ՊԱՔՈՒ.- Օգոստոս 13-ին, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մօտակայքը գտնուող ամարանոցի մը մէջ, կատարուեցաւ հանդիպում մը, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի միջեւ:
“Մեր յարաբերութիւնները իրապէս վերընթաց զարգացում կ՛արձանագրեն: Մենք արդէն իսկ նշեցինք, որ հակառակ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ առկայ բարդութիւններուն, անցեալ տարուան ընթացքին միայն ռուս-ատրպէյճանական երկկողմանի ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է գրեթէ 50 առ հարիւրով: Եթէ աւելի ճշգրիտ ըլլամ, ապա այդ աճը կազմած է աւելի քան 47 առ հարիւր: Ասիկա մեր յարաբերութիւններուն ներուժը բնութագրող շատ լաւ ցուցանիշ է: Ռուսաստան կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի հիմնական առեւտրական-տնտեսական գործընկերներէն մէկը: Ապրանքաշրջանառութիւնը կ՛աճի եւ ամէնէն հաճելին թերեւս այն իրողութիւնն է, որ այդ ապրանքաշրջանառութիւնը բաւական լաւ կառուցուածք ունի թէ՛ ռուսական եւ թէ ատրպէյճանական կողմէն“, ըսաւ Փութին, որ Արցախի հիմնահարցին մասին անդրադառնալով, շեշտեց թէ խնդիրը միայն քաղաքական լուծում կրնայ ունենալ:
Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ նշեց, որ տագնապին լուծումը կարելի է միայն միջազգային իրաւունքի շրջագիծին մէջ, եւ որ Ռուսաստան այդ գործին մէջ լուրջ դերակատարութիւն ունի: “Խնդիրին շուտափոյթ լուծումը կը բխի շրջանի բոլոր երկիրներու շահերէն: Ատիկա հիմնուած պէտք է ըլլայ պատմական ճշմարտութեան, միջազգային իրաւունքի եւ միգազգային կազմակերպութիւններու որոշումներուն եւ բանաձեւներուն վրայ: Ռուսիա` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ-երկիր, կարեւոր դեր ունի այս հոլովոյթին մէջ“, եզրակացուց Ալիեւ: