ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ Ա. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քարոզչական Ա. համագումարը, Երեքշաբթի, 21 Յուլիսին, Երեւանի մէջ իր աշխատանքները շարունակեց երկու նիստով եւ երկու այցելութեամբ։
Առաւօտեան, համագումարին մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուր եւ ներկայ գտնուեցան սկաուտական «Արարատեան» կարգի 61 մասնակիցներու փողկապներու տուչութեան։ Եռաբլուրի Սրբոց Նահատակաց մատրան մէջ փողկապները օրհնեց Դադիվանքի նախկին վանահայր, մատրան հոգեւոր հայր Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեան։ Ապա, համագումարի մասնակիցներն ու «Արարատեան» կարգի բարձրաստիճան սկաուտները ուղղուեցան Եռաբլուրի յուշապատին մօտ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անունով ծաղեկպսակ մը զետեղեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան։ Այս առիթով, ներկաներուն Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց Թալին Օրտողլեան։
Օրտողլեան իր պատգամին մէջ նշեց, որ Եռաբլուրի մէջ փոխանցուող փողկապները սովորական վզկապներ չեն։ Անոնց վրայ կը տեսնուի խրոխտ ու վեհ Արարատին խորհրդապատկերը։ Ու այսուհետեւ, փողկապին արժանացողներուն կը մնայ ճշդել, թէ ի՞նչպէս պիտի գործածեն եւ ի՞նչպէս պիտի արժեւորեն զանոնք, աշխատանքով, կեցուածքով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նպատակն ու սկզբունքները անխախտ ու անեղծ պահելով։
Այս առիթով սրտի խօսքեր փոխացեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեան։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ 8 անդամները «Արարատեան»ի փողկապները յանձնեցին կարգին արժանացող սկաուտներուն։ «Արարատեան»ի փողկապ մըն ալ յանձնուեցաւ Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեանին։
Հնչեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ, նահատակ» քայլերգը, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ խոնարհեցին յանուն հայութեան եւ Արցախին զոհուած հերոսներու եւ անոնց կարգին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական նահատակներու շիրիմներուն։
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՆԻՍՏԵՐԸ
Եռաբլուրէն վերադառնալով, քարոզչական համագումարը յաջորդական երկու նիստով լսեց երկու զեկուցում։
Առաջին նիստին դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան զեկուցեց «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քարոզչական ռազմավարութիւնը, հանրային կապերու կազմակերպական համակարգն ու գործելաոճը» նիւթին շուրջ։ Զեկուցումին յաջորդեց քննարկում։
Երկրորդ նիստին, եղբայրներ Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Շանթ Տէմիրճեան զեկուցեցին «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու վրայ» նիւթին շուրջ։ Զեկուցումին յաջորդեցին աշխատանիստեր։
«ԵՐԿԻՐ ՄԵՏԻԱ» ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Համագումարի երկրորդ օրուան երկու նիստերուն միջեւ, յետմիջօրէի ժամը 3-ին, մասնակիցները այցելեցին «Երկիր Մետիա» եւ ծանօթացան 22 տարուան վաստակ եւ հռչակ ունեցող հայրենի լրատուական կեդրոնի պատմութեան, աշխատանքի եղանակին եւ ծրագիրներուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական այցելուները դիմաւորեցին եւ համապատասխան բացատրութիւններ ներկայացուցին «Երկիր Մետիա»-ի երկարամեայ աշխատակից Արթիւր Մկրտչեան եւ «Երկիր» լրատուական կայքէջի խմբագիր Վահէ Սարգսեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ «Երկիր Մետիա»-ի աշխատանքները գնահատող խօսք արտասանեց եւ յատուկ յուշանուէր փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ քարոզչական աշխատանքներու պատասխանատու Վիգէն Աւագեան։
Ապա, այցելուները շրջեցան կեդրոնին զանազան բաժինները, ծանօթացան հեռասփռումի նիւթերու պատրաստութեան եւ սփռման զանազան բաժիններուն։ Աւարտին, անոնք յատուկ փորձառութիւն մը ունեցան «Երկիր Մետիա»-ի գլխաւոր տաղաւարին մէջ կարճ տեսանիւթ մը նկարելու։ Տեսանիւթը ընկերային ցանցերով կը հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն։

