ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահներ` Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հանդիպումն ու մաքսային միութեան անդամակցելու դրական որոշումին մասին համաձայնութիւն ստորագրութիւնը, բողոքի մեծ ալիք մը ստեղծեց Երեւանի մէջ, ուր կատարուեցան հաւաքներ եւ ցոյցեր:
Եւրոպական Միութիւնը, մտահոգութեամբ դիմաւորեց այս որոշումը, յանձին նախագահ Լինաս Լինքեւիչուսի (Լիթուանիոյ Արտաքին Գործոց նախարար), որ ըսաւ թէ,Հայաստանը ընտրելով Ռուսաստանի հետ Մաքսային միութեան տարբերակը, արգելակեց Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնագիր կնքելու կարելիութիւնը:
Համաձայնութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ երկու երկիրները պատրաստ են իրագործելու գոյութիւն ունեցող երկկողմանի նախագիծերը` ուղղուած Հայաստանի տնտեսութեան արդիականացման եւ ուժանիւթի ապահովութեան ամրապնդման: Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին լրագրողներուն յայտնեց, որ Երեւանի մէջ հաւանաբար բացուին Մոսկուայի համալսարանի մասնաճիւղ եւ ռուսալեզու բարձրագոյն վարժարան:
Ան նշեց, որ արդէն մեծ փորձառութիւն կայ` երկու երկիրներուն միջեւ կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան առումով: Ըստ Փութինի, խօսքը կը վերաբերի ռուս-հայկական համալսարանի եւ ռուսական համալսարաններու 6 մասնաճիւղերուն, որոնց մէջ կ՛ուսանին աւելի քան երկու հազար ուսանողներ: Արտաքին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուան յոյս ունի, որ Մաքսային միութեան բոլոր անդամները հաւանութիւն պիտի տան Երեւանի որոշումին` միանալու այդ միութեան:
“Ուժի մէջ կը մտնեն ընթացակարգեր, որոնք գոյութիւն ունին մաքսային միութեան մէջ` դիմում երեք հիմնադիր պետութիւններու ղեկավարութեան, եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին: Ատիկա արդէն բանակցութիւններու առարկայ է: Սակայն քաղաքական որոշումը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ ընդունուած է: Յոյս ունինք, որ անոր հաւանութիւն տան մաքսային միութեան բոլոր անդամները“, եզրակացուց Լաւրով:
Նախագահ Սարգսեանի այս որոշումը Փութինի կողմէ հաւանութեան արժանացած է եւ Մոսկուա պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցիլ Հայաստանին այս գծով: Երկու երկիրները մտադիր են նաեւ զարգացնել համագործակցութիւնը ռազմաքաղաքական եւ ռազմական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ:
Ռուսական “Նովոսթի“ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փութին բարձր մակարդակի բանակցութիւններու ընթացքին նշած է, որ այս տարուան ընթացքին ասիկա Սարգսեանի արդէն երկրորդ այցելութիւնն է: “Ես շատ ուրախ եմ, որ մեր յարաբերութիւնները այսպէս արագ ձեւով կը զարգանան եւ բոլոր ուղղութիւններով կապերը շատ յաճախակի են: Խորհրդարանի, կառավարութեան, առեւտրական կառոյցներու գծով: Արդիւնքը մեր մօտ տնտեսութեան մէջ է“, յայտնեց նախագահ Փութին: Ան նշեց, որ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան աճը կը գերազանցէ 23 առ հարիւրը: Ըստ անոր, Ռուսիա Հայաստանի առաջին առեւտրատնտեսական գործընկերն է, եւ այդ միտումները կը շարունակուին:
Հայաստանի նախագահը իր կարգին շեշտեց, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ եղբայրութեան դարաւոր աւանդութիւններու վրայ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ այդ յարաբերութիւնները հետագային եւս պիտի զարգանան փոխըմբռնման հունով` բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման մասին համաձայնագիրին հիման վրայ: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ այդ յարաբերութիւնները եւ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի անոնք զարգանան: