Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւններ` Կարգախօսէն Դէպի Ռազմավարութիւն
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին մասին խօսող գրեթէ իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ, մտաւորական, եկեղեցական կամ համայնքային ղեկավար, ուշ կամ կանուխ, կը հասնի նոյն եզրակացութեան. «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են», «Հայութիւնը մէկ ազգ է», «Պէտք է ստեղծել համաշխարհային հայկական միասնական համակարգ»: Այս արտայայտութիւնները տասնամեակներ շարունակ այնքան շատ կրկնուած են, որ անոնք այլեւս գրեթէ վերածուած են ազգային համոզումներու, որոնց ճշմարտացիութիւնը ոչ ոք կը փորձէ ստուգել: Անոնք կ՛ընդունուին իբրեւ ինքնին ակնյայտ իրականութիւններ, ոչ թէ` իբրեւ գաղափարներ, որոնք պէտք է քննուին, վիճարկուին եւ փորձարկուին:
Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ ազգերու ապագան երբեք չէ կառուցուած գեղեցիկ կարգախօսերով: Կարգախօսերը կրնան ոգեւորել, յուզել եւ նոյնիսկ ժամանակաւոր կերպով համախմբել, բայց չեն կրնար փոխարինել ռազմավարութիւնը: Ազգային գոյատեւումը եւ զարգացումը հիմնուած են ոչ թէ հռետորաբանութեան, այլ իրատես գնահատականներու, երկարաժամկէտ ծրագրաւորման եւ ամուր հաստատութիւններու վրայ: Հետեւաբար, եթէ իսկապէս կը մտահոգուինք հայութեան ապագայով, առաջին պարտականութիւնը ոչ թէ նոր կարգախօսեր ստեղծելն է, այլ տարիներ շարունակ կրկնուած կարգախօսերը քննադատական հայեացքով վերանայիլ է:
Այսօր թերեւս ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկը հետեւեալն է. «Հայաստանն ու սփիւռքը` որպէս մէկ ազգային համակարգ» գաղափարը արդեօք իրապէ՞ս իրագործելի ռազմավարական նախագիծ մըն է, թէ՞ անիկա գեղեցիկ, բայց անորոշ պատկերացում մըն է, որ աւելի շատ կը բաւարարէ մեր ազգային զգացումները, քան կը լուծէ մեր ազգային խնդիրները:
Այս հարցումը շատեր կրնան ընկալել որպէս չափազանց կասկածամիտ կամ նոյնիսկ վտանգաւոր: Հայկական հասարակական մտածողութեան մէջ գոյութիւն ունի այնպիսի մթնոլորտ, որուն մէջ ազգային միասնութեան գաղափարը գրեթէ սրբացուած է: Շատ անգամ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ այս գաղափարին շուրջ հարցումներ ուղղելը ինքնին ազգային համերաշխութիւնը կասկածի տակ առնել կը նշանակէ: Սակայն իրականութիւնը հակառակն է: Ազգ մը, որ չի համարձակիր իր հիմնական գաղափարները վերաքննել, դատապարտուած է շարունակելու նոյն սխալները` նոր անուններով:
Հարցումը, հետեւաբար, միասնութեան դէմ չէ: Ընդհակառակը, հարցումը այն է, թէ ո՞ր միասնութեան մասին կը խօսինք: Որովհետեւ առանց այդ հարցումին պատասխանելու, «միասնութիւն» բառը կը դառնայ ամէն ինչ եւ միաժամանակ` ոչինչ:
Արդեօք կը խօսինք մշակութայի՞ն միասնութեան մասին: Այդ պարագային կարելի է հաստատել, որ նման միասնութիւն մեծաւ մասամբ գոյութիւն ունի: Անկախ աշխարհագրական հեռաւորութիւններէն, հայերը` իբրեւ մէկ ազգ, կը շարունակեն պահպանել` ընդհանուր պատմական յիշողութիւն, ազգային խորհրդանիշներ, մշակութային ժառանգութիւն եւ տարբեր աստիճաններով` լեզուական ու կրօնական ինքնութիւն:
Բայց եթէ կը խօսինք քաղաքական միասնութեան մասին, պատկերը բոլորովին տարբեր է: Իսկ եթէ նկատի ունինք հաստատութենական (institutional) միասնութիւն, ապա ստիպուած ենք ընդունելու, որ այդպիսի համակարգ այսօր գոյութիւն չունի: Եթէ վերջապէս խօսքը համազգային ռազմավարութեան մասին է, ապա պէտք է ազնուօրէն խոստովանինք, որ տակաւին չենք համաձայնած նոյնիսկ այն հարցին շուրջ, թէ որո՛նք են ամբողջ հայութեան ընդհանուր ազգային առաջնահերթութիւնները:
Այս պարզ տարբերութիւնները յաճախ անտեսուած են հայկական քաղաքական քննարկումներուն մէջ: «Միասնութիւն» բառը դարձած է կախարդական արտայայտութիւն մը, որուն մէջ ամէն մարդ իր նախընտրած իմաստը կը դնէ: Մէկուն համար անիկա կը նշանակէ Հայաստան տեղափոխուիլ, ուրիշին համար` դրամահաւաք կազմակերպել, երրորդին համար` քաղաքական լոպիինկ, չորրորդին համար` հայրենասիրական երգեր երգել կամ հայկական դպրոց պահել: Այս բոլորը, անկասկած, ազգային արժէք ունին, բայց միասին չեն կազմեր ազգային համակարգ:
Հո՛ս է, որ կը գտնուի ամբողջ խնդիրը: Մենք տարիներ շարունակ կը խօսինք միասնութեան մասին` առանց երբեք համաձայնելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ միասնութիւնը:
Կարգախօս մը, զոր բոլորը կը կրկնեն, բայց ոչ ոք կը սահմանէ
Թերեւս հայկական ազգային մտածողութեան մեծագոյն թուլութիւններէն մէկը այն է, որ մենք սիրած ենք մեծ գաղափարներ հռչակել, բայց շատ աւելի քիչ ուշադրութիւն դարձուցած ենք անոնց բովանդակութեան: «Հայաստան-սփիւռք միասնութիւն» գաղափարը ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակն է:
Տասնամեակներ շարունակ այս արտայայտութիւնը կը կրկնուի քաղաքական ճառերու, կուսակցական համագումարներու, համահայկական ժողովներու եւ պետական յայտարարութիւններու մէջ: Բայց եթէ փորձենք գտնել այս գաղափարին յստակ սահմանումը, կը նկատենք, որ գրեթէ ամէն մարդ տարբեր բան կը հասկնայ անոր տակ:
Ոմանց համար այս միասնութիւնը բարեսիրութիւնն է: Այսինքն սփիւռքը պէտք է շարունակէ տնտեսական աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին, իսկ Հայաստանը երախտագիտութիւն արտայայտէ:
Ուրիշներու համար միասնութիւնը կը նշանակէ, որ սփիւռքը պէտք է անվերապահօրէն պաշտպանէ Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութիւնը` անկախ իշխանութիւններու փոփոխութենէն:
Կան նաեւ անոնք, որոնք կը պատկերացնեն համաշխարհային հայկական խորհրդարան, համազգային կառավարում կամ նոր տեսակի համահայկական ներկայացուցչական մարմին:
Իսկ շատեր ընդհանրապէս երբեք չեն մտածած, թէ այս արտայայտութիւնը ինչպիսի՛ գործնական հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Այս անորոշութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ քաղաքական մտածողութեան մէջ անորոշ գաղափարները սովորաբար կը վերածուին անիրագործելի ծրագիրներու: Չի կրնար գոյութիւն ունենալ ռազմավարութիւն մը, երբ ռազմավարութեան հիմնական հասկացողութիւնները դեռ չեն սահմանուած:
Աւելի մտահոգիչը այն է, որ հայկական իրականութեան մէջ յաճախ կը շփոթուին չորս բոլորովին տարբեր հասկացողութիւններ` ազգային ինքնութիւնը, ազգային համերաշխութիւնը, ազգային համագործակցութիւնը եւ ազգային կառավարումը:
Ազգային ինքնութիւնը կը նշանակէ, որ մարդիկ իրենք իրենց հայ կը զգան: Ազգային համերաշխութիւնը կը նշանակէ, որ դժուար պահերուն իրարու կողքին կը կանգնին: Ազգային համագործակցութիւնը կը նշանակէ, որ տարբեր կառոյցներ միասին կ՛աշխատին որոշ նպատակներու շուրջ: Իսկ ազգային համակարգը կը նշանակէ կազմակերպուած կառուցուածք, ուր գոյութիւն ունին պատասխանատուութիւններ, որոշումներու գործելակերպեր, առաջնահերթութիւններ եւ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն:
Սակայն հայկական խօսոյթին մէջ այս բոլոր մակարդակները յաճախ կը ներկայացուին որպէս նոյն երեւոյթը: Կարծես այն փաստը, որ աշխարհի տարբեր ծագերու հայերը նոյն օրը կը նշեն ապրիլ 24-ը կամ կը հանգանակեն համազգային աղէտի մը ընթացքին, ինքնաբերաբար կը նշանակէ, թէ գոյութիւն ունի նաեւ միասնական ազգային համակարգ:
Ասիկա վտանգաւոր շփոթութիւն է
Զգացական համախմբումը երբեք չէ փոխարինած հաստատութենական (Institutional) կազմակերպուածութիւնը: Ոչ մէկ ժողովուրդ իր ապագան կառուցած է միայն ընդհանուր յիշողութեան կամ հայրենասիրական զգացումներու վրայ: Անոնք ստեղծած են հաստատութիւններ, կանոններ, պատասխանատուութիւններ եւ որոշումներու ընթացակարգեր: Միայն այդ ժամանակ ազգային ինքնութիւնը վերածուած է քաղաքական եւ ռազմավարական ուժի:
Հետեւաբար, երբ մենք կը կրկնենք, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են», իրական հարցումը պէտք է ըլլայ ոչ թէ` «Արդեօք մենք նոյն ազգին կը պատկանի՞նք», որովհետեւ այդ մասին գրեթէ ոչ ոք կը վիճաբանի: Իրական հարցումը հետեւեալն է. արդեօք մենք ունի՞նք այն կառոյցները, այն վստահութիւնը, այն քաղաքական մշակոյթը եւ այն ընդհանուր պատասխանատուութիւնը, որոնք մէկ ազգը կը վերածեն գործող ազգային համակարգի:
Եւ եթէ այս հարցումին պատասխանը այսօր բացասական է, ապա գուցէ ժամանակն է դադրելու յայտարարելէ, թէ արդէն ունինք այն, ինչ որ իրականութեան մէջ տակաւին չենք ստեղծած:
Սփիւռքը գոյութիւն ունի՞ որպէս մէկ ազգային դերակատար
«Հայաստան-սփիւռք» յարաբերութիւններուն շուրջ ամէնէն շատ գործածուած բառերէն մէկը «սփիւռք»-ն է: Մենք այնքան վարժ ենք այս բառին, որ գրեթէ երբեք չենք հարցներ, թէ իրականութեան մէջ որո՞ւ մասին կը խօսինք: Կարծես գոյութիւն ունի մէկ միասնական սփիւռք, որ ունի մէկ ձայն, մէկ կամք, մէկ քաղաքական մտածողութիւն եւ մէկ ազգային ծրագիր: Բայց արդեօք այդպէ՞ս է:
Իրականութեան մէջ «Սփիւռք» հասկացողութիւնը աւելի շատ հաւաքական անուն մըն է, քան` միասնական քաղաքական իրականութիւն: Անիկա կը ներառէ տասնեակ երկիրներու մէջ ապրող համայնքներ, որոնք ձեւաւորուած են բոլորովին տարբեր պատմական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային պայմաններու մէջ: Ամերիկահայութիւնը տարբեր փորձառութիւն ունի, քան` լիբանանահայութիւնը: Ֆրանսահայութեան ազգային գործունէութիւնը տարբեր հիմքերու վրայ զարգացած է, քան` ռուսահայութեան: Արժանթինի, Քանատայի, Աւստրալիոյ կամ Իրանի հայ համայնքները նոյնիսկ ազգային ինքնութեան պահպանման տարբեր ձեւեր մշակած են, որովհետեւ անոնց դիմաց կանգնած մարտահրաւէրները նոյնը չեն:
Ասիկա պարզ աշխարհագրական տարբերութիւն չէ: Անիկա տարբեր քաղաքական մտածողութիւն կը ստեղծէ:
Լիբանանահայուն համար քաղաքական մասնակցութիւնը ազգային գոյատեւման մաս կազմած է: Ֆրանսահայուն համար առաջնահերթութիւն կրնայ ըլլալ Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքական պայքարը: Ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն համար ազդեցիկ լոպիինկը բնական գործելակերպ է: Ռուսահայ գործարարին առաջնահերթութիւնները կրնան բոլորովին տարբեր ըլլալ` պայմանաւորուած Ռուսիոյ քաղաքական եւ տնտեսական միջավայրով:
Այս բոլորը բնական են: Անբնականը այն ակնկալութիւնն է, թէ այս բոլոր տարբեր իրականութիւնները պէտք է ինքնաբերաբար ձեւաւորեն մէկ քաղաքական կամք:
Շատ յաճախ, երբ Հայաստանէն կը խօսին «սփիւռքի կարծիքին» մասին, հարց չի տրուիր, թէ ո՞ր սփիւռքին մասին է խօսքը: Ո՞վ ունի ամբողջ սփիւռքին անունով խօսելու իրաւասութիւն: Արդեօք մեծ կազմակերպութիւննե՞րը: Եկեղեցինե՞րը: Բարեգործական հաստատութիւննե՞րը: Կուսակցութիւննե՞րը: Գործարարնե՞րը: Մտաւորականնե՞րը: Թէ՞ նոր սերունդը, որ յաճախ բոլորովին տարբեր պատկերացում ունի ազգային ինքնութեան մասին:
Այս հարցումներուն յստակ պատասխան գոյութիւն չունի
Ասիկա կը նշանակէ, որ հայկական քաղաքական մտածողութիւնը տարիներ շարունակ հիմնուած է որոշ չափով վտանգաւոր ենթադրութեան մը վրայ, թէ` գոյութիւն ունի միասնական սփիւռք, որուն հետ Հայաստանը կրնայ խօսիլ իբրեւ մէկ քաղաքական գործընկեր: Իրականութեան մէջ Հայաստանը ոչ թէ մէկ սփիւռքի, այլ բազմաթիւ հայկական աշխարհներու հետ գործ ունի, որոնց միջեւ երբեմն նոյնքան մեծ տարբերութիւններ կան, որքան` Հայաստանի եւ այդ համայնքներուն միջեւ:
Թերեւս ժամանակն է ընդունելու, որ «սփիւռք» բառը ինքնին կրնայ մոլորեցնող ըլլալ: Անիկա կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ աշխարհի բոլոր հայկական համայնքները կը կազմեն մէկ կազմակերպուած ամբողջութիւն, մինչդեռ իրականութիւնը աւելի կը նմանի իրարու կապուած, բայց ոչ համակարգուած ցանցի: Այդ ցանցին մէջ գոյութիւն ունի համագործակցութիւն, բայց չկայ միասնական ղեկավարում: Գոյութիւն ունի ազգային համակրանք, բայց ոչ` ընդհանուր ռազմավարութիւն: Գոյութիւն ունին բազմաթիւ յաջող նախաձեռնութիւններ, բայց չկայ զանոնք համադրող ազգային կեդրոն:
Այս իրողութիւնը ընդունիլը պարտութիւն չէ: Ընդհակառակը, անիկա առաջին քայլն է աւելի իրատես մտածողութեան, որովհետեւ մինչեւ չընդունինք, որ սփիւռքը բազմակեդրոն իրականութիւն է, պիտի շարունակենք փորձել լուծել գոյութիւն չունեցող խնդիրներ եւ անտեսել իրականները:
Արդեօք ամբողջ հայութիւնը նո՞յն բանը կ՛ուզէ
Հայկական ազգային մտածողութեան մէջ գոյութիւն ունի մէկ ուրիշ խոր արմատաւորուած համոզում, որ հազուադէպօրէն կը քննուի: Այդ համոզումը այն է, թէ ամբողջ հայութիւնը ունի նոյն ազգային շահերը եւ նոյն պատկերացումը ապագայի մասին: Արտաքին տեսքով այս գաղափարը շատ բնական կը թուի: Ի վերջոյ, հայերը կը պատկանին նոյն պատմութեան, նոյն մշակոյթին եւ նոյն ազգային յիշողութեան:
Բայց ազգը միայն յիշողութիւն չէ: Ազգը նաեւ քաղաքական եւ հասարակական իրականութիւն է: Իսկ քաղաքական իրականութիւնները միշտ ալ տարբեր շահեր կը ստեղծեն:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետութիւն է: Ան պատասխանատու է` իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան, տնտեսութեան, սահմաններուն եւ միջազգային յարաբերութիւններուն համար: Պետութիւնը շատ անգամ ստիպուած է ընտրութիւն կատարել ոչ թէ իտէալական, այլ հնարաւոր լուծումներուն միջեւ: Երբեմն արտաքին քաղաքականութեան մէջ փոխզիջումը կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ պետական գոյատեւման համար: Երբեմն տնտեսական շահերը կրնան առաջնահերթ դառնալ զգացական պահանջներէն:
Սփիւռքը, ընդհակառակն, պետութիւն չէ: Ան չունի սահմաններ պաշտպանելու պարտականութիւն: Չունի պետական դրամական միջոցներ, բանակ կամ դիւանագիտական պատասխանատուութիւն: Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն հիմնական առաքելութիւնը իրենց համայնքներու գոյատեւումն է, ազգային ինքնութեան պահպանումը եւ Հայաստանի աջակցութիւնը: Այս պատճառով անոնք շատ անգամ կրնան որդեգրել աւելի սկզբունքային, երբեմն ալ աւելի կտրուկ դիրքեր, որովհետեւ պետական որոշումներու անմիջական հետեւանքները իրենք չեն կրեր:
Այս տարբերութիւնը բնական է, բայց շատ յաճախ կը մոռցուի:
Արդիւնքը այն է, որ ամէն անգամ, երբ Հայաստանի պետական շահերն ու սփիւռքի որոշ հատուածներու ակնկալութիւնները չեն համընկնիր, անմիջապէս կը սկսին փոխադարձ մեղադրանքները: Մէկ կողմը կը մեղադրէ Հայաստանը «ազգային սկզբունքները» զոհաբերելու մէջ, իսկ միւս կողմը կը մեղադրէ սփիւռքը, թէ ան հեռուէն կը խօսի եւ պետական պատասխանատուութիւն չի կրեր:
Այս բանավէճը տարիներ շարունակ կը կրկնուի, որովհետեւ երկու կողմերն ալ կը մեկնին սխալ ենթադրութենէ մը` թէ անոնք պարտաւոր են ունենալ նոյն առաջնահերթութիւնները:
Բայց արդեօք ինչո՞ւ:
Արդեօք ամերիկահայ գործարարը, լիբանանահայ դպրոցի տնօրէնը, ֆրանսահայ իրաւաբանը, սիւնեցի սահմանապահ զինուորը եւ Երեւանի երիտասարդ ձեռնարկատէրը պարտաւո՞ր են աշխարհի բոլոր հարցերուն մասին նոյն ձեւով մտածել միայն այն պատճառով, որ հայ են:
Այս սպասումը ոչ միայն իրատեսական չէ, այլ նաեւ` հակաժողովրդավարական: Ազգային միասնութիւնը չի նշանակեր քաղաքական միակերպութիւն: Ընդհակառակը, հասուն ազգերը կը սորվին կառավարել իրենց տարբերութիւնները, ոչ թէ` վերացնել զանոնք:
Այս տարբերութիւնները, սակայն, չեն ստեղծեր տարբեր ազգեր: Անոնք նոյն ազգին տարբեր հասարակական եւ քաղաքական արտայայտութիւններն են: Ազգային հասունութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ ժողովուրդ մը կը դադրի տարբերութիւնը դիտել որպէս բաժանում եւ կը սկսի զայն վերածել համագործակցութեան աղբիւրի: Հայկական պարագային ալ իրական մարտահրաւէրը միասնական մտածողութիւն պարտադրել չէ, այլ` բազմազանութիւնը համադրել մէկ ազգային տեսլականի շուրջ:
Հայկական քաղաքական խօսոյթը երկար տարիներ փորձած է ներկայացնել համաձայնութիւնը իբրեւ միասնութեան նախապայման: Մինչդեռ իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակն է: Նախ պէտք է գոյութիւն ունենայ համագործակցութեան մշակոյթ, որմէ ետք միայն կարելի է կառուցել համատեղ որոշումներու համակարգ:
Թերեւս ժամանակն է հրաժարելու այն պատրանքէն, թէ ամբողջ հայութիւնը յաճախ պիտի մտածէ նոյն կերպով: Այդ օրը պիտի չգայ: Բայց այդ նաեւ անհրաժեշտ չէ:
Իսկական մարտահրաւէրը բոլորին նոյն կարծիքը ունենալը չէ: Իսկական մարտահրաւէրը այն է, թէ տարբեր կարծիքներ ունեցող հայերը կրնա՞ն միասին կառուցել ընդհանուր ազգային ռազմավարութիւն:
Այս հարցումին պատասխանելը շատ աւելի կարեւոր է, քան` անվերջ կրկնելը, թէ` «Մենք մէկ ազգ ենք»:
Ամէնէն մեծ բացակայութիւնը համազգային հաստատութիւններու բացակայութիւնն է:
Եթէ անկեղծ ըլլանք, ապա «Հայաստանն ու սփիւռքը որպէս մէկ ազգային համակարգ» գաղափարին առջեւ կանգնած ամենամեծ խոչընդոտը աշխարհագրական հեռաւորութիւնը չէ, քաղաքական տարակարծութիւնները չեն, կամ նոյնիսկ ձուլումը չէ: Ամէնէն մեծ բացակայութիւնը հաստատութիւններու բացակայութիւնն է:
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ ոչ մէկ ազգ իր երկարաժամկէտ նպատակները իրականացուցած է միայն ազգային զգացումներու կամ բարոյական կոչերու միջոցով: Յաջողած ազգերը ստեղծած են հաստատութիւններ, որոնք շարունակականութիւն ապահոված են` քաղաքական փոփոխութիւններէ անկախ: Անոնք կառուցած են այնպիսի կառոյցներ, որոնք չեն գործած միայն ճգնաժամերու ժամանակ, այլ` օրական, հետեւողական եւ երկարաժամկէտ կերպով:
Հայկական պարագային պատկերն ամբողջովին տարբեր է:
Ամէն անգամ, երբ Հայաստանը դժուարութեան մէջ կը յայտնուի, ամբողջ սփիւռքը կը համախմբուի: Կը կազմակերպուին` դրամահաւաքներ, մարդասիրական նախաձեռնութիւններ, քաղաքական արշաւներ եւ կամաւորական աշխատանքներ: Այս բոլորը հպարտանալու արժանի երեւոյթներ են եւ անոնք բազմիցս ապացուցած են, որ հայ ժողովուրդը դժուար պահերուն ունի համախմբուելու բացառիկ կարողութիւն:
Սակայն նոյն հարցումը կրկին պէտք է տրուի. արդեօք ճգնաժամային համախմբումը բաւակա՞ն է ազգային համակարգ ստեղծելու համար:
Պատասխանը, որքան ալ դժուար ըլլայ ընդունիլը, բացասական է:
Ճգնաժամը չի կրնար դառնալ ազգային կառավարման օրինակ: Ազգ մը, որ միայն վտանգի պահուն կը միաւորուի, բայց խաղաղ ժամանակ չունի համատեղ ռազմավարութիւն, փաստօրէն կը շարունակէ գործել արձագանգելով իրադարձութիւններուն, եւ ոչ թէ` կանխատեսելով զանոնք:
Այս առումով, հայութիւնը տակաւին աւելի շատ կը գործէ արձագանգող ազգի տրամաբանութեամբ, քան` ռազմավարութիւն մշակող ազգի մտածողութեամբ:
Աւելի մտահոգիչ հարց մը եւս կայ: Մենք շատ կը խօսինք համահայկական համագործակցութեան մասին, բայց իրականութեան մէջ ո՞վ է պատասխանատուն այդ համագործակցութիւնը կազմակերպելու համար:
Կա՞յ արդեօք մարմին մը, ուր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սփիւռքի հիմնական կազմակերպութիւնները, գիտական աշխարհը, տնտեսական ոլորտը եւ երիտասարդ սերունդը միասին կը քննարկեն հայութեան 20-30 տարիներու ռազմավարութիւնը:
Կա՞յ համազգային խորհուրդ մը, որ կանոնաւոր կերպով կը գնահատէ` ժողովրդագրական փոփոխութիւնները, կրթական վիճակը, լեզուի պահպանման աստիճանը, տնտեսական ներուժը կամ աշխարհաքաղաքական զարգացումները:
Կա՞յ այնպիսի կառոյց մը, որ ոչ միայն կ՛արձագանգէ իրադարձութիւններուն, այլ նաեւ կը մշակէ ապագայի ծրագիրներ եւ ազգային քաղաքականութիւններ:
Իրականութիւնը ցաւալի է. նման համակարգ գրեթէ գոյութիւն չունի:
Կան` բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, բարեսիրական հիմնադրամներ, կուսակցութիւններ, եկեղեցական հաստատութիւններ, կրթական եւ մշակութային կառոյցներ: Անոնցմէ շատերը հսկայական աշխատանք կը կատարեն: Բայց այս բազմազանութիւնը ինքնաբերաբար համակարգ չի ստեղծեր: Շատ յաճախ այդ կառոյցները կը գործեն իրարմէ անկախ, երբեմն նոյնիսկ` իրարու հետ մրցակցելով: Անոնք տարբեր առաջնահերթութիւններ ունին, տարբեր օրակարգեր եւ տարբեր պատկերացումներ հայութեան ապագային մասին:
Արդիւնքը այն է, որ մենք ունինք հարուստ կազմակերպական կեանք, բայց չունինք միասնական ազգային կառավարման ճարտարապետութիւն:
Այս կէտին պէտք է համարձակիլ բարձրաձայնելու մէկ այլ զգայուն հարց:
Տասնամեակներ շարունակ հայութիւնը շփոթած է բարեգործութիւնը ռազմավարութեան հետ:
Բարեգործութիւնը անհրաժեշտ է: Անիկա բազմաթիւ պարագաներու փրկած է` հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ եւ նոյնիսկ ամբողջ համայնքներ: Սակայն բարեգործութիւնը չի կրնար փոխարինել ազգային քաղաքականութիւնը:
Դրամահաւաք կազմակերպելը ազգային ռազմավարութիւն չէ:
Դպրոց մը կառուցելը ինքնին կրթական քաղաքականութիւն չէ:
Մէկ գործարարի ներդրումը տնտեսական համակարգ չի ստեղծեր:
Յաջողած անհատներու գոյութիւնը գիտական քաղաքականութիւն չի նշանակեր:
Այս բոլորը կարեւոր դրուագներ են, բայց անոնք ամբողջ պատկերը չեն կազմեր:
Ազգային ռազմավարութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ այս բոլոր նախաձեռնութիւնները կը դադրին առանձին կղզիներ ըլլալէ եւ կը սկսին ծառայել ընդհանուր, նախապէս համաձայնեցուած նպատակներու:
Արդեօք Հայաստանը կրնա՞յ առաջնորդել ամբողջ հայութիւնը:
Այս հարցումը երկար ժամանակ գրեթէ արգիլուած թեմա եղած է: Շատեր ինքնաբերաբար կ՛ենթադրեն, որ քանի Հայաստանը ազգային պետականութիւնն է, ուրեմն բնականաբար պէտք է ըլլայ նաեւ ամբողջ հայութեան առաջնորդը:
Բայց քաղաքական իրականութիւնը շատ աւելի բարդ է:
Պետութիւնը իրաւական իշխանութիւն ունի միայն իր քաղաքացիներուն նկատմամբ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատասխանատու է Հայաստանի քաղաքացիներուն առջեւ, ոչ թէ` ամբողջ աշխարհի հայութեան: Անոր կառավարութիւնները կու գան ու կ՛երթան ընտրութիւններու միջոցով, իսկ սփիւռքի մեծամասնութիւնը այդ գործընթացին չի մասնակցիր:
Այս պատճառով ալ կը ծագի բարդ հարց մը. ի՞նչ չափով կրնայ Հայաստանի որեւէ կառավարութիւն ներկայացնել ամբողջ հայ ժողովուրդի կամքը:
Միւս կողմէ` արդեօք սփիւռքը ունի՞ այն ժողովրդավարական օրինականութիւնը (legitimacy), որ Հայաստանի անունով խօսի:
Պատասխանը դարձեալ բացասական է:
Ահա թէ ինչո՛ւ «Ո՞վ կը ներկայացնէ ամբողջ հայութիւնը» հարցումը տակաւին անպատասխան կը մնայ:
Գուցէ խնդիրը այն չէ, որ չունինք պատասխան: Գուցէ խնդիրը այն է, որ երբեք լրջօրէն չենք փորձած այդ պատասխանը գտնել:
Մենք աւելի շատ նախընտրած ենք պահել ստեղծագործ անորոշութիւնը: Ամէն կողմ ինքզինք որոշ չափով ներկայացուցած է ամբողջութեան անունով, բայց իրականութեան մէջ ոչ ոք ունի այդ լիազօրութիւնը:
Այս անորոշութիւնը որոշ ժամանակ կրնայ գործել, բայց երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ անիկա կը դառնայ ազգային զարգացման արգելք:
Հնարաւո՞ր է իրական համաշխարհային հայկական համակարգ:
Այս ամբողջ քննադատութենէն ետք կարելի է սխալ եզրակացութեան գալ, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը որպէս մէկ ազգային համակարգ» գաղափարը անիրագործելի է:
Այդպիսի եզրակացութիւնը, սակայն, նոյնքան մակերեսային պիտի ըլլար, որքան` անքննադատ լաւատեսութիւնը:
Խնդիրը գաղափարը չէ:
Խնդիրը այն ձեւն է, որով մենք տարիներ շարունակ պատկերացուցած ենք այդ գաղափարը:
Եթէ «մէկ ազգային համակարգ» ըսելով կը հասկնանք, որ ամբողջ աշխարհի հայերը պէտք է ունենան մէկ քաղաքական կարծիք, մէկ ղեկավարութիւն եւ նոյն առաջնահերթութիւնները, ապա այդ նախագիծը ոչ միայն իրատեսական չէ, այլեւ հակասող է հայութեան իրական բազմազանութեան:
Բայց եթէ «մէկ ազգային համակարգ» ըսելով կը հասկնանք բազմակեդրոն, բայց համակարգուած համաշխարհային ցանց մը, ուր Հայաստանը կը մնայ ազգային պետականութեան առանցքը, իսկ սփիւռքը կը դառնայ գիտական, տնտեսական, մշակութային եւ միջազգային կարողութիւններու կազմակերպուած ուժ, ապա այդ նպատակը ոչ միայն հնարաւոր է, այլեւ գուցէ հայութեան գոյատեւման միակ իրատեսական ուղին է:
Սակայն այդ ճանապարհը պիտի չսկսի նոր կարգախօսերով:
Պիտի չսկսի հերթական համաժողովով:
Պիտի չսկսի հերթական յայտարարութեամբ, թէ` «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են»:
Ան պիտի սկսի այն օրը, երբ հայութիւնը համարձակի ընդունիլ, որ ազգային զգացումները բաւարար չեն ազգային համակարգ ստեղծելու համար:
Պիտի սկսի այն օրը, երբ առաջնահերթութիւն տրուի` հաստատութիւններու կառուցման, երկարաժամկէտ ռազմավարութեան մշակման, գիտելիքի համակարգման եւ պատասխանատուութիւններու յստակ բաժանման:
Եւ թերեւս ամենակարեւոր քայլը պիտի ըլլայ ընդունիլը, որ ազգային միասնութիւնը չի չափուիր այն բանով, թէ քանի՛ անգամ կը կրկնենք «մենք մէկ ազգ ենք»: Ան կը չափուի այն բանով, թէ որքանո՞վ ունինք միասին մտածելու, անհամաձայնելու, որոշումներ կայացնելու եւ երկարաժամկէտ նպատակներ իրականացնելու կարողութիւնը:
Վերջապէս, գուցէ ամենաանհանգստացնող հարցումը հետեւեալն է. արդեօք հայութիւնը իրապէս կ՛ուզէ՞ դառնալ մէկ կազմակերպուած ազգային համակարգ, թէ՞ մեզի աւելի կը գոհացնէ այդ գաղափարին մասին խօսիլը, քան` անոր բոլոր քաղաքական, կազմակերպական եւ բարոյական հետեւանքները ստանձնելը:
Որովհետեւ միասնական ազգային համակարգ ունենալը միայն իրաւունք չէ: Ան նաեւ պարտաւորութիւն է: Ան կը պահանջէ` ընդհանուր պատասխանատուութիւն, ընդհանուր առաջնահերթութիւններ, փոխադարձ վստահութիւն, փոխզիջումներ եւ երբեմն ալ` սեփական կազմակերպական կամ քաղաքական շահերը ենթարկել աւելի մեծ ազգային նպատակներու:
Ահա հոս է, որ գեղեցիկ կարգախօսը կը դադրի պարզ խօսք ըլլալէ եւ կը վերածուի իրական քաղաքական ընտրութեան:
Եւ թերեւս հայութեան ապագան պիտի որոշուի ոչ թէ այն հարցումին պատասխանով, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը մէ՞կ են», որովհետեւ պատմական ու մշակութային իմաստով այդ հարցումին պատասխանը շատոնց տրուած է: Հայութիւնը մէկ ազգ է ոչ այն պատճառով, որ ան ունի միասնական պետական սահմաններ, այլ որովհետեւ ան կը կրէ միասնական պատմական յիշողութիւն, քաղաքակրթական ժառանգութիւն եւ ազգային ինքնագիտակցութիւն: Մեր պատմական եւ աշխարհագրական բազմազանութիւնը պէտք չէ դիտուի որպէս ազգային բաժանում, այլ` որպէս համաշխարհային հայկական ներկայութեան տարբեր արտայայտութիւններ:
Քսանմէկերորդ դարու հայութեան հիմնական մարտահրաւէրը այդ բազմազանութիւնը մէկ ռազմավարական ամբողջութեան վերածելն է:


