ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ .- Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Հայրենիք» այցելութեան առթիւ, «Սարդարապատ» թանգարանի ղեկավար Կարէն Արիստակեսեանի կողմէ «Երուանդ Լալայեան» մետալը յանձնուեցաւ ընկ. Զոհրապ Թազեանին, Մուսա Լերան հերոսամարտի հարիւրամեակին առթիւ:
Մետալը ստանալու ժամանակ, Զոհրապ Թազեան խոր շնորհակալութիւններ յայտնեց նախագահ Սարգսեանին, «Սարդարապատ» թանգարանին եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին:
«Առաջին հերթին երախտապարտ կը զգամ, ապա հարց կու տամ թէ արդեօք շահա՞ծ եմ այս մետալը, իսկ երկրորդ՝ կը կարծեմ թէ դեռ շատ գործ ունիմ: Կը զգամ թէ պարտականութիւնս պէտք է որ շարունակեմ», յայտնեց Թազեան, որ Հայաստանի մէջ կառուցուած Մուսա Լերան յուշահամալիրին համար, յիշատակելի ներդրում կատարած էր:
Ան յայտնեց թէ, երիտասարդ տարիքին կորսնցուցած է իր հայրը, եւ այդ կացութիւնն ու պայմանները աւելի ազդած են որ, ան կատարէ իր ազգային պարտաւորութիւնները:
Read Time:36 Second