ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆ ՌԻՉԸՐՏ ՄԻԼԶ ԱՅՑԵԼԵՑ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second

prel1prel2Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ այցելեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջան եւ ունեցաւ հանդիպումներ՝ Նիւ Եորքի, Պոսթընի եւ Ուաշինկթընի գաղութներուն հետ:
Նիւ Եորքի մէջ, դեսպան Միլզ այցելեց Մեծի Տան Կիլիկիոյ Թեմի Սուրբ Լուսաւորիչ եւ Էջմիածնական Թեմի Սուրբ Վարդան եկեղեցիները, ուր հանդիպումներ եւ տեսակցութիւններ ունեցաւ, յաջորդաբար Բարեջան Առաջնորդներ՝ Օշական Չօլոյեանի եւ Խաժակ Պարսամեանի հետ:
Համայնքին հետ տեսակցութիւններն ալ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին:

992a7d0a-cb52-439a-be56-b51f433c0c6162258aee-025b-48b6-8808-111aecdc9a1129d674d8-bf84-42fc-b8f4-65f58a0cce37



Պոսթընի մէջ,

 

 

 

համայնքին հետ տեսակցութիւնը կատարուեցաւ Քէյմպրիճի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Իր խօսքին մէջ, դեսպանը առաւելաբար ծանրացաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան մասին նշելով մասնաւորաբար կարեւոր սկզբունքներու կիրառման անհրաժեշտութեան ու պետական շրջանակներու թափանցիկ աշխատանքային դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ՝ տարածաշրջանի կայունութեան անհրաժեշտութեան, դրացի սահմանակից երկիրներու հետ բարի յարաբերութիւններ պահելու հրամայականին:
Միլզ յատուկ կարեւորութիւն տուաւ առեւտրական ու տնտեսական փոխյարաբերութիւններու անհրաժեշտութեան վրայ, Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ, նոր գործարարներուն առիթ տալու, որպէսզի նորուժ մատակարարուի Հայաստանի տնտեսական աշխարհին:
Միլզ նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակի կաշառակերութեան եւ ապականութեան մասին, որ ի վերջոյ ան պիտի ունենայ իր բացասական ազդեցութիւնը ժողովուրդին բարօրութեան ու տնտեսական բնականոն յառաջխաղացքին ու աճին վրայ:
Նաեւ դեսպանը անդրադարձաւ այն դրական ներդրումներուն մասին, որ իր կառավարութիւնը կը ջանայ կիրառել հայրենիքէն ներս, ինչպէս ջրաբաշխութեան լուրջ ծրագիրները, մշակութային արժէքներու պահպանումը՝ Ուաշինկթընի Սմիթսոնեան հաստատութեան հետ, երիտասարդութեան ընդհանրապէս Արեւմուտքի արժէքներն ու չափանիշերը ծանօթացնելու գործը:
Ցոյց տրուեցաւ տեսաներիզ մը, իր անցնող մէկ տարուան գործունէութեան մասին, սկսելով իր անդրանիկ այցելութենէն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպում Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ, նաեւ հետեւողական հանդիպումներ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, վարչապետին եւ այլ քաղաքագէտներու հետ:
Դեսպան Միլզ ազգային հարցերուն բաւական քաջածանօթ է, եւ հարազատօրէն բաժնէ իր ցաւերն ու մտահոգութիւնները: Արցախի հիմնահարցին մասին խօսելով, ան ընդգծեց երկխօսութեան ճանապարհն ու պաշտօնական արձանագրութեանց կիրառումին անհրաժեշտութիւնը: Դեսպան Միլզ կ’աւարտէ շրջանէն ներս այցելութիւնը՝ Ուաշինկթընի մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles