ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Երեքշաբթի, Յունուար 26-ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին, Արցախի վերաբերեալ երկու զեկուցումներ քննարկուեցան: Անոնցմէ մէկը` բրիտանացի Ռոպըրթ Ուալթըրի հեղինակած «Բռնարարքներու աճը Արցախի եւ Ատրպէյճանի այլ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկուցումէն ետք, քուէարկութեան դրուած բանաձեւի նախագիծը մերժուեցաւ: Երկրորդ հակահայ բանաձեւը` պոսնիացի Միլիցա Մարքովիչի ներկայացուցած «Ատրպէյճանի սահմանային բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէ» բանաձեւը որդեգրուեցաւ:
Ուալթըրի նախագիծը մերժուեցաւ 66 թեր, 70 դէմ եւ 45 ձեռնպահ քուէներով: Իսկ Մարքովիչի նախագիծը որդեգրուեցաւ 98 թեր, 71 դէմ եւ 40 ձեռնպահ քուէներով:
Ռոպըրթ Ուալթըրի հեղինակած զեկուցումին մէջ կոչ կ՛ուղղուէր «Լեռնային Ղարաբաղէն եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւեալ տարածքներէն դուրս բերելու հայկական զինեալ ուժերը եւ Ազրպէյճանի լիակատար գերիշխանութիւն հաստատելու այդ տարածքներուն մէջ»: Հեղինակը կը նշէր, որ վերջին քսան տարիներուն ընթացքին Արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման տեսանկիւնէն յառաջընթաց չէ արձանագրուած, եւ կոչ կ՛ուղղէր Մինսքի խմբակին վերանայելու խաղաղ լուծման հոլովոյթին հետ կապուած սկզբունքներն ու մօտեցումները:
Շարք մը երեսփոխաններ իրենց խօսքերուն մէջ նկատել տուին, որ Ուալթըրը ներկայացուցած է միակողմանի փաստաթուղթ, որ կ՛արտացոլէ բացառապէս ատրպէյճանական կողմին դիրքորոշումը: Այլ երեսփոխաններ ալ բացայայտօրէն կ՛ընդգծէին, որ բրիտանացի երեսփոխանը պարզապէս ներկայացուցած է Պաքուի քարոզչութիւնը, որ իր փաստահաւաք առաքելութեան ընթացքին Հայաստան եւ Արցախ չայցելած Ուալթըրը նոյնիսկ չէ համագործակցած կամ խորհրդակցած Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, որուն իբրեւ արդիւնք կազմած է ոչ առարկայական փաստաթուղթ:
Երկրորդ փաստաթուղթին մէջ, որ նոյնպէս բուռն քննարկումի արժանացաւ,Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Սարսանգի ջրամբարը իբրեւ սպառնալիք ներկայացնող Մարքովիչը, որ չէ այցելած Սարսանգի ջրամբար, կը պնդէ, որ հայկական կողմը այդ ջրամբարը իբրեւ զէնք կ՛օգտագործէ, կը սպառնայ ատրպէյճանցիներուն եւ զանոնք կը զրկէ գիւղատնտեսութեամբ զբաղելու կարելիութենէն:
Նշենք, որ նշեալ բանաձեւը կը պահանջէ «հայկական զինեալ ուժերու անյապաղ հեռացումը առնչակից շրջանէն»` այդպիսով արտօնելով, որ անիկա հասանելի դառնայ անկախ ճարտարապետերու եւ մասնագէտներու, որպէսզի տեղւոյն վրայ մանրամասն քննութիւն կատարեն, ինչպէս նաեւ միջազգային հսկողութեան տակ առնուին որոգման ջրանցքները, Սարսանգ եւ Մատագիզ ջրամբարներու վիճակը, աշնան ու ձմրան եղանակներուն ջուրի թողարկումը եւ ջրատարերու գերշահագործումը:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան նշած է, որ հակահայկական զեկուցումներէն մէկը ընդունելով, միւսը մերժելով` Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը պահեց հաւասարակշռութիւնը:
Նոյեմբեր 2015-էն սկսեալ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը Եւրոպական խորհուրդի 20 երկիրներու մէջ հետեւողական աշխատանք ծաւալած էր` մեկնաբանելով զեկուցումներուն էութիւնը եւ մատնանշելով անոնց միակողմանի բնոյթը: 26 յունուար 2016-ին Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը գտնուէր Սթրազպուրկ` մօտէն հետեւելու քուէարկութեան ընթացքին:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան այս առնչութեամբ ըսած է. «Այսօր Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը մերժեց Ռոպըրթ Ուոլթըրի չափազանց սադրիչ զեկուցումը: Այսպիսով, այսօրուան քուէարկութիւնը ընդհանուր առմամբ կարելի է դրական նկատել: Ատրպէյճանի ներկայիս կառավարութիւնը եւ պարոն Ուալթըր չյաջողեցան Եւրոպական խորհուրդը օգտագործել իբրեւ հակահայկական պատերազմական հռետորաբանութեան գործիք»:
Կարապետեան աւելցուցած է, որ «ցաւօք սրտի, խորհուրդը ընդունեց մէկ այլ կողմնակալ զեկուցում` Մարքովիչի ներկայացուցած զեկուցումը Սարսանգի ջրամբարին մասին: Ակնյայտ է, որ տակաւին տիկին Մարքովիչ սկիզբէն կը փորձէր օգտագործել այս մարդասիրական հիմնախնդիրը` պատրաստելու համար զեկուցում մը, որ պիտի արտայայտէր Ատրպէյճանի դիրքորոշումը Արցախի մէջ»:
«Այժմ հայկական դիւանագիտութեան խնդիրն է իրազեկել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու քաղաքացիները բնապահպանական, մարդու իրաւունքներու եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած այլ նմանատիպ խնդիրներու մասին», եզրակացուց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը:
Նշենք, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Մարգար Եսայեան, որ յայտնի է թրքական իշխող շրջանակներուն յարող տրամադրուածութեամբ, թուրք մնացեալ երեսփոխաններուն նման, հակահայ երկու նախագիծերուն ալ թեր քուէարկեց:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան վեհաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ` անդրադառնալով Ուալթըրի խորագիրով հակահայ զեկուցումին` հաստատած է, որ անիկա «շնականութիւն է, զոր ընդունիլը անթոյլատրելի է»:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ զեկուցումին վերնագիրը ինքնին անընդունելի է, որովհետեւ նշուած չէ, թէ «ո՛վ է մեղաւոր, որ լարուածութեան աճ կայ, ո՛վ վերջերս սկսած է կիրարկել ծանր զինուորական հրետանի, ականանետեր, որոնք թրքական արտադրութիւն են, եւ որո՛ւն ձեռնտու է աջակցիլ զինուորական դրութեան, ոչ թէ խաղաղութեան»: Ան շեշտած է, որ Հայաստան կոչ կ՛ուղղէ` անմիջապէս դադրեցնելու զինուորական գործունէութիւնը սահմանագիծին վրայ. պատուիրակութեան անդամը նաեւ յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճան մնայուն կերպով կը մերժէ սահմանին վրայ տեղադրել հետազօտութեան սարքեր, վերահսկողութեան մեքանիզմ: «Ատրպէյճան սթաթիւս քոյի հետ համաձայն չէ ու ատիկա փոխել կարելի է միայն նոր պատերազմ հրահրելու ճամբով», աւելցուց Ռուստամեան:
Read Time:3 Minute, 8 Second