Աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր աննպաստ օդը կը տիրապետէ Կովկասեան բարձրաւանդակէն ներս: Հայաստանի բոլոր շրջաններէն ներս բազմիցս կը ձիւնէ, պատճառ դառնալով, որ կարեւոր ճամբաներ փակուին:
Երեւանի մէջ, տեղւոյն քաղաքապետութիւնը, մեծ դժուարութեամբ կը փորձէ մաքրել բանուկ ճամբաները:
Հաղորդագրութեան համաձայն, ձիւնը մաքրելու աշխատանքները իրականացնող «Սանիթեք» ընկերութեան աջակցելու նպատակով աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են վարչական շրջաններու թաղային ծառայութիւններու աշխատակիցներն ու մեքենաները:
Ձիւնը մաքրելու աշխատանքներուն հետեւած է նաեւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, որ շրջած է մայրաքաղաքի վարչական շրջաններ, յանձնարարած է աշխատանքները շարունակել ամենայն հետեւողականութեամբ:
Քաղաքապետը աւելցուց թէ, հինգ հարիւրէ աւելի աշխատակիցներ, Ամանորը դիմաւորած են մայրաքաղաքի փողոցներուն ձիւնը մաքրելով: «Հասկանալի է, որ այս պայմաններում դժուար է հանրութեան համար առաւել տեսանելի դարձնել իրականացուող աշխատանքների արդիւնքը: Մեզ համար այս պահին առաջնահերթը մայրաքաղաքի փոխադրամիջոցներու հոսքերի երակները բաց պահելն է, ինչն արւում է: Շարունակ գործում ենք, եւ մայրաքաղաքում՝ փակ փողոց չունեցանք եւ պիտի չունենանք: Սա, միանշանակ իրականացուող աշխատանքի արդիւնք է: Ինչ խօսք, կատարուող աշխատանքները դեռեւս բաւարար չեն եւ անելիք դեռ շատ կայ: Բայց ես համոզուած եմ, որ ամէն ինչ կարուի պատշաճ մակարդակով: Անկեղծօրէն շնորհակալ եմ բոլոր այդ մարդկանցից, նաեւ բոլոր նրանցից, ովքեր աշխատել եւ աշխատում են, որպէսզի մայրաքաղաքում հնարաւորինս մեղմուի անդադար տեղացող ձիւնին պատճառով առաջացող դժուարութիւնները», յայտնեց Մարգարեան:
Read Time:57 Second