ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ («Հայրենիք»).- Մարտ 26-ին, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար՝ Հրանոյշ Յակոբեան եւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, հանդիպում մը ունեցան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յովսէփ Աւագեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Վահէ Թանաշեանի հետ:
Այս հանդիպման ընթացքին, նախարար՝ Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց, Հ.Յ.Դ.-ի կատարած դերին: Ան նաեւ նշեց, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կատարած դերը Հայաստանէն ներս, իր կազմակերպած բանակումներով, հաւաքներով եւ մարզական եւ սկաուտական բնոյթ ունեցող ձեռնարկներով:
Արծարծուեցաւ նաեւ Սուրիահայ գաղթականներուն իրավիճակը, յատկապէս Հայաստանէն ներս, ուր կը շարունակուին օժանդակութիւններ կատարուիլ:
Read Time:32 Second