110 Հազար Տոլար Ի Նպաստ Լիբանանահայութեան

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․- Ամերիկայի Հայ Մշակութային ընկերակցութիւնն  (ACAA) ու Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ը կրցած են հաւաքել 110․000 տոլար, որ պիտի տրամադրեն Լիբանանահայութեան։ Ամերիկայի Հայ Մշակութային ընկերակցութիւնը հաւաքած է 60․000 տոլար, իսկ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի...

Մեր Բոլորին Պէյրութը

Գէորգ Պետիկեան 2020-ի Օգոստոս 4 թուականն ալ պատմութեան անցաւ եւ համայն աշխարհի համար դարձաւ աւերակով, արցունքով, ցաւով եւ վիշտով խառնուած «յիշատակուող» նոր թուական մը: Եթէ կ'ուզէք, կրկին Հիրոշիման յիշեցնող եւ...

Անկորնչելի Դատավճիռը

ՀԱՅՐԵՆԻՔ Խմբագրական Փարիզէն հազիւ վեց մղոն հարաւ-արեւմուտք գտնուող Սեւրի շրջանն ալ, Օգոստոսի շոգ օրերուն, իր կարգին «վարակուած» կ՛ըլլայ ամառնային արձակուրդի տենդով: Ընդհանրապէս, հեւքոտ կեանքը մեռած ու «սառած» կ՛ըլլայ այդ օրերուն,...

Սեւրի Դաշնագիր 100-ամեակ` 1920-2020

  ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 22 Յուլիս 2020 Յատուկ «Հայրենիք»-ին   Ամերիկացի Ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու Տան Եւ Ծերակոյտին Մօտ Արդէն Զարգացած Էր Ազատ, Անկախ Հայաստանի Գաղափարը Համիտեան Ջարդերուն Ընթացքին՝ 1895-ին, Սեւրի Դաշնագիրէն 25...

ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԻՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԲԱՐՁՐԱԿԷՏ ԵՒ ՄԵԿՆԱԿԷՏ՝ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻԻՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՄԱՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մարտ 2020 Վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան 100-ամեակը կանխող տարիներէն ի վեր, յաճախ կը խօսուի-կը լսենք, թէ մեր Դատին հետապնդումը պէտք է փոխադրենք իրաւական դաշտ, միջազգային իրաւունքի ոլորտ, այսինքն,...

ԿԱՊԿՈՒԱԾ ԱՐԴԻԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ

  Յ. Պալեան             Ազգային մշակոյթի եւ ինքնութեան դէմ նախայարձակումը կու գայ նախ մեր ժողովուրդէն, ինչպէս կ’ըսուի՝ իւրայիններէն: Այս՝ ներսը եւ դուրսը: Իրատեսութեամբ մենք մեզ քննադատենք՝ յաջողելու նպատակով:             Պատմութիւն...

Հայոց Լեզուի Ուսուցիչներս (5)

  [caption id="attachment_43969" align="aligncenter" width="450"] Մատթէոս Զարիֆեան[/caption]   Արմենակ Եղիայեան armenag@gmail.com «Թուղթ առ Երեւան»-ը թափանցած էր ժողովրդային գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջ: Ես կը յիշեմ կօշիկի արհեստանոցի մէջ,– ուր ազատ ժամերուս...

 Հ.Հ. Խորհրդարանի Շէնքը Լուսաւորուեցաւ Լիբանանի Դրօշով

ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 6-ին, Հ.Հ. Ազգային ժողովի շէնքը՝ իբրեւ աջակցութիւն  Լիբանանի, լուսաւորուեցաւ այդ երկրի ազգային դրօշով: Նշենք, որ Երեւանն ու Պէյրութը քոյր-քաղաքներ են։ Լիբանանի դրօշով լուսաւորուեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքը։  

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները: Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր...

Լիբանանի Հայութիւնը՝ Սփիւռքահայութեան Անշէջ Հնոցը

Սեդօ Պոյաճեան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնը արհաւիրքեան կացութեան մատնեց Լիբանանը եւ Լիբանանի ժողովուրդը։ Հարուածը Լիբանանի դէմ էր։ Հարուածին անմիջական թիրախներն էին երկրի քաղաքական կայունութիւնը, տնտեսական վերականգնումի ճիգերը եւ ժողովուրդի համերաշխ գոյակցութիւնը։...
Social profiles