Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի ժողովը:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցան Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ ապա անոնք միասնաբար մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած այս ժողովին:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի թուականը` 2015ը, պիտի չըլլայ բացառիկ իրադարձութեան տարի: “Արմենփրէս“ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի քարտուղար Հայկ Տեմոյեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ յանձնախումբի հիմնական հարցադրումներէն մէկն է, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի շարունակեն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հանրահռչակման հոլովոյթը. արդեօ՞ք պիտի սահմանափակուին գրահրատարակչութեամբ կամ դասախօսութիւններ կազմակերպելով:
“Թրքական կողմը, ի վերջոյ, կ՛ուզէ, որ 2015 թուականին ցունամին գայ, ու իրենք հանգստանան: Առաջին ուղերձը իրենց պէտք է ուղղենք, որ 2015ով ոչինչ կը վերջանայ: Երբեք պէտք չէ տրամադրուինք, որ 2015 թուականին, եթէ որոշ լուրջ արդիւնքներու չհասնինք, ապա պէտք է հիասթափուինք“, նշեց Տեմոյեան: Ըստ անոր, 2015 թուականով ոչ մէկ բան կ՛աւարտի, հակառակը‘ ամէն ինչ նոր կը սկսի:
Ան կարեւոր նկատեց տարբեր երկիրներու ուսումնական դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստի մասին գոնէ երկուերեք պարբերութեան սահմաններուն մէջ տեղեկութեան տեղադրումը: Ան փոխանցեց, որ գոյութիւն ունին միայն երկուերեք դէպքեր, երբ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հպանցիկ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, այնինչ ասիկա ռազմավարական առումով անկիւնաքարային մօտեցում պէտք է ըլլայ:
Յանձնախումբի նիստին ներկայացուած է քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ կարգի աշխատանք կատարուած է, ո՛ր երկիրներուն մէջ արդէն կը գործեն տեղական յանձնախումբեր: Տեմոյեանի համաձայն, արդէն իսկ կան շահաւէտ համագործակցութեան դրական արդիւնքներ:
Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով վերջերս վնասուած Մարկատէի մատրան վերանորոգումը յանձն առած է 100ամեակի կեդրոնական յանձնախումբը:
Յանձնախումբի նոր անդամներ նշանակուած են Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Մ.Մ.ի եւ Հ.Բ.Ը.ՄՀ.Ե.Ը.ի Կեդրոնական վարչութիւններուն ատենապետները եւ ”Փիւնիկ” համահայկական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան:
Արցախի Կառավարութեան Նոր Կազմը:
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք թէ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան ներկայ եղաւ այս ժողովին եւ ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումին առիթով Հ.Օ.Մ.ի մշակած ծրագիրները: Իսկ յաջորդ օրը, Սեպտեմբեր 21ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 21րդ տօնին առիթով երկրի նախագահին կողմէ Կ.Դեմիրճեանի անուան Մարզամշակութային համալիրէն ներս կազմակերպուած ընդունելութեան եւս ներկայ գտնուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ Հ.Օ.Մ.ի համահայկական ընտանիքի շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նախագահին` Հայաստանի Հանրապետութեան 21րդ տարեդարձին առիթով:
Read Time:1 Minute, 51 Second