Լրահոս

Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԾՈՒԽԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ

 

Սուրբ Ծնունդը պատշաճ կերպով նշուեցաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի ծուխերէն ներս։

Ծնունդէն ետք տեղի ունեցած հոգեւորականներու ժողովին, Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, խնդրեց, որ իւրաքանչիւր հովիւ հակիրճ զեկոյց մը տայ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին մասին, իրենց ծուխերուն մէջ։

Սուրբ Աստուածածին՝ Ուայթինզվիլ (Մասաչուսէց)

Տարբեր ծուխերու մէջ տեղի ունեցած հանդէսները, խնճոյքները, համերգները, ճաշկերոյթները եւ այլ ձեռնարկներ գնահատուեցան ծխականներուն կողմէ։ Անոնք միշտ մեր հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը գրաւեցին, սատար հանդիսանալով ուրախալից եւ դրական մթնոլորտի ստեղծման։

Սուրբ Գրիգոր՝ Նորթ Էնտովըր (Մասաչուսէց)

Սակայն, հովիւներուն զեկուցումներուն ամենէն դրական երեսը եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցող հաւատացեալներու թիւին աճն էր։ Կարգ մը թիւեր մրցանիշ կոտրած էին, բայց ընդհանուր առմամբ մեր ծուխերը, մեծ թէ փոքր, տեղեկացուցին, որ հաւատացեալներու չափաւորէն մինչեւ ստուար թիւեր, որոնք արձանագրուած էին եկեղեցիներուն մէջ Ճրագալոյցին ու Սուրբ Ծննդեան տօնին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու հովիւները իսկապէս ուրախացած էին այն անդրադարձով, որ յատուկ Սուրբ Ծնունդ մըն էր՝ հաւատացեալներու մասնակցութեան իմաստով, ցոյց տալով հաւատքի վերանորոգում մը որ կը թուի ծաղկիլ մեր ժողովուրդին մէջ։

Սուրբ Վարդանաց՝ Փրավիտենս (Ռոտ Այլընտ)

Անուշաւան Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, թէ շատ յուզիչ էր իրեն համար այն իրողութիւնը, որ աւելի քան 1700 տարի ետք, պապենական իրենց հողերէն շատ հեռու, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները կը շարունակէին վառ պահել իրենց նախնիներուն նոյն արժէքներն ու հաւատալիքները, ապացուցելով իրենց խոր սէրը առաքելական հաւատքին հանդէպ, որ Թադէոս եւ Բարթողոմէոս սուրբերուն կողմէ սերմանուած եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հաստատուած է։ Ի հարկէ, սրտառու երեւոյթ մըն էր տեսնել ամերիկահայ համայնքի զաւակներուն հոսքը դէպի եկեղեցիները։

Սուրբ Սարգիս՝ Տակլըսթըն (Նիւ Եորք)
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ Կրանիթ Սիթի (Իլինոյ)

Միշտ այդպէս չէ եղած։ Ժամանակին, հայկական Ծնունդը Միացեալ Նահանգներու մէջ սովորաբար կը տօնուէր 6 Յունուարին ամենամօտ Կիրակին։ 1970-ական թուականներու կէսերուն, Թեմիս Առաջնորդ՝ լուսահոգի Գարեգին Արքեպիսկոպոս (այնուհետեւ՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) յանդուգն քայլի մը ձեռնարկեց, հաւատացեալները բերելով իրենց հաւատքի բուն արմատներուն, երբ Սուրբ Ծնունդի նշումը վերահաստատեց բուն 6 Յունուարի օրը։ Բնականաբար հաւատացեալներու ներկայութիւնը անկում կրեց, երբ օրը աշխատանքային օրուան կը զուգադիպէր։ Տարիներու ընթացքին, սակայն, երբ այս վերադարձի դէպի աւանդութիւնը լայնօրէն ընդունուեցաւ համայնքներուն մէջ, եկեղեցիներու յաճախումը սկսաւ բարձրանալ։ Ահա թէ ինչու այնքան գօտեպնդող է տեսնել, որ յիսուն տարի ետք, Երկուշաբթի երեկոյեան եւ Երեքշաբթի առաւօտեան, եկեղեցիները լեցուն էին հաւատացեալներով՝ երիտասարդ թէ տարեց։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button