Հ.Հ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ԵՒ … ԱՐԽԻՒՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 19 Second

img_9165

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Երկուշաբթի, Մարտ 28-ի երեկոյեան, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց «Հայրենիք»ի շէնք: Նախքան, Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք միջուկային անվտանգութեան խորհրդաժողովին մասնակցելու, ան քանի մը օրով որոշած էր այցելել Մասաչուսէց:
Նախագահական պատուիրակութեան դիմաւորեցին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն, «Հայրենիք»ի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիրներն ու անձնակազմը, շրջանի Հայ Երիտասարդաց Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, Պոսթընէն, Փրովիտենսէն, Լօուըլէն եւ Ուսթըրէն Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-էն եւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութենէն եւ շրջանի մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ, յարանուանութեան ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ:

լուսանկարներ՝ Էրին Սփանիոլոյի
լուսանկարներ՝ Էրին Սփանիոլոյի

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական դիմաւորեց Նախագահ Սարգսեանն ու իր պաշտօնական պատուիրակութիւնը: Առաջին հանգրուանն էր, «Հայրենիք»ի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագրատունը, ուր կարճ զրոյց մը ունեցաւ խմբագրութեան եւ անձնակազմին հետ:
Ապա նախագահը այցելեց Հ.Յ.Դ.-ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւները, ուր պատասխանատու փրոֆ. Ասպետ Քոչիկեան հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ թուայնացման գծով առաջարկներ եւ գաղափարներ փոխանցեց: Ապա 1918-ի Հայաստանի անկախութեան հռչակման պատճէն մը նուիրեց նախագահին:
Ապա պատուիրակութիւնը բարձրացաւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակ, ուր ընկ. Հայկ Օշական բարի գալուստ մաղթեց: Ան յայտնեց թէ յիշատակելի է այս օրը, նկատի ունենալով որ պատմական Պոսթընը, տեղւոյն Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընտանիքն ու 117-ամեայ «Հայրենիք»ը իրենց երդիքին տակ հիւրընկալած են Հայաստանի նախագահը: Օշական յայտնեց թէ «Հայրենիք»ի շէնքը փաստն է տեղւոյն հայութեան ոյժին եւ ազգային հաւատքին: Այս առթիւ, Օշական յուշանուէր մը փոխանցեց նախագահ Սարգսեանին, որ 1919-ի պատմական լուսանկար մըն է, ուր Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն պատուիրակութիւն մը այցելած էր Պոսթըն: Օշական յոյս յայտնեց, որ այս նկարը պիտի փաստէ Սփիւռքահայութեան դիմադրականութիւնն ու բերկրանքը:
Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ յաջողութեան մաղթանքներ ուղղեց:
Այս առթիւ, Հայկ Օշական Սարդարապատ թանգարանի ղեկավար Կարէն Արիստակեսեանի կողմէ ձօնուած «Երուանդ Լալայեան» մետալը յանձնեց շրջանի ընկերներէն՝ Զոհրապ Թազեանին, Մուսա Լերան հերոսամարտի հարիւրամեակին առթիւ:
Ապա, նախագահ Սարգսեան, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին փոխանցեց հին հայկական դրամներ, որոնց վրայ փորագրուած էին խաչքարեր եւ վանքերու տեսարաններ:16475_b
Նախագահական պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Կրթութեան նախարար՝ Լեւոն Մկրտչեանէ, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանէ, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանէ, Նիւ Եորքի Մ.Ա.Կ.-ի մօտ ներկայացուցիչ՝ Զոհրապ Մնացականեանէ, Լոս Անճելըսի մօտ Հ.Հ. հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսովէ, եւ Վիգէն Սարգսեանէ: Այս պատուիրակութեան միացած էին նաեւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Բարեջան Առաջնորդներ՝ Օշական Արք. Չօլոյեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմ) եւ Խաժակ Արք. Պարսամեան (Էջմիածնական թեմ):16478_b
Իսկ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշականի կողքին, ներկայ էին նաեւ անդամներ՝ Ժան Աւետիսեան, Խաժակ Մկրտիչեան, Յովսէփ Աւագեան, Լեւոն Աթթարեան եւ գործավար Մարալ Չօլոյեան: Տեղի ունեցաւ դռնփակ նիստ, որուն ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր:
Սարգսեան ժամանած էր Պոսթըն, Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակին առթիւ: Ան շարունակեց իր այցելութիւններու շարքը եւ Հինգշաբթի Մարտ 31-ին մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, մասնակցելու համար միջուկային անվտանգութեան խորհրդաժողովին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles