ՌԷՅՍԻՆԻ ՄԷՋ 101-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

0 0
Read Time:59 Second

Ani-Saryan-ANC-of-WisconsinՌէյսինի փոքր գաղութը քանի մը մը ձեռնարկներ կազմակերպեց, նշելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակը:
Ապրիլ 3-ի կազմակերպուած հաւաքին կիզակէտն էր Ապրիլ 2-ին ծայր առած յարձակումները, Արցախի վրայ: Տեղւոյն «Մարզպետ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Զոհրապ Խալիկեան, կոչ ուղղեց ներկաներուն, ամէն գնով գործակցիլ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած քարոզչական the #StopAliyev արշաւներուն:
Ապրիլ 10-ին կազմակերպուած նախաճաշին, յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Արցախի դէպքերուն մասին: Ապրիլ 16-ին, աւելի քան երկու հարիւր ներկաներ ժամանած էին տեղւոյն յոյն ուղղափառ եկեղեցին, ուր շրջանի հովիւներու ներկայութեամբ, կատարուեցաւ Սուրբ Պատարագ: Խօսք առաւ Ուիսքանսընի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Անի Սարեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Թուրքիա պատասխանատու է Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան, եւ շեշտեց թէ Թուրքիա կը շարունակէ հետապնդել հայահալած ծրագիրն ու նպատակները: Արցախին մասին անդրադառնալով , ան ըսաւ, թէ չորս օրուան պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ թուրք-ազերի գործակցութիւնը յստակ է եւ թէ միեւնոյն մարտավարութիւնը պիտի շարունակուի:
Ապրիլ 19-ին, կազմակերպութեամբ Ուիսքանսընի Հայ Դատի յանձնախումբին, Մետիսընի քաղաքապետարանին մէջ, տեղի ունեցաւ հաւաք, որուն ընթացքին խօսք առին տեղացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Rep-Peter-Barca-D-Kenosha
Rep-Dan-Reimer-D-Milwaukee
Ներկայացուցիչներ Փիթըր Պարքա (Դեմոկրատական – Քենոշա) եւ Տան Ռայմըր (Դեմոկրատական – Միլուոքի), իրենց խօսքին մէջ անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, որպէսի կարելի ըլլայ կանխել կատարուող այլ ցեղասպանութիւններ:
Ապրիլ 23-24-ին տեղի ունեցաւ աղօթք եւ Սուրբ Պատարագ, կատարողութեամբ շրջանի հովիւ Տարօն Ստեփանեանի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles