Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հրաւիրէ ստեղծագործ մտածողներ, մշակութային խմբակներ, անկախ արուեստագէտներ ու մշակութային գործիչներ՝ դիմելու արդ եւս|in view-ի 2026–2027 ծրագիրին. արդ եւս |in view արեւմտահայերէնով ստեղծագործական արտայայտութեան եւ փորձառական նախաձեռնութիւններու միակ նպաստի ծրագիրն է։ Արուեստի աջակցութեան աւանդական ձեւերէնանդին՝ այս դիմումնաշրջանը մշակոյթը կը դիտարկէ իբրեւ ընկերայինդրական փոխակերպումի գործուն աշխատանոց մը, ուր համարձակ արտայայտութիւնը ուղղակիկը հատէ քաղաքացիական երեւակայութիւնը եւ իրական աշխարհի վրայ ունեցած դրական ներգործութիւնը։ Այսօրուան բարդ համաշխարհային իրականութիւնը կը պահանջէ համագործակցային մշակոյթիմը ստեղծումը, որ կ՚անցնի սոսկ ներկայացուցչական սահմաններէն՝ գործուն ձեւով կերտելու հասարակաց ապագայ մը։ Ներշնչուելով ընկերային ներգրաւուածութեան միջազգային փորձառութիւններէն եւ միջգիտակարգային փորձարկումներէն՝ արդ եւս|in view ծրագիրը կ՛ակնկալէ նախագիծեր, որոնք կը խախտեն կրաւորական դիտողի դերը եւ կը հրաւիրեն համաստեղծումի։ Կ՛ուզենք տեսնել նախաձեռնութիւններ, որոնք կը փորձարկեն ստեղծագործական նորագոյն արհեստագիտութիւնները, կը կիրարկեն ապակեդրոնացուած պատումի ձեւեր, կը կառուցեն իրաւահաւասար երկխօսութիւններ ընկերային ճեղքերու միջեւ, եւ խիզախ ու մասնակցային մեթոտներով ձայն կու տան թերներկայացուած տեսակէտներու։ Դիմելու չափանիշեր. բաց է անհատ ստեղծագործողներու, խմբակներու եւ ոչ-շահութաբեր մշակութային կազմակերպութիւններու։ Նպաստի ծրագիր. ընտրուած դիմումները (առաւելագոյնը տասը) պիտի ստանան իւրաքանչիւրը մինչեւ 10 հազար եւրոյի նպաստ։ Վերջնաժամկէտ. դիմումները բաց են մինչեւ 7 Մարտ 2027 (Լիզպոնի ժամով 23:59)։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/