«Օրօրա» Մրցանակը Շնորհուեցաւ Պուրունտիցի Մարկարիթ Պարանքիցէին

0 0
Read Time:49 Second

P3 AURORA

ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 24-ին կատարուած, յատուկ հաւաքով մը, «Օրօրա» մրցանակը շնորհուեցաւ պուրունտացի մարդասէր Մարկարիթ Պարանքիցէին` այն բացառիկ ազդեցութեան համար, որ ան ունեցած է Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն` փրկելով հազարաւոր կեանքեր եւ խնամելով որբերն ու գաղթականները:
«Օրօրա» մրցանակի յանձնումի արարողութեան ժամանակ մրցանակը Պարանքիցէին յանձնեց ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, ճանչցուած հոլիվուտեան դերասան Ճորճ Քլունին:
«Օրօրա» մրցանակը «100 LIVES»-ի նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրիգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի մարդասիրական ձեռնարկն է, որ կը շնորհուի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու անունով, իբրեւ երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք երկարեցին հայ ժողովուրդին: Մրցանակին պիտի արժանանայ մերօրեայ այն հերոսը, որ կ՛օգնէ մարդոց` անձնուիրաբար եւ բացառիկ ջանքերով:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին շնորհուեցաւ նաեւ «Սկզբունքային լրագրութիւն» խրախուսական մրցանակը, որ ճշդուած է Լրագրողներու միջազգային կեդրոնի (ICFJ) եւ «100 LIVES»-ի նախաձեռնութեան կողմէ: Մրցանակը տրուած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի թղթակից Ռուքմինի Քալիմաքիին` մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճիրները բացայայտելու գործին մէջ ցուցաբերած բացառիկ նուիրումին համար:
Մրցանակի դափնեկիրը ստացաւ հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու կարելիութիւն` մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհի ներկայացնելով իրեն ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւնները:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles