ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- Հ.Յ.Դ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՌԱՅՈՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 53 Second

Հ.Յ.Դ.Բիւ­րո­յի հրա­ւէ­րով՝ Շա­բաթ, Նո­յեմ­բեր 14, 2009-ին, Փա­րի­զի Ալ­ֆոր­վիլ շրջա­նին մէջ գու­մար­ուե­ցաւ Հ.Յ.Դ.Եւ­րո­պա­յի մար­մին­նե­րու Ռա­յո­նա­կան ժո­ղո­վը: Ներ­կայ գտնուե­ցան Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հրանդ Մար­գար­եան եւ ան­դամ­ներ Մկրտիչ Մկրտիչ­եան ու Լե­ւոն Մկրտչեան, ինչ­պէս նա­եւ Հ.Յ.Դ.Ֆրան­սա­յի, Հո­լան­տա­յի, Պել­ճի­քա­յի, Գեր­ման­իոյ, Աւստր­իոյ, Շուէ­տի, Յու­նաս­տա­նի, Կիպ­րո­սի, Պուլ­կար­իոյ, Իտալ­իոյ, Անգլ­իոյ եւ Երու­սա­ղէ­մի մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ պա­տաս­խա­նա­տու այլ ըն­կեր­ներ:

Ժո­ղո­վի օրա­կար­գին վրայ էր Հա­յաս­տան-Թուրք­իա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման գծով ստո­րագր­ուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ իրա­կա­նա­ցուող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան քննար­կու­մը, ինչ­պէս նա­եւ ըն­թա­ցիկ ընե­լիք­նե­րու հար­ցը:

Ժո­ղո­վին ներ­կայ եղող Եւ­րո­պա­յի կու­սակ­ցա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը վճռա­կա­մօ­րէն եւ մի­ա­ձայ­նու­թեամբ վե­րա­հաս­տա­տե­ցին իրենց մեր­ժո­ղա­կան կեց­ուած­քը ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ, ար­ժե­ւո­րե­ցին կա­տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քը եւ ճշդե­ցին յա­ռա­ջի­կա­յի գոր­ծու­նէ­ու­թեան թի­րախ­նե­րը:

Յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան առար­կայ դար­ձաւ ար­տա­քին թէ նե­րազ­գա­յին ուղ­ղու­թեամբ տա­րուող քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ծա­ւա­լու­մը:

Ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը հաս­տա­տե­ցին, թէ ներ­կայ իրա­վի­ճա­կին մէջ պէտք է յա­ւել­եալ թափ տալ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ ապա­հո­վել հա­յան­պաստ հա­սա­րա­կա­կան կար­ծի­քի ձե­ւա­ւո­րումն ու ար­տա­յայ­տու­մը: Շեշտ­ուե­ցաւ, որ որե­ւէ պա­րա­գա­յի պէտք չէ թոյլ տալ, որ հայ­կա­կան մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը խախտ­ուի եւ պա­ռակ­տում յա­ռա­ջա­նայ հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի մի­ջեւ:

Ժո­ղո­վը ար­ձա­նագ­րեց, որ ծա­ւա­լե­լով մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քը՝ Թուրք­ի­ան պէտք է հա­մոզ­ուի, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ նման ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ստո­րագր­ման փաս­տէն ան­կախ, ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ խու­սա­փիլ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թե­նէն:

Քննար­կում­նե­րու նիւթ դար­ձան նա­եւ յա­ռա­ջի­կայ աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մադր­ման հար­ցեր եւ որոշ­ուե­ցաւ նմա­նօ­րի­նակ հան­դի­պում­ներ կրկնել պար­բե­րա­բար:

Հ.Յ.Դ.

ՄԱՄ­ԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

Ալֆորվիլ, Ֆրանսա

Նոյեմբեր 14, 2009

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles