ՄՈՆՐԷԱԼ (“Հորիզոն“).- Հոկտեմբեր 20-ին, Գանատայի Քէպէք նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալ քաղաքին մէջ, բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին:
Պաշտօնական քաղաքական հիւրերու եւ բազմահարիւր հայրենակիցներու ներկայութեամբ արարողութիւնը, սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներով եւ պետական դրօշներու շքախումբի մուտքով: Օրուան հանդիսավարն էր Անի Արեւեան, որ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Լաւալի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Սագօ Եագուպեանը, յուշարձանի յանձնախումբի անդամ Յովիկ Թիւֆէնքճեանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Գարագաշեանը, որոնք միահամուռ հաստատեցին հայոց պահանջատիրութեան գծով քանատահայութեան վճռակամութիւնը:
Շնորհաւորութեան եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ժոզլին Կերթէն, Քեպէքի խորհրդարանի անդամ Սուզան Փրուլ, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Խօսէ Նունէ Մէլօ, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Սթէֆան Տիոն եւ Գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Մատլէն Տալֆոն Կիրալ, որոնք դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ շղթայազերծուած ուրացման քաղաքականութիւնը եւ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին գանատահայութեան:
Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, ըսաւ որ նորանոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու համար` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Հայաստանի, Արցախի, Գանատայի, Քեպէքի եւ Լաւալի դրօշներուն հովանիին ներքեւ, թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, վերապատուելի Մանուէլ Ճինպաշեան եւ Գէորգ Ծ. վրդ. Զափարեան կատարեցին յուշարձանի օրհնութեան արարողութիւնը:
Յուշարձանի հեղինակ` Արթօ Չաքմաքճեան իր սրտի խօսքը փոխանցելով` յայտնեց, թէ յուշարձանի խորքային իմաստը յոյսն է:
“Խաչելութիւն-յարութիւն-վերածնունդ“ խորհրդանշող յուշարձանին հեղինակն է գանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեան: Հանրային կեդրոնական վայրի մը մէջ գտնուող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան իբրեւ, Լաւալի նորակառոյց յուշարձանը Գանատայի մէջ առաջին յուշակոթողն է: