Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Հայաստանի նախագահ եւ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ, Դեկտեմբեր 31-ին այցելեց Հայաստանի հիւսիս արեւելեան տարածաշրջանի սահմանագիծը պահող պաշտպանական տեղամասերէն մէկը:
Սարգսեան հանդիպեցաւ զինուորական դիրքերու վրայ ծառայութիւն կատարող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն հետ:
Ան իրենց անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ զինուորական ծառայողներուն եւ խումբ մը սպաներու եւ զինուորներու յանձնեց նուէրներ:
Նախագահը տօնական սեղանի շուրջ զրուցեց զինուորական ծառայողներու հետ, շնորհաւորեց հայոց բանակի բոլոր զինուորական ծառայողները` գալիք տօներուն առիթով:
Իր շնորհաւորական խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ հայրենիքի սահմանները յատկապէս առաջնագիծին վրայ պաշտպանող զինուորներու ծառայութիւնը` ընդգծելով, որ ամբողջ հայ ժողովուրդը կը հպարտանայ անոնցմով եւ զինուորներուն հետ է` բոլոր անոնց, որոնք մեծ պատիւով ու պատասխանատուութեամբ, նաեւ կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր պետութիւնը: Նախագահը զինուորական ծառայողներուն մաղթեց յաջողութիւն:
Սարգսեան այցելեց նաեւ սահմանամերձ Բերդաւան համայնք, եւ հանդիպեցաւ բնակիչներուն հետ:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այցելեց Հայաստան-Նախիջեւան սահման:
Արցախեան տագնապին առնչութեամբ վարչապետ Աբրահամեան ըսաւ. «Մեզի համար կարեւոր է, որ Արցախը ըլլայ անկախ, Արցախի ժողովուրդը հանրաքուէ կազմակերպելու կարողութիւնը ունենայ… Կը կարծեմ` գլխաւոր պայմանը ատիկա է, այդ բանակցութիւններուն առանցքը ատիկա է, որ պէտք է Արցախի ժողովուրդին հանրաքուէ կազմակերպելու կարելիութիւն տալ եւ ինք որոշէ իր ճակատագիրը: Կը կարծեմ` պէտք է շարունակել դիւանագիտական այս քննարկումները, յարաբերութիւնները, փորձել համոզել, փորձել քննարկումներու միջոցով ունենալ խաղաղ իրավիճակ», Աբրահամեան, ընդգծեց, թէ «Ղարաբաղեան տագնապին լուծում պէտք է գտնել փոխ զիջումներու միջոցով, պատերազմը կորուստներ պիտի բերէ բոլոր կողմերուն: Մենք մեր յոյսը չենք կորսնցուցած, որ պիտի կարենանք խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով այդ տագնապին լուծում տալ: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ պէտք է զիջող ըլլանք, մենք իւրաքանչիւր ոտնձգութեան պատասխան պիտի տանք եւ նոյնիսկ քանի մը անգամ աւելի: Մենք ունինք մարտունակ բանակ, մեր զինուորները շատ քաջ են եւ պատրաստ` իւրաքանչիւր ոտնձգութեան հակահարուած տալու», շարունակեց Աբրահամեան:
Յունուար 3-ին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելեց հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած Արմէն Յովհաննիսեանի, Ազատ Ասոյեանի, Արթուր Առաքելեանի եւ ծանրօրէն վիրաւորուած Սարգիս Ստեփանեանի ընտանիքներուն: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժանմունքին, այս ընտանիքներուն մէջ կան նորածիններ կամ պիտի ծնին նոր երեխաներ:
Ազատ Ասոյեանի նորածին եղբայրը` Նարեկը, ծնած է Յուլիս 7, 2015-ին: Արթուր Առաքելեանի մայրը` Սաթենիկ Առաքելեանը եւս շուտով կը մայրանայ, եւ Արթուրի ծնողները որոշած են, որ նորածին որդին եւս անպայման պիտի ծառայէ բանակին մէջ:
«Մարդը ֆիզիքապէս կրնայ հաշմանդամ ըլլալ, բայց հոգեպէս հաշմուած ըլլալու իրաւունք չունի: Սխալելու իրաւունքէն մեզ զրկած են այն քաջերը, որոնք հերոսաբար զոհուեցան յանուն հայրենիքի, անմահացան` ձուլուելով յաւերժին մէջ: Հերոսներ են նաեւ հայ առիւծասիրտ մայրերը: Մեր հայրենիքը անոնց կուրծքէն, սէրէն եւ որդիներուն թափած արիւնէն կը սկսի: Սէր եւ նուիրում դէպի հայրենիքը` կը ներշնչեն եւ կþուսուցանեն հայրենասէր մայրերը: Ազգի յաւերժութիւնը կը կերտեն անձնուրաց մայրերը, որոնք ընդունելով իրենց որդիներուն զոհաբերումը, անկոտրում կամքով կը դիմակայեն փորձութիւնները: Իսկապէս, որ մայրերու ափերուն մէջ պէտք է փնտռել ազգի մը ճակատագիրը», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:
Read Time:2 Minute, 10 Second