետք, պատերազմը վերջ պիտի գտնէ. բայց մէկուն կամ միւսին կողմէ համաձայնութեան խախտումով՝ վիճակը կրկին կը բարդանար եւ ահա կը սկսէր հրթիռներու տարափը իջնել ժողովուրդին վրայ, մահ սփռելով ամենուրեք, վիրաւորներ տարածելով չորս դին:

Ահա այսպիսի ողբալի միջավայրի մէջ, չորս երկար տարիներ տոկացինք կամայ-ակամայ: Յաճախ տեսակաւոր զէնքերու, հրթիռներու եւ օդանաւերու ձայնէն կարելի չէր քնանալ: Երբեմն ապահովելու համար մեր կեանքը կ’անցնէինք տան ներքին սենեակները որոշ ժամանակ. ասոր կու գային միանալու կեանքի դժուարութիւնները, կենսական միջոցներու չգոյութիւնը՝ ելեքտրականութիւն, ջուր, համացանցի անկայունութիւն, սնունդի պակաս եւայլն: Մեծ թիւով տուներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ դարձան փլատակ. շատ մը ընտանիքներ մնացին անտուն, անօթեւան. ուստի պարտադրուած դիմեցին արտագաղթի: Հայութեան մեծամասնութիւնը ճամբորդեց եւ հայ գաղութը Հալէպի մէջ՝ նօսրացաւ:

Բնական է կեանքի այս դժուար պայմաններէն ետք, կեանքի ամենաչնչին փոփոխութիւնը  պիտի փոխէ մարդոց հոգեկան վիճակը եւ անոնք աւելի լաւ տրամադրութեամբ պիտի  դիմաւորեն կեանքը:

2016 թուականի վերջին ամիսներուն լիայոյս էինք, որ Հալէպ քաղաքը պիտի ազատագրուի: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Դեկտեմբեր ամսուն վերջընթեր շաբթուն էր, որ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ թէ Հալէպ ազատագրուեցաւ:

Ամբողջ չորս տարիներ ժողովուրդը զրկուեցաւ տօնական օրերու վայելքէն: Յատկապէս ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ՝ կարգ մը շրջաններու մէջ, մարդիկ անցուցին  գրեթէ խաւարի մէջ: Ուստի 2016 տարուան վերջաւորութեան՝ տօնական օրերուն համայն ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց Հալէպ քաղաքի ազատագրումը: Ազիզիէյի մայր հրապարակին վրայ զետեղուեցաւ ամանորեան տօնածառը, որուն լուսաւորումը կատարուեցաւ ժողովրդային հոծ բազմութեամբ, ներկայութեամբ՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու:

Մեծ է խանդավառութիւնը ժողովուրդին, մանաւանդ որ Հալէպի ազատագրումը կը  զուգադիպի երկու մեծ տօներուն՝ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ:

Այս առիթով կը շնորհաւորեմ Հալէպ քաղաքի ազատագրման յաղթանակը, որ շնորհեց հալէպահայութեան կեանքի ազատութիւն եւ հանգիստ ապրելակերպ:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles