Յօդուածներ

Սրբադասում՝ Համաշխարհային Մաշտաբով

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ – Վըրճինիա

Կիրակի վաղ առաւօտեան, քնոտ աչքերով, սակայն հաւատացեալ հայու մը վերացումով եւ արթնութեամբ, չըսելու համար ջերմ զգացումներով տոգորուած՝ վկայեցի Վատիկանի հսկայ հրապարակը լեցնող առաւել քան 70 հազար ամէն ազգի եւ գոյնի պատկանող ջերմեռանդ հաւատացեալներու ներկայութեամբ ու Լէօ ԺԴ. պապին մասնակցութեամբ տեղի ունեցող սրբադասման հոգեպարար արարողութիւնը, տարբեր ազգերու պատկանող եօթը երանելի ընտրեալներու, գլխաւորութեամբ՝ հայազգի Իգնատիոս արք․ Մալոյեանի, որ իր քրիստոնէական հաւատքը պահպանելու անխախտ որոշումին համար խոշտանգուեցաւ եւ նահատակուեցաւ օսմանեան թուրք իշխանութիւններուն ձեռամբ:

Առաւել քան յուզիչ էր իր տեսակին մէջ առանձնայատուկ եւ վերացնող սրբադասման արարողութիւնը։ Օրինակելի էր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տիրող կարգ ու կանոնը, ոգեւորութիւնը եւ հոն՝ ներկայ հաւատացեալներու քրիստոնէավայել պահուածքը:

Եօթ սրբադասուողներուն կեդրոնը՝ առ ի պարծանք եւ սփոփանք հայ ժողովուրդին, իր պարթեւ հասակով կանգնած էր նահատակ հայ արքեպիսկոպոսին ծաւալուն պատկերը:

Advertisement Subscribe Today

Երկու ժամ տեւած սուրբ արարողութեան ընթացքին, խորանը, պատարագիչ քահանայապետի կողքին կանգնած հայ կաթողիկէ կաթողիկոս պատրիարքը, իտալերէն իր պատգամը տուաւ 70 հազար ներկաներուն, սրբադասման արարողութեան հետեւող, միլիոններ հաշուող՝ միջազգային հանրութեան։

Թուրքիոյ կողմէն գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը տակաւին ներկայ մաշտաբով եւ տարողութեամբ չէր յիշատակուած ու արծարծուած, միջազգային բեւեռացուած հանրութեան մը ներկայութեան:

Միայն կրօնական ու եկեղեցական հարթակի վրայ պէտք չէ մօտենալ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման երեւոյթին, այլ՝ ազգային-քաղաքական, Հայ Դատը եւ Ցեղասպանութիւնը միջազգային մաշտաբով օտարին ծանօթացնելու տեսանկիւնէն եւս պէտք է դիտենք իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս եղելութիւնը: Սակայն, սրտցաւ հայու մը համար հարցական կը մնայ, թէ Ռաֆայէլ Մինասեան պատրիարքին կողքին, Սուրբ Էջմիածինը եւ Կիլիկեան Աթոռը ներկայացնող զոյգ մը սրբազան հայրեր միայն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ շուրջ 1500 հայ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան սուրբ պատարագին եւ սրբադասման հոգեշունչ արարողութեան։

Ի պատիւ լիբանանցի մեր եղբայրներուն՝ նախագահ Ժոզէֆ Աուն իր տիկնոջ հետ, ինչպէս նաեւ մարոնիներու պատրիարքը՝ կարտինալ Պութրոս Ռաաին մասնակցութիւն բերին սուրբ արարողութիւններուն: Այո, սակայն, տեղին է հարցնելը, թէ՝ կրօնական մեր պետերը ինչո՛ւ չմասնակցեցան հանրութեան մը պատմութեան մէջ քիչ անգամ պատահող տիեզերական մաշտապով ներկայ միջոցառումին: Առ ի յարգանք եւ պատկառանք մեր կրօնական պետերուն՝ չենք ուզեր ծանրանալ անոնց չարդարացուող բացակայութեան ներքին ծալքերուն, սակայն, բոլոր առումներով խոստովանինք՝ անոնք, խուսափելով սրբադասման արարողութենէն՝ յուսախաբ ըրին հայրենասէր հայ զանգուածները: Գիտենք, թէ Արամ Ա. վեհափառը կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ՝ իր գահակալութեան 30ամեակը նշելու։ Սակայն, կարելի էր շաբաթ մը յետաձգել եւ Վատիկանէն վերադարձին կատարել պատմական այդ նշումը:

Ազգի մը պատմութեան մէջ կան եղելութիւններ, որոնք բարձր կը մնան հատուածական նկատումներէ: Այդ առումով, սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան ամբողջ մարդկութեան կը պատկանի եւ ոչ թէ յատուկ համայնքի մը կամ եկեղեցւոյ մը։ Հայ հովուապետներու բացակայութիւնը Վատիկանի սրբադասման արարողութենէն, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար, անհասկնալի էր: Երկու վեհափառները, որոնց հանդէպ խոր յարգանք կը տածենք, խիստ ցանկալի էր, որ իրենց ծանրակշիռ մասնակցութիւնը բերէին, երանելի հայ հոգեւորականի մը սրբադասման վատիկանեան արարողութեան։ Հայանպաստ եւ ազգանուէր այդ քայլով, օտարազգի միլիոնաւոր հաւատացեալներու աչքին աւելի եւս իմաստաւորելու, հայ ազգի պանծալի զաւակ՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութիւնը, գործադրուած՝օսմանցի թուրքերուն կողմէ, նախամարդու լարումով եւ կիրքով:

Տեղին կը գտնենք հարցնելը, որ արդեօք բարձրաստիճան կղերին կողմէ այնքան յորջորջուած եկեղեցիներու միութիւնը սոսկ խօ՞սք եւ մաղթա՞նք է, թէ՝ իրականութիւն:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button