Առողջապահութիւնը Հայաստանի մէջ…: Նորածիններու եւ մանուկներու սնուցումը…: Երկեակ անպատեհութիւնները` աւելորդ ու անբաւարար սնունդ ստանալուն…: Ճշմարտութիւնն ու առասպելը Հայաստանի առողջապահական դրոյթին մէջ: Ժողովրդային առողջապահութիւնը Ղարաբաղի մէջ… ասոնք են այն թեմաները , որոնք պիտի ներկայացուին 17 րդ նաւապտոյտի ծիրէն ներս:
Յունուար 18 2014ին Համահայկական Աւանդական 17 րդ Նաւապտոյտը պիտի շարժի դէպի Գարիպեան ծովու բացերը: Առաջին անգամ ըլլալով այս տարի, Աւանդական Նաւապտոյտը իր գործունէութեան մէջ պիտի ընդգրկէ առողջապահութեան վերաբերող բժշկական կարեւոր յայտագիր մը` ներկայ հանրածանօթ բժիշկներու ու նաւապտոյտի հիւրերու հետ ծանօթանալու առողջապահական այն հիմնախնդիրներուն, որոնք ուղղակիօրէն Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մանուկներուն ու չափահաս-ներուն առողջութեան հետ կ’առնչուին: Հպարտ ենք յայտարարելու, թէ յոյժ կարեւոր այս յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն` առողջապահական բնագաւառին մէջ անուն վաստկած մասնագէտներ, յանձինս` բժիշկ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի, բժ. Հայկ Մինասեանի, դոկտ. Քիմ Հէքիմեանի եւ Մարօ Մաթէոսեանի, որոնք պիտի ներկայացնեն իրենց պատրաստած խիստ այժմէական ուսումնասիրութիւնները:
Դոկտ. Քիմ Հէքիմեանը Գոլումպիա համալսարանը, օգնական փրօ-ֆէսէօրի պաշտօնը կը վարէ մարդկային սննդարարական ինսթիթիւթէն ներս եւ Հայաստանի համալսարանը, դասախօս է ` “Մասթըրզ աֆ Փապլիք Հէլթ“ի յայտագրի: Անիկա խորհրդատուն է միջազգային կարգ մը առողջապահական հաստատութիւններու եւ իր աշխատակցութիւնը բերած է անոնց կողմէ կիրարկուող կարեւոր ծրագիրներուն, ինչպիսին` Իւէսէտ, Իւնիսէֆ, Ուորլտ Վիզիոն ու Ուորլտ Պէնք:
Քիմ Հէքիմեան, իր տոքթորականը ստացած է Ճոն Հոփքինզ բժշկական համալսարանէն: Անոր կատարած հետազօտութիւնները կը յատկանշուին նորածինները կերակրելու սովորութիւններու ուսումնասիրութեամբ, յղութեան եւ յետ յղութեան ժամանակաշրջանին: Այժմ մեր սիրելի բժշկուհին լծուած է Հայաստանէն ներս անչափահասներու թերի սննդարութիւնը կանխելու աշխատանքին: Բժիշկ Հէքիմեան պիտի մասնակցի նաեւ կլոր սեղանի մը իր պաշտօնակիցներու` բժիշկ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի, բժ. Հայկ Մինասեանի եւ Մարօ Մաթէոսեանի հետ, քննարկելու առողջապահութիւնն ու ընկերային ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ եւ ի՞նչ միջոցներու սփիւռքահայութիւնը աւելի ազդու դերակատարութիւն կրնայ ունենալ անոնց զարգացման մէջ: Իր կարգին, Մարօ Մաթէոսեան նուիրեալ հանրային գործիչ մըն է, որ Հայաստանի մէջ լծուած է բնապահպանութեան պայքարին, մշակութային ժառանգութեան պահպանման, հայկական բանակի մէջ աննպա-տակ մահերու արգելակման եւ կնոջ իրաւունքներու պահպանման գործին: 1981ին Հայաստան կատարած ճամբորդութիւն մը շրջեց Մարոյին կեանքը: Անիկա իր արմատները յայտնաբերեց եւ Նիւ Եորք ու Փարիզ շրջագիծէն ներս, ինքզինք ընկերային գործունէութեան նուիրեց: Ապա, 1990ին Հայաստան հաստատուեցաւ կազմակերպչական իր կարողութիւնները գործի դնելու, որպէս տնօրէնը “Ազնաւուրը Հայաստանի համար“ ընկերակցութեան, միեւնոյն ատեն Եւրոպական Միութեան Մարդասիրական Յանձնաժողովին կողմէ տրամադրուած դրամական յատկացումներ ապահովելով Հայաստանին համար: 2006 թուականին, Թիւֆէնքճեան հաստատութեան կը միանայ, եւ որպէս նախագահ իր ժամանակը կը սպառէ Նիւ Եորքի, Հայաստանի ու Ղարաբաղի միջեւ: Այս պահուս անիկա “Խոշտանգուած կիներու պաշտպանութեան յայտագիրը“ կը վարէ որպէս յաւելում Թիւֆէնքճեան հաստատութեան Ղարաբաղեան գործունէութեան: Նաւապտոյտին, Մարոն պիտի անդրադառնայ Ղարաբաղի առող-ջապահական հարցերուն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կապուիլ.- AHC Medical Program Director maria.tavitian@yahoo.com Visit us at www.ArmenianHeritageCruise.com