Read Time:1 Minute, 29 Second
Յունուար 11-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, յանկարծամահ եղաւ անուանի խմբավար Արամ Ղարաբեկեանը, որ շարունակ տասնեւերկու տարի, մինչեւ 2009 թուական, գլխաւորած էր Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը: Հ.Հ. արուեստի վաստակաւոր գործիչ` Ղարաբեկեան արժանացած էր “Մովսէս Խորենացի“ մետալին:
Ծնած Իրան` 1955ին, ան ուսումը ստացած էր Պոսթընի “Նիւ Ինկլընտ“ երաժշտանոցէն ներս, ապա շարունակած էր իր մասնագիտութիւնը, Գերմանիոյ Մայնց քաղաքի երաժշտանոցէն ներս: Ղարաբեկեան 1983ին հիմնած էր Պոսթընի “Սինֆոնովա“ նուագախումբը, որուն ղեկավարն էր մինչեւ 1991:
Ան ղեկավարած էր բազմաթիւ նուագախումբեր` Չինաստանի, Խրուաթիոյ, Ուքրայինայի եւ Գերմանիոյ մէջ:
Արամ Ղարաբեկեան ղեկավարն էր “Բաց երաժշտութեան ընկերակցութիւն՛՛ հիմնարկին: Սեպտեմբեր 2012-ին, ան հրաւիրուած էր պատրաստելու արուեստի իւրայատուկ ներկայացում մը, Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունենալիք “Ինտեւըր“ անջրպետանաւը դիմաւորելու արարողութեան ընթացքին:
“Բաց երաժշտութեան ընկերակցութիւն“ հիմնարկէն աւելի քան երեսուն արուեստագէտներ մասնակցած էին այս ներկայացման պատրաստութեան, մօտէն գործակցելով Գալիֆորնիոյ գիտութեան կեդրոնին հետ, որ հիւրընկալեց անջրպետանաւը:
Ղարաբեկեանի կողքին, ներկայացման խմբակին գլխաւոր անդամներն էին` Այտա Ամիրխանեան, Ալինի Քութունեան, Քիթ Տիքսըն, Մարք Մարտոյեան, Ռաֆֆի Կանումեան, Արսինէ Շիրվանեան եւ Վարանդ Գիւրճեան:
Դիմաւորման արարողութիւնը կազմակերպողներուն համաձայն` մօտաւորապէս երեք հարիւր պաշտօնատարներ հրաւիրուած էին դիմաւորման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ միջազգային լրատուական գործակալութեանց լուսարձակներուն տակ:
Հոկտեմբեր 2008-ին, Արամ Ղարաբեկեանի ղեկավարութեամբ, Հայաստանի սենեկային նուագախումբը անմոռանալի ելոյթներ ունեցաւ, Արցախի մէջ կատարուած դասական երաժշտութեան փառատօնին:
Այս ծրագրի իրագործման նախագիծը կը պատկանէր մաէսթրօ Ղարաբեկեանին, որովհետեւ ան, շարունակ կը շեշտէր թէ, համոզուած է, որ Արցախը պէտք է դառնայ հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, իսկ հինաւուրց Շուշին` հայ մշակոյթի քաղաք:
“Արցախցիների մէջ առանձնայատուկ կորով կայ: Ես դա հէնց առաջին համերգից եմ զգացել: Այստեղ ես ինձ շատ հարազատ եմ զգում: Այդ պատճառով ես այստեղ գալիս եմ նաեւ առանց նուագախմբի, պարզապէս որպէս հայ մարդ: Արցախի ամէն ինչն եմ սիրում` բնութիւնը, մարդկանց… Մեր գործունէութեան տասը տարուայ ընթացքում մենք եօթը անգամ Արցախ ենք եկել: Յոյսով եմ, որ Արցախեան փառատօնը կ’ընդլայնի իր շրջանակները` իր մէջ աւելի ու աւելի շատ ներքաշելով հռչակուած երաժիշտների, խմբերի“, կը նշէր Ղարաբեկեան:
Happy
0
0 %
Sad
0
0 %
Excited
0
0 %
Sleepy
0
0 %
Angry
0
0 %
Surprise
0
0 %
Related