Ռուբէն Վարդանեան Դատապարտուեցաւ 20 Տարուան Բանտարկութեան
ՊԱՔՈՒ.- Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն ՎարդանեանԵրեքշաբթի օր դատապարտուեցաւ 20 տարուան բանտարկութեան:
Վարդանեան վերջին նիստին փաստաբանին արգիլած էր ներկայացնել պաշտպանական փաստարկներ` տեղի ունեցողը որակելով ոչ թէ դատ, այլ խեղկատակութիւն: Շուրջ մէկ տարի տեւած դատավարութեան ոչ մէկ անկախ փաստաբան, իրաւապաշտպան ու լրատուամիջոց մասնակցեցաւ:
Վարդանեանի իրաւաբանական խումբը, որուն մաս կը կազմեն Սիրանոյշ Սահակեան («Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կենտրոն»ի ղեկավար, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ), Եղիշէ Կիրակոսեան (Equity Law Partners իրաւաբանական ընկերութեան կառավարող գործընկեր) եւ Տարօն Սիմոյեան (ELL PARTNERSHIP իրաւաբանական ընկերութեան հիմնադիր գործընկեր) հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, իրաւաբանօրէն անհիմն նկատելով այս դատավճիռը։ Անոնք հաստատեցին, որ վճիռը անկախ եւ անաչառ դատական գործընթացի արդիւնք չէ, այլ քաղաքական նկատառումներով պայմանաւորուած վարոյթի կանխատեսելի հետեւանք` ամբողջութեամբ անհամատեղելի արդար դատաքննութեան երաշխիքներուն հետ:
Օրեր առաջ, 15 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցան Արցախի ղեկավարներն ու գործով անցնող մեղադրեալները: Ալիեւ բացառեց, որ անոնք ազատ կրնան արձակուիլ։

