Յօդուածներ

Դարբնելով Դարբին Կը Դառնան…

 

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ – Վիրճինիա

Ներկայ ասացուածքը, ընթերցողին արտօնութեամբ, փոխ առի ֆրանսական ժողովրդական հանրայայտ առածէ մը, որ ինքնին բաւական խօսուն է եւ իմաստալից։ Սակայն, տեղին է նշել, թէ սովորական կեանքի հոլովոյթին ընթացքին, այդ իրողութիւնը աղաղակող ճշմարտութիւն մը կը ցոլացնէ ոչ միայն դարբինի պարագային՝ անոր կողմէ գործի դրուած մուրճի բիւրաւոր հարուածներու ուժգնութեամբ, այլ մասնաւորապէս՝ բոլոր արհեստներու անխտիր, առանց բացառելու արդի արհեստագիտութեան ճիւղերը, ինչպէս նաեւ արուեստներու բնագաւառը:

Հետեւաբար, տեղին է հարցնել, որ արդեօք ոեւէ անհատ յաջողա՞ծ է զուտ սիրողական գետնի վրայ, վարպետ ատաղձագործ, ժամագործ, երկաթագործ, ձուլագործ եւ մեքենագէտ դառնալ՝ առանց տարիներով աշակերտելու արհեստի այդ ճիւղերուն մէջ։ Աշակերտել, ներկայ պարագային անդուլ չարչարանք կ՛ենթադրէ:

Մեզմէ անոնք, որոնք անցած են փշոտ այդ ճանապարհէն, իր խորքին մէջ լաւագոյնս կը հասկնան յաջողութեան գինը՝ ինչպէս նաեւ յանձն առնուելիք ահաւոր այդ տառապանքին եւ զոհողութեան տարածքը:

Նոյնը կարելի է ըսել արուեստներու, բժշկութեան, ինչպէս նաեւ գրական ստեղծագործութիւններու պարագային։ Ներկայ դարուն, ոեւէ անձ չէ յաջողած դիւրութեամբ արդի արհեստագիտական արուեստներուն եւ արհեստներուն մէջ յաջողակ մասնագէտ կամ անուանի հնարիչ կամ գիւտարար դառնալ՝ առանց ծով զոհողութեան եւ ճգնանքի։ Պէտք չէ թեթեւի առնել այդ կոչումներէն եւ նախասիրութիւններէն մէկը կամ միւսը: Իսկ արդի ժամանակներուն, համակարգիչի մասնագէտ եւ հնարքներու տէր դառնալու համար, ենթական անսահման զոհողութիւններ յանձն պիտի առնէ եւ գիշերներ լուսցնէ:

Մուրճը եւ դուրը ձեռքին, հսկայ ժայռակտորին առաջ կանգնելով՝ իբրեւ անուանի ու տաղանդաւոր քանդակագործ արուեստի գլուխ գործոց մը ստեղծելը նոյնքան դժուար եղած է, որքան վերջին տեսակի արդիական ինքնաշարժներու մեքենագէտի մասնագիտութիւն ձեռք ձգելը։ Երկու պարագաներուն ալ գիշեր ցերեկ պիտի ճգնիս՝ տիրելու համար մասնագիտութեանդ նրբերանգներուն:

Բոլոր պարագաներուն, եթէ անձ մը անընդունակ է սովորելու՝ չի կրնար գլուխ ելլել իր նախասիրած ճիւղը տիրապետելու մարտահրաւէրին: Իսկ գալով անհատական կեանքի փորձառութիւններուս՝ գաղտնիք չէ, որ ամառները զանազան արհեստներու մէջ, հայ վարպետներու ձեռքին տակ աշակերտելու կողքին, տուն դարձին, արագ բաղնիքէ մը եւ ընթրիքէն ետք, Պէյրութի Հաճըն հայկական թաղը գործող գրասէր սափրիչի խանութէն վարձու առած հայ եւ ֆրանսացի վարպետներուն գլուխ գործոցները կը լափէի, «Ազդակ» օրաթերթին, «Մասիս» եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթերը ընթերցելու կողքին: Սափրիչը, որուն անունը չեմ յիշեր, իր վարսավիրանոցին մէկ մասը վերածած էր գրատան մը, ուրկէ ան գիրքեր վարձու կու տար շրջանի ընթերցասէր հանրութեան։

Իմ կարգին, ես կանուխէն համոզուած էի, որ կեանքին մէջ, ոչ մէկ յաջողութիւն դիւրաւ կը ստացուի կամ ձրիօրէն նուէր կը տրուի, այլ՝ չարչարանքով եւ ծով քրտինքով ձեռք կը բերուի:

Տասնամեայ ուսման աւարտին, ընտանիքիս ապրուստ ճարելու մտահոգութեամբ՝ ստիպուած հետեւեցայ իմ նախասիրած մեքենագէտի մասնագիտութեան։ Որոշում եւ նախընտրութիւն մը՝ որ յետագային օգտակար պիտի դառնար Ափրիկէ մեկնիլս դիւրացնելու՝ իբրեւ ինքնաշարժներու ճարտարարուեստի մասնագէտ ։

Այդ նոյն մասնագիտութիւնը առիթ ստեղծեց, որ քանի մը տարիներ ետք, յաջողակ գործարար դառնամ առաւել քան քառասուն աշխատաւորներով բանող հաստատութեան ու պետական պայմանագիրներ ձեռք ձգեմ եւ ընթացքին՝ երկրին ղեկավարութեան հետ սերտ կապեր հաստատեմ ու ներկայացուած առիթէն օգտուելով՝ Հայ Դատը ծանօթացնեմ եւ հետապնդեմ Հարաւային Ափրիկէի տարածքին:

Իսկ միւս կողմէ, հանգիստի ժամերուն, սկսայ գրական փորձեր կատարել եւ Պէյրութ հրատարակուող գրական թերթերուն աշխատակցիլ:

Ըստ գրական քննադատներու՝ ինծի յաջողուեցաւ Ափրիկէն տալ հայ գրականութեան։

Եւ պէտք է նշել, թէ առանց փայլուն իմացականութեամբ օժտուած անհատ մը ըլլալու իրողութեան, ժամանակի ընթացքին գոնէ վեց լեզուներ տիրապետեցի եւ առաւել քան քսան հատորներու հեղինակ դարձայ, հայերէնը դարձնելով պաշտամունքիս առարկան։

Օրհնեալ այդ թուականէն վեց տասնամեակներ աննկատ անցան, սակայն, գրելու եւ ստեղծագործելու հաճոյքը տակաւին կը յամենայ եւ իմ մէջ վառ կը մնայ։ Վերջապէս, մեքենագէտի մասնագիտութիւնս ապրուստ եւ բարօրութիւն ապահովեց ընտանիքիս։ Իսկ գրել եւ ստեղծագործելը զիս դարձուցին սփիւռքահայ գրականութեան ծանօթ անուններէն մէկը, որուն համար այնքան շնորհակալ եմ եւ երախտապարտ Աստուծոյ, հայ մամուլին եւ հազարաւոր ընթերցողներուս:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button