ԱզգայինՅօդուածներ

Մահուան Քառասունքին Առիթով․- Մասեաց Սէգ Մասիսը

Ծ․Խ․- Ստորեւ, պատշաճ յապաւումով լոյս կ՛ընծայենք ընկեր Մասիս Ալեքսանտրեանի յուղարկաւորութեան առթիւ, կարդացուած այս գրութիւնը։

Զ. Թ.

Թուական՝ 31 Յունուար 1986։ Վայր՝ Պէյրութի Ուաթ-Ուաթ թաղ։ Դաշնակցական նուիրեալ ընկերներ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէրպէրեան եւ Ներսէս Խիւտավէրտեան զոհ գացին անարգ ոճիրի մը, իսկ Յակոբ Պարսումեան առեւանգուեցաւ ու կորսուեցաւ անհետ:

Մեր յուշերուն մէջ անմոռանալի կը մնայ այս դէպքը, որուն քառասնամեակը՝ զուգադիպութեամբ մը կը նշուի այս օրերուն։

Մեզի պարտականութիւն տրուած էր, ընկեր Մասիսի առաջնորդութեամբ, զոհերուն հարազատներուն հաղորդել այդ զարհուրելի եւ սահմռկեցուցիչ գոյժը։

Advertisement Subscribe Today

Ա-հա-ւոր կացութիւն, անձնասպանական գործողութենէ մը աւելի դժուար ու անիրագործելի պարտականութիւն։

Չշարունակեմ եւ մանրամասնութիւններու մէջ չմտնեմ։ Հիմա, վերէն պիտի զայրանայ մեր Մասիսը, որ վերէն դիտելով, կարմրած այտերով պիտի դժգոհի եւ հանդարտ ու իմաստուն ոճով հաւանաբար ընդմիջէ․ «Ընկե՛ր, պարտականութիւն մըն էր, որ բաւական ծանր ու դժուար էր, բայց կատարեցինք»։

Երանի՜ ամէն մարդ, հայորդի եւ կուսակցական Մասիսին պէս ըլլար՝ ուղղամիտ, ողջմիտ, բարեհաճ եւ անշահախնդիր։

Հաւանաբար փաղաքշական այս ածականները զինք զայրացնէին։ Աւելին, պիտի չհաւնէր իր վեհութիւնը բնորոշող՝ «Մասեաց սէգ Մասիս» բանաձեւը։

Այո՛, այսպէս էր մեր աննման Մասիսը։ Լռիկ-մնջիկ աշխատող եւ անաչառօրէն գործող։

Ֆրանսացի գրագէտ եւ դիւանագէտ Փօլ Մորան (1888-1976) խօսք մը ունի․-

«Կեանքը ախտ մըն է, որուն հետեւանքով բոլորը կը մահանան» (La vie est une maladie dont tout le monde meurt – Life is a disease from which everyone dies)… Այսպիսի պարզ ու յստակ նախադասութեամբ մը  կարելի է բնութագրել գլխագիր ՄԱՐԴԸ՝ ընկեր Մասիսը։

Այդպէս կը սիրէր ապրիլ, զրուցել եւ գործել։

Մասիսին ծանօթացայ իր լուսահոգի կրտսեր եղբօր՝ Սեւանին ճամբով։ Հակառակ տարիքի տարբերութեան, մնացինք մօտիկ դրացի եւ գաղափարակից ընկեր։

Գիր ու գրականութեան հանդէպ յատուկ տկարութիւն ունէր, սակայն իր մասնագիտութիւնն էր թիւն ու թուաբանութիւնը, այսինքն՝ տնտեսութիւնը իր ամբողջութեամբ, որ կ՛ընդգրկէ նախահաշիւի պատրաստութիւն, հաշուապահութիւն, գանձապահութիւն եւ այդ բնագաւառներէն ներս ծրագրում։

Զարմանալի, բայց իրաւ. բարձր ուսման տիրացած մեր ընկեր Մասիսին՝ վեհ Մասիսին գործն էր նիւթականով, հաշիւներով զբաղուիլ, սակայն երբե՛ք նիւթապաշտ չէր։ Հաշուետուութիւն, հաշուեկշիռ, հաշուեյարդար․․․ան բծախնդրութեամբ հաշիւներ կը ստուգէր եւ երբե՛ք մութ հաշիւներ չունէր։

Իրեն համար նոյնինքն ծրագիրի մը յաջողութիւնն էր առաջնահերթութիւնը, եւ ամենայն նուիրումով կը կատարէր իր աշխատանքը՝ ոչ մէկ թերացում արձանագրելով։

Ցայտուն օրինակն է Արցախի վերաբնակեցման համար «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» հիմնարկը, որուն ոչ միայն վարչական խորհուրդի անդամն էր, այլ ալֆան եւ օմեկան։ Ան մեծ գուրգուրանքով կատարեց իր աշխատանքը։

«Հազարաւոր ազատամարտիկներ իրենց արիւնը թափեցին ազատագրելու համար տարածքներ, որոնք ամայի կը մնան: Եթէ այդ տարածքները չվերաբնակեցուին, ուշ կամ կանուխ զանոնք պիտի կորսնցնենք», կը շեշտէր ան՝ եզրակացնելով․ «Հողը նրան է, ով այնտեղ է ապրում»:

Է՜հ․․․Յիշեալ աշխատանքներուն իր ներգրաւումէն քանի մը տարի ետք, Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, նաեւ անկէ ետք, յաճախ հեռաձայնով կը զրուցէինք։ Պարզ ու մեկին. շշմած եւ ցնցուած էինք։

Քաշաթաղի, Շահումեանի եւ Բերձորի շրջաններուն մէջ կատարուած ներդրումն ու շինարարական աշխատանքները ունեցած էին ողբերգական վախճան մը։

Հակառակ այս ողբերգական ու խղճալի վիճակին, յուսահատ չէր Մասիսը․ նկարագիր մը կամ գործելաձեւ մը՝ որ իր իւրայատկութիւնն էր։

Վերջերս, քաղաքական պատճառներով յաճախ կը յիշուի Գէորգ Էմինի «Ա՜խ, այս Մասիսը» բանաստեղծութիւնը։

Քանի մը տող մէջբերեմ, ի մտի ունենալով մեր մեկնած ընկերը.

Ա՜խ, այս Մասիսը…

Որից փափկո՜ւմ են սրտերը բոլոր,

Երբ ինքը․․․այստե՜ղ չէ…

Աւելի չերկարեմ, որովհետեւ վստահաբար, հոն վերէն դիտելով, կրկին այտերը կարմրած եւ պեխերը սրած, պիտի արտայայտուի․- «Ճանըմ ինչ է դուն ալ կը չափազանցես։ Երկար-բարակ անդրադառնալու կարիք չկայ»։

Խոր ցաւակցութիւն իր կողակիցին, եղբայրներուն, զաւակներուն, թոռնիկներուն, հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն։

Ցտեսութի՜ւն, ընկե՛ր ջան՝ Մասեաց Սէգ Մասիս։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button