Յունուարի ցուրտ ձմեռ օր մըն է: Կը յայտարարեն, որ օդը ապականած է, կը թելադրեն տունէն դուրս չգալ եւ օրը քանի մը անգամ ձեռքերը օճառով լուալ:
Արմենակ ձեռքերը օճառով կը լուայ, բայց կը մերժէ տնարգելութեան ենթարկուիլ: Կ’ըսէ, որ ան բանտ է, առանց պետական գանձին վրայ բեռ ըլլալու:
Հիմա այցի կու գայ մէկի փոխարէն երկու անգամ: Մենք ալ աշխարհէն լուր կ’ունենանք: Յոգնողը Էլպիսն է, որ օր մը անուշապուր, ուրիշ օր մը ձէթով ճաշ կը բերէ: վարժուած է «թաւուք կէօքսիւ» պատրաստել, Արմենակ այդ ալ հայացուցեր է եւ կ’ըսէ կրծքանուշ: Ինչո՞ւ լեզուաբան եւ ակադեմիկոսներ զինք չեն հրաւիրեր եզրաբանական կոմիտէ: «Լեզուն կը յառաջդիմէ»ի տեսաբանները կ’ըսեն՝ «տերմինաբանական»:
Այսօր օրակարգ էր կրծքանուշը: Ճաշակեցինք: Արմենակ ինքնիրեն ժամանակ չտուաւ դգալը թաթխելու պնակին մէջ եւ տոպրակէն հանեց իր խիթի լեղաթթուն:
– Ընկեր-բարեկամէ կաղանդի քարտեր կը ստանամ նամակատան ճամբով կամ համացանցով: Խիղճ չէ մնացեր: Ամէնքն ալ Շէքսփիր դարձեր են եւ անգլերէն կը գրեն: Յոռեգոյնը՝ լատինատառ հայերէն: Գիր, գրականութիւն, մամուլ, ձայնսփիւռ, հեռատեսիլ անգլերէն կամ ֆրանսերէն դարձուցին, ճամարտակելով՝ որ օտարները պէտք է հասկնան ինչ որ կ’ըսենք: Հիմա մեր Նոր Տարին ալ կը շնորհաւորեն լատինատառ հայերէնով: Ուրեմն մարդիկ հայերէնը չեն մոռցած, այբուբենը մոռցած են: Մեր յոյսը պէտք չէ կտրենք, աւելի դիւրին է երեսուն վեց գիր սորվեցնել քան ամբողջ լեզու մը:
– Հետաքրքրուեցա՞ր, թէ ինչու հայկական ժողովներու մէջ անգլերէն կամ ֆրանսերէն կը գրուին որոշումները,- հարցուցի Արմենակին:
– Քու բարեկամներդ են, դուն հարցուր, թէ ինչո՞ւ հայ դպրոցին գրատախտակին վրայ գրուած հայ կարեւորներուն բարի գալուստի խօսքը անգլերէն կը գրուի, ոչ միայն Ամերիկայի մէջ, այլ հայութեան բաբախող սիրտ համարուող համայնքներու մէջ, եւ այդ գրուածին առջեւ կը նկարուին անմահութեան համար,- ըսաւ Արմենակ:
– Արմենակ, շունչ մի՛ հատցներ: Հինցած ես: Դուն կրցա՞ծ ես հասկնալ, թէ ինչո՞ւ հայ դեսպանը մեր ազգային տօնին հայ եւ օտար հիւրերուն անգլերէն կը խօսի արաբական երկրի մէջ: Եթէ արաբերէն խօսէր, կրնար արդարանալ: Իսկ եթէ հայերէն խօսէր եւ թարգմանել տար՝ կը մեծնար եւ յարգելի կ’ըլլար:
Զրոյցը կրնար շարունակուիլ, եթէ Էլպիս խստութեամբ չ’ըսեր.
– Մարդս մազոխական է, անկարելի բաներու համար շունչ կը հատցնէ: Մակա՛ր, մեղք է քեզի: Քեզ ալ վարակեր է: Ձեր կրծքանուշը կերէ՛ք, ուրիշներ անով կրնային երջանկանալ:
Մակարուհին կարծիք չյայտնեց: Խորհրդակցա՞ծ էր Էլպիսի հետ:
Կեդրոնականցի «կուրու»ն կրծքանուշին ձեռք զարնելէ առաջ եզրակացուց.
– «Լըվանթէն»ներու եւ կօշիկ փայլեցնողներու փողկապները եթէ վերցնենք, կը յայտնուին ազգը եւ անոր լեզուն ջարդող անյայտ ծագումով ենիչէրիներ:
Մակար ի Գաղիա
Յունուար 1, 2017