Լրահոս

Փորթուկալի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ԼԻԶՊՈՆ․- Ուրբաթ, Ապրիլ 26-ին, Փորթուկալի խորհրդարանը վաւերացուց Ապրիլ 24-ի թուակիր բանաձեւ մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ պատշաճօրէն  կը ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը։
Բանաձեւը ներկայացուած է ընկերվարական, սոցիալ-դեմոկրատական եւ քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութիւններու կողմէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ հաստատումները․-
«Ապրիլ 24-ին միջազգայնօրէն կը նշուի հայ բնակչութեան դէմ կատարուած ջարդերու սկիզբը, քանզի այդ օրը օսմանեան իշխանութիւնները Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալեցին եւ մահապատիժի ենթարկեցին 250 հայ մտաւորականներ եւ համայնքային ղեկավարներ՝ համաձայն «Երիտթուրքեր»-ու կառավարութեան հրամաններու։
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի եւ անոր յաջորդած տարիներու ընթացքին, Ցեղասպանութեան հետեւանքով զոհուած Հայերու թիւը կը գնահատուի 800.000-1,5 միլիոն։ Օսմանեան իշխանութիւններու՝ իրենց հողերուն վրայ բնակող հայ փոքրամասնութեան դէմ ձեռնարկած համակարգուած ոչնչացումը պատմաբաններու միջազգային հանրութեան կողմէ կը համարուի Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւն։ Կոտորածներ, հարկադիր աշխատանքներ, հարկադիր տեղահանութիւն եւ մահուան կարաւաններ դէպի սուրիական անապատ, ուր կիները, երախաները, տարեցները եւ վատառողջները ենթարկուեցան թալաններու, բռնութիւններու եւ ջարդերու, որոնք արձանագրուեցան մարդկութեան պատմութեան այս մութ էջին վրայ։ Դաժանութիւններէն մազապուրծ հազարաւորները ենթարկուեցան հարկադիր դաւանափոխութեան, վաճառուեցան ստրկութեան, իսկ անոնք, որոնք յաջողեցան փախչիլ՝ կազմեցին աշխարհասփիւռ Հայութեան համայնքները։
Ցեղային եւ քրիստոնեայ միւս խումբերը, ինչպէս Ասորիները եւ օսմանեան Յոյները նոյնպէս հալածուեցան օսմանեան կառավարութեան կողմէ եւ անոնց դէմ նման վերաբերումը շարք մը պատմաբաններու կողմէ կը համարուի նոյն ցեղասպան քաղաքականութեան շարունակութիւնը։
Ցեղասպանութեան հիմնական կազմակերպիչները օսմանեան զինուորական դատարաններու կողմէ (1919-1920) դատապարտուեցան մահապատիժի կամ ազատազրկման՝ իրենց գործած ոճիրներուն համար, սակայն դատարաններու որոշումները երբեք չգործադրուեցան։
Այս յիշատակի տուրքը՝ դաս է մեր ժամանակներուն համար, քանզի համաշխարհային մասշտաբի հասնող ազգայնականութեան, այլատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան ներկայի մակարդակի պայմաններուն մէջ՝ էական է յիշել անցեալի անդունդները։
Նաեւ յիշատակի մշակոյթի միջոցով է, որ Հանրապետութեան ժողովը կը վերահաստատէ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան իր յանձնառութիւնը եւ կ՚ընդգծէ ժողովուրդներու, կրօններու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Այսպէսով՝ Հանրապետութեան ժողովը լիագումար նիստի ընթացքին իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն՝ պահպանելով յիշողութիւնը որպէս ժողովուրդներու հաշտեցման եւ մարդկութեան հիմնական արժէքներու պաշտպանութեան կարեւոր տարր»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button