ՏՈՔԹ. ԱՐԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Մեծ հետաքրքրութեամբ եւ բաւարարութեամբ կարդացի Արա Պապեանի յօդուածը, իր խօսքերով՝ »դիմանկարի Փորձ«ը »Հայրենիք«ի մէջ, գրի առնուած Հայ Դատի երախտաւոր Վահան Գարտաշեանի մահուան 75ամեակի առիթով:
Յօդուածի հեղինակը իր խղճամիտ եւ հայրենասիրական մղումէ դրդուած, գրութեան վերջաւորութեանը, ցաւ կը յայտնէ, որ չէ կրցած այցելել Վահան Գարտաշեանի գերեզմանը ըսելով, որ »պարզուեց, որ նրա գերեզմանն անգամ չի պահպանուել, քանի որ տասնամեակներ շարուակ այցելու չի ունեցել«:
Եթէ յարգելի պրն. Պապեանին անձնապէս ծանօթ ըլլային եւ իր ազնիւ մտադրութեանը տեղեակ, սիրով զինք կÿառաջնորդէի դէպի Գարտաշեանի գերեզմանը, որուն տապանաքարը արժանիօրէն կը կրէ զինք լաւագոյնս բնորոշող »Հայ Դատի Ախոյեան փորագրուած հայերէն բառերը:
Փոքր տարիքէս, երբ Cedar Grove գերեզմանատունը կÿերթայի ծնողքիս հետ այցելելու մեր ընտանիքի պարագաներու գերեզմանները, հայրս Մինաս Գաբրիէլեանը, ի շարս այլոց, զիս կը տանէր Վահան Գարտաշեանի գերեզմանի մօտ, ըսելով որ պէ°տք է յիշել եւ յարգել այս բացառիկ մարդը իր մատուցած գնահատելի, անշահախնդիր ծառայութեանց համար: Կը յիշեմ նոյնիսկ Մեռելոցի Օրըշ հայրս Գարտաշեանի գերեզմանը օհնել տալը:
Թէպետեւ միշտ չէ, որ իր կամ Հայ Դատի նուիրեալները կը յիշենք, յամենայնդէպս պրն. Պապեանը թող վստահ ըլլայ, որ Վահան Գարտաշեանի գերեզմանը գոյութիւն ունի (տե°ս կցուած լուսանկարը) եւ լաւ վիճակի մէջ է:
Ի մխիթարութիւն բոլորիս, Գարտաշեանի անժամանակ մահէն ետքն ալ Armenian Commute for The Independence of Armenia յանձնախումբը երկար տարիներով ծառայեց Հայ Դատի ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն ու տասնամեակներ առաջ իր անունի փոփոխութեամբ դարձաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ա.Մ.Ն.ի Armenian National Commute of America-ն: Մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը ANCA-ի խորհրդանիշը մեր առաջին հանրապետութեան զինանշանն էր: 1991էն ետք այդ սրբազան զինանշանը վերադարձուեցաւ իր իրաւատիրոջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, փոխարէնը որդեգրուեցաւ ամերիկեան եւ հայկական դրօշակներով խորհրդանիշ մը: Պրն. Պապեանին եւ իր նման նախանձախնդիր իրա°ւ հայրենասէրներուն կը վստահեցնեմ, որ մեր ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան գործով կÿաշխատին աշխարհացրիւ Հայ Դատի գրասենեակները՝ արտերկրի հայութեան վստահութիւնը վայելող ժողովրդականութեամբ եւ ազգային այդ առաքելութիւնը կը շարունակեն անշեղ վճռակամութեամբ, աներեր հաւատքով ու ամբողջական նուիրումով: Ափսոս, որ քաղաքական ճղճիմ նկատումներու պատճառով Հայաստանի լրատուական միջոցները պատշաճօրէն չեն արձագանքէր Հ.Յ.Դ.ի մաս կազմող Հայ Դատի մարմիններու աշխատանքներուն:
Համաձայն եմ պրն. Պապեանի հետ երբ այսօրուայ Հայաստանի քաղաքական դժուարին, բարդ ու անորոշ վիճակի պատճառներէն մէկը կը վերագրէ »Հայրենիք«ի նուիրեալների ուրացումն է ու կեղծ հերոսների կռապաշտութիւնը:
Բացառութիւնները յարգելով հանդերձ, երբ այսօր Հայաստանի ճակատագիրը տնօրինող »քաղաքական այրերը ամէն ինչ կÿարժեւորեն շուկայական յարաբերութիւններու չափանիշով, երբ կը մտաբերենք կասկածելի ճանապարհներով քաղաքական տարբեր մակարդակներու վրայ պատասխանատու դիրքերու հասած շահախնդիր կերպերը, պարզ կը դառնայ, որ դեռ բաւական ժամանակ պէտք է անցնի մինչեւ որ ազգային դատ, գաղափարաբանութիւն եւ նմանօրինակ արժէքներ առաջնորդող սկզբունքներ դառնան այսօրուայ »ղեկավարներուն« համար: Այն ժամանակ միայն Վահան Գարտաշեանի ու այլ արժանաւորներու անուններով կը կոչուին Հայաստանի փողոցներն ու հաստատութիւնները եւ իրենց յիշատակն ու վաստակը կը ծառայեն նոր սերունդներուն իբրեւ ներշնչման աղբիւր եւ պայծառ ուղեցոյց: