Յօդուածներ

Փաշինեանը Կրնայ Քաղաքացիութենէն Զրկել Իրեն Դէմ Քուէարկած Հայերը

Յարութ Սասունեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օրէ օր աւելի անհանդուրժող կը դառնայ իր ընդդիմախօսներուն նկատմամբ։

Յունիս 7-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընթացքին Փաշինեան ապօրինաբար հրաման տուաւ ձերբակալել ընդդիմութեան հարիւրաւոր անդամներ եւ պատգամաւորութեան քանի մը թեկնածուներ, չարտօնեց, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները դուրս ելլեն Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ սպառնաց բանտարկել զանոնք ու արգիլել անոնց կուսակցութիւններուն գործունէութիւնը։

Յաջորդ քայլով Փաշինեան կրնայ ընդհանրապէս չարտօնել, որ իրեն դէմ արտայայտուող հայերը քուէարկեն եւ նոյնիսկ զրկէ զանոնք քաղաքացիութենէ։ Արդեօք ոեւէ մէկը տակաւին կը հաւատա՞յ, որ երկրին մէջ իշխանութիւնը կրնայ փոխուիլ ընտրութիւններու միջոցով։

Վերջին հարցը ծագեցաւ, երբ Փաշինեան տեղեկացաւ, որ Ռուսիա բնակող Հայաստանի մեծաթիւ քաղաքացիներ կը պատրաստուին մեկնելու Հայաստան՝ Յունիս 7-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար։ Սկիզբը ան կեղծեց ու յայտարարեց, որ մտահոգ չէ, որովհետեւ վստահ է՝ անոնք պիտի քուէարկեն իր կուսակցութեան ի նպաստ։ Սակայն չհաւատալով իր իսկ խօսքերուն՝ ան յայտարարեց, որ Հայաստան մուտք գործած ատեն անոնք կասեցուին եւ հետեւին 25-օրեայ զինուորական վարժանքներու։ Այս քայլով ան այդ հայերը կը զրկէ ոչ միայն քուէարկելու կարելիութենէն, այլ նաեւ կ՚արժեզրկէ զինուորական ծառայութեան հայրենասիրական գաղափարը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ պատժամիջոց։

Երբ հայրենակիցներս կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ սփիւռքահայերուն, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի չեն, թոյլ չեն տար մասնակցիլ Հայաստանի ընտրութիւններուն, ես կը պատասխանեմ, որ անոնք պէտք է շատ աւելի մտահոգ ըլլան այն իրողութեամբ, որ աւելի քան մէկ միլիոն Հայաստանի քաղաքացիներ, որոնք երկրի անկախութենէն ի վեր կ՛ապրին արտասահման, զրկուած են հայրենիքի մէջ քուէարկելու կարելիութենէն, եթէ ընտրութեան օրը անձամբ Հայաստան չգտնուին: Ոչ ոք իրաւունք ունի արտասահման բնակող Հայաստանի քաղաքացիները զրկելու ընտրելու իրենց հիմնական իրաւունքէն: Ահա թէ ինչո՛ւ աւելի քան 150 երկիրներ արտօնութիւն կու տան արտասահման բնակող իրենց քաղաքացիներուն մասնակցելու քուէարկութեան։

Advertisement Subscribe Today

Խնդիրը աւելի լուրջ դարձաւ, երբ Փաշինեանի կառավարութիւնը որոշեց բնակութեան պայման սահմանել Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, որոնք կու գան Հայաստան՝ մասնակցելու ընտրութիւններուն։ Որպէսզի ընդդիմադիրները այլեւս չկարենան վերջին վարկեանին հասնիլ Հայաստան եւ քուէարկել, Փաշինեանի խորհրդարանական դաշնակիցները նախորդ շաբաթ յայտարարեցին, որ կը պատրաստուին փոփոխութիւններ կատարելու օրէնքին մէջ՝ ամրագրելով, որ արտասահմանէն Հայաստան ժամանող քաղաքացիները կարենան քուէարկել միայն այն պարագային, եթէ ընտրութիւններէն առաջ առնուազն վեց ամիս բնակած են Հայաստան։

Ասիկա սխալ եւ խտրական մօտեցում է։ Փաշինեան իրաւունք չունի արտասահման բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ վերաբերելու իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ։ Ոչ ոք իրաւունք ունի Հայաստանի քաղաքացիները զրկելու ընտրելու իրենց իրաւունքէն:

Փոխանակ գիտակցելու, որ սփիւռքը արժէքաւոր ներուժ է, Փաշինեան կը փորձէ մարդիկը հեռու պահել հայրենիքի կեանքին որեւէ ներգրաւուածութենէ: Սփիւռքը շատ աւելին է, քան՝ պարզապէս «կաթնտու կով»: Սփիւռքահայերը կրնան նպաստել Հայաստանի բարգաւաճման՝ իրենց ներդրումներուն եւ փորձառութեան միջոցով: Փոքր ազգը, որ դարեր շարունակ վերապրած է հալածանքներ, ջարդեր եւ նոյնիսկ ցեղասպանութիւն, պէտք չէ պառակտուի: Փաշինեան արդէն իսկ բաժնած է հասարակութիւնը՝ նախկիններու եւ ներկաներու, հայաստանցիներու եւ արցախցիներու, հայաստանցիներու եւ սփիւռքահայերու, իսկ այժմ՝ «ներքին» եւ «արտաքին» քաղաքացիներու։ Ան պէտք է հետեւի ականաւոր բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի հանրայայտ պատգամին. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Երբ 2018 թուականին Փաշինեան առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան, ան լուծարեց սփիւռքի նախարարութիւնը՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ եղած միակ կապը։ Անոր փոխարէն՝ ստեղծեց «Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը»՝ Զարեհ Սինանեանի գլխաւորութեամբ, որ սկսաւ քանդել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ եղած բոլոր կամուրջները։ Փաշինեան ինք արտասահմանեան այցելութիւններու ընթացքին սփիւռքահայերու հետ հանդիպումներու ժամանակ նուաստացուցիչ արտայայտութիւններ կատարեց անոնց հասցէին։

Հեգնականօրէն Հայաստանի թշնամիները՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, աւելի շատ կը գիտակցին սփիւռքի կարեւորութեան։ Տարիներու ընթացքին թէ՛ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը բազմիցս նշած են, որ գերազանց յարաբերութիւններ ունին Հայաստանի կառավարութեան հետ, սակայն մտահոգ են, որ «հզօր» սփիւռքը կը խոչընդոտէ Հայաստանէն առաւելագոյն զիջումներ կորզելու իրենց ծրագիրները։

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յստակ հրահանգներ տուած են իրենց դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսութիւններուն՝ աչալուրջ կերպով հետեւելու տեղական հայկական համայնքներու գործունէութեան ու յայտարարութիւններուն։ Անոնք մնայուն կերպով կը հետեւին հայկական լրատուամիջոցներուն՝ իրազեկ ըլլալու վերջիններուս տարածած հաղորդագրութիւններուն եւ նախատեսուող ձեռնարկներուն մասին։ Հաւաքուած ամբողջ տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն։

Ասոր թարմ օրինակներէն է 11-12 Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած «Սփիւռքի զօրաշարժի համաժողովը», որուն կը մասնակցէին 26 երկիրներէ 170 հայ գործիչներ, որոնց կարգին՝ Հայաստանի երեք նախկին վարչապետներ եւ Արցախի կառավարութեան ներկայացուցիչներ։

Անգարայի Եւրասիական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (AVIM) վերլուծաբան Իլահա Խանտամիրովան Փարիզի համաժողովի վերաբերեալ երկու մասէ բաղկացած ծաւալուն վերլուծութիւն հրատարակած է: Ահա բաժիններ՝ անոր զեկոյցէն. «Փաշինեան կը հանդիսանայ անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին քաղաքական առաջնորդը, որ բացայայտ հակադրութեան մէջ մտած է թէ՛ Հայ եկեղեցւոյ, թէ՛ սփիւռքի հետ: Մասնաւորապէս վերջին տարիներուն արցախեան հիմնախնդրի շուրջ անոր հռետորաբանութեան փոփոխութիւնը խոր պառակտումներ յառաջացուցած է սփիւռքի շրջանակներուն մէջ: Փաշինեանի կողմէ Արցախը իբրեւ Ատրպէյճանի տարածք բացայայտ ճանաչումը… լուրջ շեղում է հայկական աւանդական ազգայնական  խօսոյթէն»:

Խանտամիրովան անդրադարձած է նաեւ Փարիզի համաժողովին ընթացքին իմ ունեցած ելոյթիս՝ նշելով. «Գրող Յարութ Սասունեանի՝ «Սփիւռքի խորհրդարան» ստեղծելու առաջարկը ուշագրաւ է այնքանով, որքանով կը փաստէ (Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ) ներկայիս յառաջացած լարուածութեան տարողութիւնը»։

Արդեօք զարմանալի չէ՞, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն սփիւռքի յայտարարութիւններուն եւ գործունէութեան, քան՝ Հայաստանի վարչապետը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button