Հ.Մ.Ը.Մ. ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ “ԿՈՒԿԸԼ“Ի ՀԵՏ

0 0
Read Time:2 Minute, 43 Second

hmem google  Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ, Յունուար 1-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. համաձայնագիր մը ստորագրած է “Կուկըլ“ի հետ, որպէս առաջին հայկական ոչ-հասութաբեր միութիւն, օգտուելու անոր տրամադրած արհեստագիտական դիւրութիւններէն: Սոյն համաձայնագիրով, Հ.Մ.Ը.Մ.ին պիտի տրամադրուի յատուկ դիւրութիւններ առաւել եւս զարգացնելու արհեստագիտական կարելիութիւնները: “Կուկըլ“ը, Հ.Մ.Ը.Մ.ին պիտի տրամադրէ եռամսեայ համացանցային մարզումի ծրագիր մը, աշխատանքի յաջողութեան համար: Ծրագիրը սկսաւ Յունուար 7-ին եւ համացանցային մարզումի շրջանը պիտի աւարտի երեք ամիս ետք:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանները պիտի ըլլան այս ծրագիրի առաջին օգտագործողները: Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.) ունի աւելի քան 25,000 անդամներ, տարածուած 5 ցամաքամասերու մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ. ունի 104 մասնաճիւղեր, որուն 18 մասնաճիւղերը կը գտնուին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, 6800 անդամական թիւով, իսկ 10 մասնաճիւղեր կը գտնուին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2000 անդամական թիւով:

“Որպէս համաշխարհային կառոյց, անհրաժեշտ է որ օժանդակենք տարբեր երկիրներ եւ մասնաճիւղեր գտնուող մեր միութենականներուն եւ պաշտօնէութեան, որպէսզի նոր կարելիութիւններով հաղորդակցին իրարու հետ եւ հետապնդեն ծրագիրներու իրագործման մանրամասնութիւններն ու ընթացքը: Կուկըլի շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել այս բոլորը“, հաստատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան նշեց որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներքին անդամական տուեալներու ծրագիրը (“տաթապէյս“) պիտի չազդուի այս ծրագիրէն, որովհետեւ Կուկըլ կարելիութիւնը չունի որեւէ ձեւով ստուգելու կամ փոփոխութիւններ ներմուծելու հոն: Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու անձնական տուեալները պիտի չփոխանցուին Կուկըլին, հաստատեց եղբ. Մկրտիչեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 10-րդ Ընդհանուր Ժողովը (Սեպտեմբեր 2011ին) որդեգրեց Ռազմավարական Ծրագրաւորումի գործընթացի իրականացման քայլերը: Ռազմավարական Ծրագրաւորումի զանազան մարտահրաւէրներու ծիրին մէջ է նաեւ արհեստագիտական նորութիւններու հետապնդումը, օժանդակելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան աշխատանքներուն: Կուկըլը Հ.Մ.Ը.Մ.ին պիտի տրամադրէ նոր արհեստագիտական աշխատանքային կարելիութիւններ եւ դիւրութիւններ, նշուած նպատակներու իրագործման համար:

“Ներքին աշխատանքներու դիւրութեան կողքին, “Կուկըլ“ի ընծայած կարելիութիւններով կարելի պիտի ըլլայ մեր անդամները աւելի իրազեկ դարձնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի կայքէջին ու զիրենք մղելու, որպէսզի իրենց ներդրումը ունենան անոր յաջողութեան մէջ: Նաեւ կարելի պիտի ըլլայ յատուկ ծրագիրով (Analytics) հետապնդել եւ ստուգել ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը“, նշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Ռազմավարական Ծրագրաւորումի ներկայացուցիչ եղբ. Վիգէն Դաւթեան:

Ներկայիս հինգ միլիոն առեւտրական հաստատութիւններ տարեկան դրութեամբ կը վճարեն յիսուն տոլար իւրաքանչիւր “Կուկըլ“ի ծրագիրի գործածողի համար, օժանդակելու իրենց հաստատութեան աշխատանքներուն: Կուկըլը ոչ միայն ձրիաբար այս կարելիութիւնները տրամադրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին, այլ նաեւ երեք միութենականներ պիտի բոլորեն անվճար ուսուցողական եռամսեայ դասընթացք մը, շաբաթական 8 ժամուայ դրութեամբ, 12 շաբաթներու վրայ երկարող: “Կուկըլ պիտի հետեւի եւ պիտի մարզէ զանազան մասնաճիւղերէ հարիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ական անդամներ եւ պաշտօնեաներ գործածելու իր համացանցային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ յատուկ ուսուցողական լուրջ ու կարեւոր դասընթացք մը պիտի տրամադրէ 3 Հ.Մ.Ը.Մ.ական համացանցային պատասխանատուներու, որոնց պիտի փոխանցուի Կուկըլի զանազան ծրագիրներու (ինչպէս AdWords, Analytics, You Tube, եւ այլն) մասնագիտական գործածութեան մանրամասնութիւնները“, փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արհեստագիտական Տեղեկատուութեանց Յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Վիգէն Աբէլեան:

“Սոյն համաձայնութիւնը դրական փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ եւ բանալին պիտի ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կամաւոր աշխատանքային ձեւը զարգացնելու դէպի համաշխարհային մասնագիտացած ձեւի“, հաստատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ռազմավարական Ծրագրաւորումի Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Արմէն Աբրահամեան:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապ հաստատել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Ռազմավարական Ծրագրաւորումի ներկայացուցիչ եղբ. Վիգէն Դաւթեանին կամ office@homenetmen.org ե-նամակի հասցէին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles