ԳլխաւորԽմբագրական

8 Օգոստոս 2025, Ուաշինկթըն․․․

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Սպիտակ Տան վարձակալին համար, 8 Օգոստոսը սովորական օրերու ցանկին է։ Իր յուշատետրին մէջ ալ նշուած են, սովորականին նման, իր երկրի շահերէն աւելի՝ իր անձնական շահերուն առնչուող օրակարգեր։
Այո՛, այսպէս է Թրամփի «agenda»-ն։ Այս օրուան կիզակէտը՝ Կովկասեան բարձրաւանդակն է եւ բնականաբար «Զանգեզուրի միջանցք» կոչեցեալ մտայղացումը։ Այս թղթածրարն ալ, նախագահ Թրամփ նկատի առած է իբրեւ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակակակիր դառնալու «զէնք» մը. չմոռնանք, որ արշաւը սկսաւ ընտրապայքարի օրերուն, ձեռքերը սոթտելով եւ Ուքրայինայի պատերազմը «24 ժամէն պիտի դադրեցնեմ»ի յոխորտանքով, ու քիչ ետք, Զելենսքին Ուաշինկթըն հրաւիրելով ու զայն արար աշխարհի առջեւ խայտառակելու հերոսութեամբ…
Աւելի՛ն, ըստ իրեն, իր ջանքերով, արդէն իսկ լուծուած է Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ պատերազմը՝ Քաշմիրի հարցի առնչութեամբ։ Նաեւ լուծուած է Քոնկոյի եւ Ռուանտայի միջեւ ծայր առած հակամարտութիւնը՝ 1994-ին պատահած ցեղասպանութեան գծով. ծանօթ է որ Քոնկոյէն զինեալ ուժեր միջամուխ ըլլալով, ստեղծած են պայթուցիկ կացութիւն մը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի: Ի դէպ, տեցին է նշել, թէ արեւմտեան լրատուութեան լուսարձականերէն հեռու կը պահուի Ափրիկէի կարգ մը գօտիներու մէջ ռուսական յառաջխաղացումը)։ Ըստ իր բանբերներուն՝ Թրամփի միջամտութեամբ հարթուած է Թայլանտի եւ Քամպոտիոյ միջեւ ծագած հարցը, որ ստեղծուած էր յաջորդաբար Սիսաքէթ եւ Փրէահ Վիհէար նահանգներու սահմանային շրջաններու «թխսուած» թնճուկին պատճառով։
Ըստ մեր նախագահին, Նոպելեան մրցանակակիր դառնալու իր երազներուն երիվարները ան աւելի եւս պիտի մտրակահարէ, եթէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հարցը լուծէ եւ հաշտեցնէ Երեւանն ու Պաքուն։ Ան վերջերս հաւաստած էր, որ «սքանչելի յառաջխաղացք» (իր սովորական բառամթերքէն) կը տեսնէ այդ դաշտին մէջ:
Թրամփ կը կարծէ, թէ վերոյիշեալ բոլոր հարցերը լուծուած են, մինչդեռ գետնի վրայ կացութիւնը տարբեր է։ Կեդրոնանալով 8 Օգոստոսին կատարուելիք հանդիպումին վրայ, յստակ է, թէ ան սովորականին պէս «Թրամփ»-եան կիսատ-պռատ ոճով եւ խարխուլ հիմերու վրայ նստած՝ պիտի փորձէ քանի մը ժամուան ընթացքին լուծել տասնամեակներու, ինչո՞ւ չէ՝ դարերու վրայ երկարող հիմնահարց մը։
Թրամփի եւ առհասարակ Արեւմուտքի համար, արցախահայութեան բռնագաղթը, իսկ շատ աւելի առաջ՝ Նախիջեւանի (Սթալինն ալ հանգիստ է իր գերեզմանին մէջ) յանձնումը Ատրպէյճանին, երկրորդական են։ Անոր հաշիւներուն դիտանկիւնէն՝ նոյնիսկ ահազանգային չէ այս միջանցքով ստեղծուած՝ «փանթուրանիզմ»-ի երազի իրականացումը։ Ընդհակառակը, իրեն համար կարեւորը՝ այս միջանցքին ապահովելիք տնտեսական եւ նիւթական շահերն են, անշուշտ նաեւ՝ Արեւմուտքի ներկայութիւնը՝ ռազմագիտական խիստ կարեւոր տարածաշրջանէ մը ներս, Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի քիթին տակ:
Ուշագրաւ է, որ այս հանդիպումը կը զուգադիպի Ուքրայինայի պատերազմի գծով Մոսկուայի ուղղուած՝ ազդարարագիր- վերջնագիրի ժամկէտին։ Աննկատ չանցաւ, որ Թրամփի պատուիրակը 6 Օգոստոսին դիմաւորուեցաւ Փութինի կողնէ:
Թրամփի համար, յայտնի-թաքուն մղձաւանջի վերածուած է Նոպելեան մրցանակ մը շահիլը: Չէ՞ որ դեմոկրատ Օպաման ձեռք ձգած էր մրցանակ մը, իսկ թէ ո՞ր արժանիքներուն համար՝ բոլորովին այլ հարց: Իսկ եթէ վաղը, Փաշինեանն ու Ալիեւն ալ, Էրտողանի հետ ձեռք-ձեռքի տուած՝ թեկնածու ներկայանան, «ամբոխը կը ստանայ պատկառելի երեւոյթ»: Շինծու խաղաղարարներու խմբային մրցանակաբաշխումը աննախընթաց չէ…
Վերջին ամիսներուն, իր գահակալութեան սկիզբէն ասդին, նմանօրինակ հանդիպումներուն նման, խտացուած ժամանակացոյց մը պատրաստուած է Սպիտակ Տան ձուաձեւ ժողովատեղիին մէջ, ուր շուտով ձուն ծնունդ պիտի տայ նորածին «հաշտութեան» մը․․․ ըստ տեղւոյն վարձակալին։ Հարցական կը մնայ, թէ լեռը փի՞ղ, մո՞ւկ, թէ՞… օդ պիտի ծնի:
Յիսուն վայրկեան գլուխ – գլխի հանդիպում մը Հ․Հ․ «ազգընտիր» վարչապետ Փաշինեանի հետ, ապա նոյն տեւողութեամբ հանդիպում մը Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւին հետ, յետոյ Թրամփեան ոճով՝ «պինկ, պանկ, պում» հանդիպում մը, երկու «ազգընտիր»-ներուն մասնակցութեամբ, եւ վերջ. հարցը լուծուած պիտի համարուի։ Անկէ ետք, պիտի բացուի, ինչպէս սովորութիւն է՝ պատրանքը ծախելու շուկան…
Սենարիոն յար եւ նման է քանի մը տարի առաջ պատկերասփռուող եւ Թրամփի սարքած «The Apprentice» յայտագիրին («Սկսնակը», չշփոթել իր մասին պատրաստուած ժապաւէնին հետ): Հոն, մրցակիցներ իրարու դէմ կը պայքարէին՝ ներկայացուած տնտեսական բարդ հարցեր լուծելու համար, իսկ աւարտին, ձախողած թեկնածուն գլխիկոր կը հեռանար Թրամփի՝ You’re fired! ամբոխահաճոյ բացագանչութեամբ…
Սպիտակ տան մէջ եռանկիւն հանդիպումէն ետք, ո՛չ ոք գործէ պիտի արձակուի, այլ Թրամփ պիտի կարդայ գայլի (թուրք-ազերիական ակնոցով՝ գորշ գայլի) աւետարան մը, որուն քաւութեան միակ նոխազը մենք՝ հայերս ու Հայաստանը պիտի ըլլանք։ Ու Փաշինեան Երեւան պիտի վերադառնայ յայտարարելով, թէ «Ապագայ կայ»-ի ճամբուն վրայ նոր նուաճում մը արձանագրած է, օր մըն ալ պիտի խոստովանի, որ Արցախէն ետք, Սիւնիքն ալ Ատրպէյճանի նուիրելու հնարք մը գտած է…
Ո՛վ հայ ժողովուրդ, սթափի՛ր, բա՛ց աչքերդ ու ականջներդ։ Մեր երկիրը ներկայացնողը «Նէօ-Վեստ Սարգիս» մըն է, որ կը մնայ երկրի ղեկին նստած։ Ծախու հանուած է հայրենիքը։ Քեզմէ, մեզմէ՛ զատ տիրութիւն ընող պիտի չըլլայ:

 

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button