Լրահոս

Լիբանան․- «Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» Հատորի Ներկայացում Եւ Գինեձօն

Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայ երեք համայնքապետներուն,  Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նորատիպ «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք» հատորի ներկայացումը եւ գինեձօնը: Հատորին թարգմանութիւնը կատարած է Արտա Ճէպէճեան, սրբագրութիւնը` Նորա Բարսեղեան, իսկ էջադրումը` Մեղրի Շամմասեան:

Հատորը ներկայացուց Կիրակնօրեայ վարժարանի վարիչ Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան, որ շեշտեց, թէ այս գիրքը իրեն հետ կը բերէ ուրախութիւն, որովհետեւ մանուկները կը գտնեն երջանկութիւն Աստուծոյ պատմութիւններուն մէջ, մխիթարութիւն, որովհետեւ անոնք կը սորվին, թէ դժուար պահերուն Աստուած միշտ մօտ է, նաեւ` կապ, որովհետեւ պատմութիւններու, աղօթքի եւ խոկման միջոցով ընտանիքները աւելի կը մօտենան իրարու:

Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ իբրեւ հայ աւետարանական եկեղեցի` մանուկներու հոգեւոր դաստիարակութիւնը միշտ ալ առաջնահերթ եղած է իրենց համար, աւելցնելով, որ մանուկի տարիքային հասկացողութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ պատանեկան տարիքը, որ ամբողջական դաստիարակութիւն է, որ կը միտի զայն ծանօթացնել Քրիստոսի Աւետարանի բարի լուրին եւ առաջնորել կեանքը ապրելու քրիստոնէական արժէքներով եւ սկզբունքներով:

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ներկայացուց ցարդ իրենց հրատարակած գիրքերը` շեշտելով, որ շատ կարեւոր է մանկուները Աստուծոյ ճամբուն մէջ տեսնել, որովհետեւ անոնք մեր ապագայ առաջնորդները պիտի ըլլան: Անդրադառնալով վերջին հատորին` «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք»-ին, ան ըսաւ, որ գիրքին պատմութիւնները Աւետարանին մէջ տեղ գտած արկածախնդրութիւններն են, որոնք գրուած են դիւրին բառերով, դիւրին հայերէնով, որպէսզի մանուկները կարդան եւ դիւրին հասկնան, եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն` քաջալեր հանդիսանալ իրենց զաւակներուն, որպէսզի զայն կարդան:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն գիրքի հրատարակութեան, յատկապէս` սրբազան հօր, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի իր բոլոր հրատարակութիւններուն, նաեւ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, որ որակով հրատարակելէն անդին, կ՛օգնէ, որ գիրքը տարածուի, որովհետեւ իրենք կը հաւատան հայ գիրքի արժէքին:

Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական Գրիգոր եպս. Պատիշահ հաստատեց, որ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու մանկավարժական անգնահատելի արժէք ներկայացնող սոյն հատորը, որ նախատեսուած է 7-էն մինչեւ 12 տարեկան երեխաներուն համար։

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ըսաւ, թէ Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեան ամոլը կը գործէ, որպէսզի մեզ մեր աշխատանքին մէջ քիչ մը աշխուժացնեն, եռանդ զետեղեն մեր հոգիին մէջ, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին մեր ուշադրութիւնը դէպի մեր զաւակները ուղղելով` յաւելեալ ճիգով փորձենք իրենց փոխանցել Աստուծոյ խօսքը։

Գեղարուեստական յայտագիրով հարուստ էր այս ձեռնարկը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button