Մարք Նշանեան. Սփիւռքի Մտածողը

Տիգրան Եկաւեան
Թարգմանուած՝ ֆրանսերէնէ
Ստորեւ, յապաւումով լոյս կ՛ընծայենք Տիգրան Եկաւեանի այս գրութիւնը, որ հրատարակուած է «Ֆրանս-Արմենի»-ի Յունիս 2026-ի թիւին մէջ։ Նշենք, թէ այս վաւերագրականը պատրաստուած է հովանաւորութեամբ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան եւ տնտեսագէտ Մարք Շէնեանի։
Վահէ Օշականի մասին իր վաւերագրական ժապաւէնէն ետք, վաւերագրական գործերու բեմադրիչ Հրայր Անմահունի (Էօլմեսեքեան) այս անգամ իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ ժամանակակից հայ Սփիւռքի ամէնանշանաւոր մտաւոր դէմքերէն մէկուն՝ փիլիսոփայ Մարք Նշանեանի վրայ։ Լիզպոնի եւ Մոնրէալի միջեւ նկարահանուած այս հայերէն վաւերագրականը մեզ կը տանի մտածողութեան մը խորքերը՝ մարդու մը, որ սփիւռքեան արտաքին տիպարը վերածած է իր մտորումներու հիմնական տարածքին։ Արդէն ժամանակն էր։
Հրայր Անմահունիի վաւերագրականը մեզ կը տանի նախ Լիզպոնի, ապա Մոնրէալի մէջ գտնուող փիլիսոփային ջերմ ու լուսաւոր բնակարանը։ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու զաւակ Մարք Նշանեան կը պատմէ իր մանկութենէն պատառիկներ. մայրը՝ որ ամբողջ կեանքին ընթացքին կը կրէր Աղէտին խոր վէրքերը, եւ հայրը՝ որ կը փափաքէր իրենց փարիզեան տունը վերածել շարժապատկերի սրահի։ Երկրորդ սերունդի զաւակ ըլլալով՝ Նշանեան երկար ժամանակ իր մէջ կրած է «դուրսը գտնուելու ամօթը», այն օտարութեան զգացումը, որ յետագային պիտի դառնար իր փիլիսոփայական մտածողութեան առանցքը։
Հիմնադիր հանդիպումը
21 տարեկան հասակին, ճակատագրական հանդիպում մը արմատապէս կը փոխէ անոր յարաբերութիւնը հայերէն լեզուին հետ եւ կը ճշդէ մտաւոր ուղին։ Փարիզի «Ռիւ Պլէօ» փողոցին վրայ Մարք Նշանեան կը հանդիպի Լիբանանէն ժամանած երիտասարդ հայ ուսանողներու, փայլուն հայախօսներու, որոնք հետագային պիտի դառնային նշանաւոր մտաւորականներ եւ ստեղծագործներ՝ Գրիգոր Պըլտեան եւ Յարութիւն Քիւրտքճեան։ «Այդ պահուն իմ մտքիս մէջ ամէն ինչ յստակ էր. Սփիւռքը», կը յիշէ ան։
1968-ի սերունդը կը դիմագրաւէր նոյն երկընտրանքը՝ սփիւռքեան ինքնութեան մասին մտածել առանց զգացականութեան, ձուլման խորացող պայմաններուն մէջ։ Նշանեան կը ձեռնարկէ երկար աշխատանքի մը՝ կատարելագործելու իր գրական հայերէնը, որպէսզի, իր իսկ խօսքով, «հայերէնով ինչ-որ բան ըլլայ»։
Զարեհ Որբունիի եւ Նիկողոս Սարաֆեանի հետ հանդիպումները կը հաստատեն այդ կոչումը։ «Պէտք էր հաւատարիմ մնայի անոնց փորձառութեան եւ իրենց փոխարէն բացատրէի, թէ ի՛նչ է Սփիւռքը», կ՛ըսէ ան։ 1977-ին Վահէ Օշական իրեն կը խնդրէ գրել իր հօր՝ Յակոբ Օշականի մասին։ Այդ առիթով Օշական կ՛արտասանէ նախադասութիւն մը, որ պիտի դառնար Նշանեանի ամբողջ ուղեգիծին նշանաբանը. «Կարեւորը այն է, որ աշխարհի վրայ գոնէ մէկ մարդ քեզմէ բան մը սպասէ»։
Արտաքին մտածողութիւնը
«Որպէս մտաւորական՝ ոչ ոք զիս սպասած էր, ոչ ոք զիս պատրաստած էր դառնալու այն, ինչ դարձայ։ Ես ամբողջովին ինքզինքս ես ստացայ ինձմէ», կը խոստովանի Նշանեան։
Այս ինքնաստեղծումը, ըստ իրեն, կ՛արտացոլացնէ աւելի լայն իրականութիւն մը. «Սփիւռքը իւրաքանչիւր սերունդի հետ պարտաւոր է ինքզինք զերոյէն վերասահմանել»։

Ձախէն աջ՝ Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոս (Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական հիմնարկ), Ռազմիկ Փանոսեան (Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն), Անի Կարմիրեան (Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի արեւմտահայերէն լեզուի պատասխանատու), բեմադրիչ Հրայր Անմահունի, Յակոբ Կիւլլիւճեան (գրականագէտ, տնտեսագէտ եւ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական ուսմանց դասախօս),, Փիթըր Քաուի (հայագէտ, լեզուաբան, պատմաբան եւ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական ուսմանց Նարեկացիի անուան տնօրէն),, Սեպուհ Արսլանեան ( Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի անուան հայոց նորագույն պատմութեան ամպիոնի տնօրէն)։
Ի տարբերութիւն Փարիզի դպրոցի գրողներուն, որոնք ուսանած էին հայ մեծ վարպետներու՝ Յակոբ Օշականի եւ Վահան Թէքէեանի մօտ, Նշանեանի սերունդը ստիպուած էր սեփական ուղի որդեգրել։
Ան Սփիւռքը կը բնորոշէ որպէս «միւս կողմ»։ «Մենք դուրսէն ենք», կը շեշտէ ան։ Այս կացութիւնը, որ որոշ առումով կը յիշեցնէ Միշել Ֆուքոյի (խմբ․- ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ պատմագէտ, 1926-1984) «դուրսի մտածողութիւնը», կը դառնայ իր տեսական աշխատանքի առանցքը։ «Սփիւռքը դուրսն է», կը կրկնէ Նշանեան։ Այս գիտակցութիւնն է, որ կը ձեւաւորէ իր մտաւոր ծրագիրը՝ արտատարածքայնութեան (խմբ․- exterritorialité) տեսութիւն մը մշակելու ձգտումը։
Ցեղասպանութիւնը եւ պատմագրական խեղաթիւրումը
Ցեղասպանութեան մասին իր գլխաւոր ուսումնասիրութեան՝ «Պատմագրական խեղաթիւրումը» աշխատութեան մէջ, Նշանեան կը զանազանէ Ցեղասպանութիւնը որպէս պատմական իրադարձութիւն եւ Աղէտը՝ որպէս ինքնին փաստ։
Ան կը պնդէ, թէ անհնար է լիովին վկայել անպատմելին՝ խոշտանգումը, նահատակութիւնը, կոտորածի փորձառութիւնը։ Ըստ իրեն, Ցեղասպանութեան նպատակն էր «խելագարեցնել զոհը», ոչնչացնել իսկական վկայութեան հնարաւորութիւնը։
Այս արմատական թեզը երբեմն բուռն քննադատութիւններու պատճառ դարձած է։ Ոմանք նոյնիսկ անհեթեթ կերպով զինք «ժխտողական» կոչած են՝ թունաւոր զրպարտութիւն մը, որ խորապէս վիրաւորած է զինք։
Թարգմանութիւնը՝ որպէս օտարութեան փորձառութիւն
«Ինչո՞ւ Մարք Նշանեան։ Պատասխանը պարզ է. որովհետեւ Յակոբ Օշական գոյութիւն ունեցած է երկրի երեսին։ Առանց Յակոբ Օշականի ես գոյութիւն չէի ունենար», կ՛ըսէ ան ինքնքավստահութեամբ։
Օշականը, ըստ իրեն, արեւմտահայ Սփիւռքի խղճմտանքն էր։ «Եթէ ուզէիր հարուածել Օշականին, կը նշանակէր կոտրել Սփիւռքի ողնայարը»։ Իսկ Վահէ Օշականը նոյն դերը կատարեց յաջորդ սերունդին համար։
Մարք Նշանեան նաեւ արեւմտահայերէնի թարգմանիչն է բազմաթիւ փիլիսոփայական մեծ գործերու։ «Մենք թարգմանիչներու ազգ մըն ենք», կը յայտարարէ ան։ Իրեն համար թարգմանութիւնը պարզ լեզուական աշխատանք չէ, այլ «օտարին փորձառութիւնը»։

Ան կը յիշատակէ Նիչէն՝ ընդգծելով, «Միայն մենք կրնանք գիտնալ, թէ ինչ կը նշանակէ թարգմանել օտարութեան մէջ»։ 2002-ին, իր իսկ բնորոշումով, հրաշք մը տեղի կ’ունենայ. երկար տարիներու աշխատանքէ, պարտաւորութիւններէ եւ սահմանափակումներէ ետք, ան յանկարծ ազատ կ’ըլլայ որքան ուզէ հայերէն գրելու։ Սակայն այս հրաշքը արդեօք նաեւ համբերատարութեան եւ հետեւողականութեան յաղթանակը չէ՞։ Ֆրանսայի մէջ սնանած երիտասարդ հայը, որ ժամանակին կարիքը ունէր ուսուցչի մը, որ իրենմէ ակնկալութիւն ունենար, այսօր կրնայ գոհունակութեամբ անդրադառնալ իր անցած ճամբուն, որովհետեւ այժմ մենք ենք, որ իրեն պէտք ունինք։
Մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու մասին խօսելով՝ ան կը շեշտէ յետիշխանական արուեստի հնարաւորութեան խնդիրը։ «Կա՞յ արդեօք տեսողական արուեստ մը, որ յատուկ ըլլայ Սփիւռքին։ Հնարաւո՞ր է զայն մտածել, պատկերացնել»։ Այս հարցադրումը կ’անցնի ամբողջ վաւերագրական ժապաւէնին մէջ, որ մեզ կը տանի Լիզպոնէն մինչեւ Մոնրէալ, ուր զայն կը տեսնենք մտաւորական Ռաֆֆի Աճեմեանի հետ զրուցելու ընթացքին։
Մարք Նշանեան նաեւ մտաւորական եւ մարդկային սերտ կապեր կը պահէ Հայաստանի՝ «միւս ափին» հետ, ուր կը գտնէ ընթերցողներ եւ բարեկամներ։ Արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը կը ձեւաւորուի Երեւանի մէջ լոյս տեսնող «ԿԱՄ» հանդէսին հետ։ Հայաստանի մտաւորականներէն Վահան Իշխանեանին մասին Նշանեան կը խոստովանի. «Ան ինձմէ բան մը կ’ակնկալէր»։
Ընթացքի մէջ եղող գիտակցութիւն մը
1960-ականներու վերջաւորութեան սկսած այս շրջանը կ’աւարտի 21-րդ դարուն, ուր «վախճան» բառը դժուարութեամբ կը գրուի։ Սփիւռքը չի մահանար, քանի դեռ Մարք Նշանեան կը շարունակէ ներշնչել մտածողներու նոր սերունդները։
«Ես Սփիւռքի ապագային տանող դուռն եմ։ Եթէ ես չյաջողիմ, Սփիւռքն ալ պիտի չյաջողի։ Ես այն մարդն եմ, որ ուզեց եղած ըլլալ այն, ինչ որ եմ՝ այս ինքնիշխան օտարութեան մէջ։ Այն մարդը, որ կ’ուզէր աշխարհին հետ կապ ունենալ հայերէն լեզուով»», կը յայտարարէ Մարք Նշանեան՝ ապշեցուցիչ պարզաբանութեամբ մը։
Հրայր Անմահունիի ամբողջութեամբ հայերէն նկարահանուած վաւերագրականը արժանին կը մատուցէ, այս շարունակ շարժման մէջ գտնուող մտածողութեան, որ խորապէս արմատացած է հայախօս Սփիւռքի լայնատարած աշխարհին մէջ։
Սակայն անհանգստացնող հարց մը կը մնայ անլոյծ. ո՞վքեր են Մարք Նշանեանի, Գրիգոր Պըլտեանի եւ Յարութիւն Քիւրտքճեանի ժառանգորդները։ Աշխարհի մը մէջ, ուր Սփիւռքը պարտաւոր է վերասահմանել ինքզինք իւրաքանչիւր սերունդի հետ, այս փոխանցումը կը մնայ ամենէն անորոշ եւ վճռորոշ մարտահրաւէրը։

