Լրահոս
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը
Երկուշաբթի, Յունիս 24-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ու Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ներքին կացութեան եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն:


