Յունաստանի Մակեդոնիա-Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչի Խալքիտիքիի գեղատեսիլ ամարանոցը այս տարի եւս բացաւ իր հիւրընկալ դռները հայութեան մատղաշ սերունդին առջեւ« եւ Յունիս ամսու 27-էն Յուլիս 15« վաթսուն երեխաներ՝ – Թեսաղոնիկէէն եւ Թրակիոյ այլազան շրջաններէն, 18 օր վայելեցին Հ.Օ.Մ.-ի ծրագրաւորումով ընթացող ճամբարներու հայեցի շրջապատին ու դաստիարակչական առողջ մթնոլորտին ընծայած առաւելութիւնները:
Առաջին խումբի մեկնումէն անմիջապէս ետք« 15 Յուլիսէն 2 Օգոստոս« Հ.Օ.Մ.-ի Պատանիներու փոխանակման ծրագիրով« Յունաստանի այլազան շրջաններէն« Հայաստանէն« Կիպրոսէն« Ֆրանսայէն« Շուէտէն« Անգլիայէն« Լիբանանէն ու Միացեալ Նահանգներէն Խալքիտիքի հասան 120 հայ պատանիներ ու պարմանուհիներ« որոնք իրենց աւելի քան երկուքուկէս շաբթուան ֆիզիքական եւ ուսումնական առօրեայ զբաղումներով լի կեցութեան ընթացքին« առիթը ունեցան իրար ծանօթանալու« ընկերական մտերիմ կապեր ստեղծելու եւ գաղափար մը կազմելու աշխարհի չորս ծագերուն հաստատուած հայ գաղութներու իւրայատուկ կենցաղին ու առօրեայ մտահոգութիւններուն մասին:
Ճամբարի առօրեան կþընթանար հետեւեալ յայտագիրով. մարմնամարզ« դրօշակի արարողութիւն« աղօթք« նախաճաշ« տաղաւարներու մաքրութեան քննութիւն« ծովու լոգանք« ճաշ« մարզական խաղեր« ձեռային աշխատանք« երգ ու պար« դասախօսութիւն« զրոյց« ընթրիք եւ զուարճանք: Այս բոլորը՝ ընտանեկան հարազատ ու գուրգուրոտ մթնոլորտի մէջ« շրջապատուած Խալքիտիքիի բնութեան լեռնային թէ ծովափնեայ առինքնող տեսարաններով:
Նոյն օրերուն« Խալքիտիքիի անտառածածկ բարձունքներէն մղոններ հեռու, ի պատասխան Արցախի Հ.Օ.Մ.-ի դիմումին՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հ.Օ.Մ.-ուհիներու նուիրաբերած բարոյանիւթական աջակցութեամբ, կայացաւ »Սօսէ« ճամբարը՝ Արցախի նոյնքան գեղատեսիլ Բադարա գիւղին մէջ: Արցախի շրջանային կազմի 15 Հ.Օ.Մ.-ուհիներու կամաւոր ու ժրաջան ճիգերով՝ իբրեւ կազմակերպիչ« հսկիչ ու դաստիարակ, եւ արցախեան իշխանութիւններու գործակցութեամբ, ճամբարի այս անդրանիկ փորձը հասաւ իր նպատակին:
»Սօսէ« ճամբարը իր աշխատանքները տարաւ երեք հանգրուաններով, իւրաքանչիւրը 60 երեխաներէ բաղկացած տասնօրեայ փուլերով: Այսպէս« 180 երեխաներ այս ամառ առիթը ունեցան« հանգիստի կողքին« զբաղելու նաեւ մարմնամարզով« մրցումներով« պտոյտներով եւ հայ մշակոյթի ու պատմութեան առնչուող այլազան ծրագիրներու ընծայած գիտելիքներով:
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական գրասենեակը չուշացաւ յայտարարելու« թէ յաջորդ տարուան »Սօսէ« ճամբարին համար նուիրատուութիւնները արդէն սկսած են…:
Այստեղ կþարժէ նշել, որ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան Պատանիներու փոխանակման ծրագիրին ծիրին մէջ, պատանիներ ամառնային ճամբարի մասնակցեցան Ֆրանսայի Հ.Օ.Մ.-ի Պելֆոնթենի, Հ.Ե.Դ.-ի Արեւելեան Ամերիկայի »Հայաստան« եւ Հ.Ե.Դ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի ճամբարներուն մէջ: