ԱզգայինԳլխաւորՅօդուածներ

Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը․ Կը Ճանչնա՞ք Զայն

 

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Մեկ մեկնաբանութիւն

  1. Հրաչ Չիլինկիրեանը մի քանի պարբերութեամբ շատ բան բացատրած է, հաճելի հիւմըրով: Կէտ մը եւս պիտի ուզէի աւելցնել յաւելեալ երեւոյթի մը անդրադառնալու:…
    Տիկին Արեւ Մուտեանը զարմիկ մը ունի, որ նաեւ Արեւ անունը կը կրէ, բայց մականունը Ելյան է: Ամուսնացած է ռուսահայ աւելի կայուն եւ հարուստ ընտանիքի մը մէջ: Առաջին օրէն ի վեր, երկու զարմիկներուն միջեւ յարաբերութիւնները շատ աւելի խնդրայարոյց եղած են քան թէ սիրալիր: Իրենց զաւակներուն եւ թոռերուն մէկ կարեւոր մասը սովորութիւնը ունի քէն պահելու, իրարու հետ չխօսելու եւ երբեմն նոյնիսկ՝ զիրար վիրաւորելու եւ իրարու դէմ պայքարելու: Տիկին Արեւ Ելյանին ընտանիքը աւելի մեծ եւ ուժով է, պետութեան հետ սերտ կապեր ունի, եւ Մուտեանները շատ լուրջի չ’առներ: Կարելի է ըսել որ առհասարակ Ելյանները անհանդուրժողական են Մուտեաններուն հանդէպ. չեն սիրեր արտասահմանցի իրենց ազգականներուն աւելի դասական մօտեցումը մշակութային եւ լեզուական հարցերու շուրջ. նոյնիսկ չեն ուզեր հասկնալ: Դժբախտաբար Մուտեաններուն մէջն ալ կան անհանդուրժողական տարրեր, որ Ելյաններուն վրայ կը խնդան (բայց նաեւ՝ որոշ նախանձով): Անշուշտ որոշ զարմիկներ կան որ իրարու հետ կը գործակցին եւ նոյնիսկ զիրար կը սիրեն, միասնաբար՝ Տիկին Մուտեանին դարմանումով զբաղած են, ու միեւնոյն ժամանակ՝ մտահոգ Տիկին Ելյանին շատ օտարաբանութիւններ օգտագործելու «տենդենցիայով»: Բայց մեծ մասը՝ ոչ: Այս իրականութիւնը կարեւոր դեր մը ունի թէ՛ Տիկին Մուտեանին խնամքին, եւ թէ՛ ալ անոր վատառողջութեան պատճառներուն մէջ: Խեղճ Տիկին Մուտեանը շրջապատուած է ընտանիքի անդամներով որոնց մէկ մասը կը փափաքի իր առողջութեան բարելաւումը, իսկ միւս մասը՝ իր մահը: Ո՛ւր դառնալը չի գիտեր: Բարեբախտաբար, Լիզպոն տուն մը ունի (իր արեւելքէն արեւմուտք գաղթի ճամբուն վրայ), ուր թէ՛ եղանակը եւ թէ՛ խնամքը վատը չէ: Է՜հ, Տիկին Մուտեան, ինչպէս ռուսահայ զարմիկներդ պիտի ըսեն, «ցա՜ւդ տանեմ», ու սփիւռքահայ շառաւիղներդ պիտի մաղթեն՝ «բարի ապաքինում, սիրելի՛ մայրիկ»:

Back to top button