Կիրակի, 31 Օգոստոսին, 14 տարիներու սպասումէ ետք, Սուրբ Աննայի ուխտի օրուան առիթով, ուխտագնացութիւն կազմակերպուեցաւ դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատուռը, ուր հանդիսաւորապէս մատրան վերօծումը կատարուեցաւ:
Սուրբ Աննայի բերկրալի տօնին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան եպիսկոպոսական պատարագ մատուցեց եւ մատրան վերօծումը կատարեց: Սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ տէր Լուէյ Պշարաթ եւ տէր Ղուկաս Մեսրոպ, ինչպէս նաեւ` Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեան, Արմէն աբղ. Գալաճեան, Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան, Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Լիբանանէն ժամանած Թրիփոլիի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան, որոնք սրբազան հօր հետ թափօրով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին ու տարազաւոր սկաուտներու, ինչպէս նաեւ լատին համայնքի տարազաւոր սկաուտներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Ս. Աննա մատուռը, ուր ծաղկեփունջով դիմաւորուեցան:

Արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած մեծաթիւ եագուպիահայեր եւ ուխտաւորներ:
Պատարագէն ետք սրբազան հայրը եւ լատին համայնքի հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթը մատրան վերանորոգութեան եւ վերօծման առիթով զետեղուած յուշաքարին բացումը կատարեցին:
Ապա մատրան շրջափակէն ներս սրբազան հայրը աւանդական մատաղօրհնէք կատարեց: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը հայրենասիրական երգերով խանդավառեց ներկայ բազմութիւնը:

