ՊՈԼԻՍ.- Մարտ 25-ին, Թուրքիոյ կառավարութեան մէկ յատուկ մէկ որոշումով, պետականացուցած է Տիգրանակերտի (Տիարպէքիր) պատմական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Շրջանէն ներս պատմական բազմաթիւ, այլ կառոյցներ նոյն ճակատագրին ենթարկուած են: Այս որոշումը կապ ունի, ներկայ ապահովական կացութեան հետ:
Պետականացուած կալուածներու շարքին են նաեւ ասորական, քաղդէական եւ աւետարանական եկեղեցիներ: Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի մշակութային ժառանգութեան գրասենեակի նախագահ Նեւին Սոյլուքայանի հետ, որ իր կարգին յայտնած է, թէ Տիգրանակերտի Սուրբ շրջանի մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն եւ հիմնադրամներուն պատկանող տարածքներուն պետականացման որոշումը տրուած է: Սոյլուքայան տեղեկացուց, թէ անհրաժեշտ է, որ սեփականատէրերը դատական գործընթացի սկսին: Թուրքիոյ մէջ 2008-ին, նոր օրէնքներու թոյլտւութեամբ, Տիգրանակերտէն հեռու ապրողներու ալ վարչական ընտրուելու արտօնութեամբ, Պոլսոյ մէջ կազմուած էր Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնարկը: Վարչութիւնը պատրիարքարանին հետ խորհրդակցելէ ետք, որոշած էր 1992¬ին տանիքն ալ փուլ եկած եկեղեցին վերանորոգել եւ զայն կորսուած մօտաւորապէս երկու հազար եկեղեցիներուն ցանկին վրայ չաւելցնել: Այս գծով, առնուեցան համապատասխան քայլեր եւ կազմուեցաւ շինութեան ծրագիրը` ամբողջութեամբ պահպանելով կառոյցի նախկին տեսքը: Շուտով գրանցուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ յուշարձաններու խորհուրդին կողմէ: Եկեղեցւոյ շինութեան արժէքն է երկու միլիոն չորս հարիւր հազար տոլար, իսկ զանգակատունը` երկու հարիւր յիսուն հազար տոլար: Եկեղեցին վերականգնած էր շնորհիւ, տարբեր երկիրներէ ստացուած օգնութեանց: Վերականգնումի աշխատանքներուն համար շուրջ երկու միլիոն թրքական լիրա ծախսուած է:
Read Time:57 Second