Հանդիպում Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանի Պատգամաւոր Միշել Տը Մեկտի Հետ

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Յուլիս 15-ին, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի որդիին` Արմէն Իշխանեանի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու շահերու պաշտպան, Հայ իրաւական կեդրոնի (ALC) գործադիր տնօրէն եւ Միջազգային համեմատական իրաւունքի կեդրոնի նախագահ Սիրանուշ Սահակեանի հետ հանդիպում ունեցաւ Պելճիքայի Դաշնակցային խորհրդարանի պատգամաւոր Միշել Տը Մեկտի հետ:
Պատգամաւոր Տը Մեկտ իր խորհրդարանական գործունէութեան ընթացքին նախաձեռնած եւ աջակցած բազմաթիւ բանաձեւերով հետեւողականօրէն հանդէս եկած է հայ գերիներու ազատ արձակման օգտին, դատապարտած Ազրպէյճանի յարձակումը եւ նպաստած Հայաստանի ու Պելճիքայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ գերիներու վերաբերող վերջին իրաւական զարգացումները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ դիւանագիտական ճնշումը սաստկացնելու ուղղութեամբ հետագայ քայլերը: Տը Մեկտ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը` հաւաստիացնելով, որ պիտի շարունակէ պայքարիլ հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման համար եւ այս հարցը պիտի պահէ Պելճիքայի Դաշնակցային խորհրդարանի օրակարգին վրայ:

