ԱմերիկահայԳլխաւոր

ՍՈՒՐԲ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 25-ին, Սուրբ Ղեւոնդեանց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հոգեւորականներու համագումար Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։

Համախմբումի բացումը կատարուեցաւ Տէրունական Աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն, յանձինս Արժպ. Տ. Պետրոս Ա. Քհն. Շիթիլեանի (ատենապետ)՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ  (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի (ատենադպիր)՝ Ամենայն Սրբոց (Կլենվիւ, Իլինոյ) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Խօսք առնելով, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Թրթռեան՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, բարի գալուստ մաղթեց իր հոգեւոր եղբայրներուն, յայտնելով, թէ այս հանդիպումը օգտաշատ կ՚ըլլայ ո՛չ միայն հոգեւորականներուն, այլ արդիւնքը կը տարածուի եկեղեցիներէն ներս։ Այնուհետեւ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, ողջունեց բոլոր եկեղեցականները, գոհունակութիւն յայտնեց եւ գնահատեց անոնց անձնուէր ծառայութիւնը, յոյս յայտնելով, թէ համագործակցութեան ոգիով մեր գաղութները առաւել եւս կ՚ամրանան եւ կը բարգաւաճին, միաժամանակ օժանդակութեան հասնելով Հայրենիքի եւ Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button