Լրահոս

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

HAMAZKAYIN
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը փորձագրութեան (essay) մրցոյթ կը յայտարարէ, յատուկ համալսարանի ուսանողներու համար: Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, ընտրուած է հետեւեալ նիւթը.- ,Հայոց Ցեղասպանութիւն.¬ Յետադարձ հայեացք՝ անցեալէն ապագայ“։

Մասնակցութեան Պայմաններ.¬

Փորձագրութիւնը պէտք է բաղկանայ 750¬1000 բառերէ, գրուած անգլերէն կամ հայերէն լեզուներով։ Սակայն, Համազգայինը՝ ըլլալով Հայոց լեզուի ու մշակոյթի ջատագովը, մասնակիցներուն կը խրախուսէ հայերէն գրել:

Advertisement Subscribe Today

Մասնակիցները պէտք է որ՝

¬ Ծագումով հայ ըլլան,

¬ Բնակին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս

¬ Ուսանող ըլլան համալսարանէ մը ներս: Այս վերջինը հաստատող փաստ մը պէտք է ներկայացուի:

Փորձագրութիւններու ներկայացման ժամկէտն է.¬ Մայիս 31, 2015: Առաքման հասցէն՝ committee@hamazkayin-eastusa.net

Մրցանակն է ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան եւ Արցախ՝ մասնակցելու Համազգայինի 21¬րդ Ֆորումին, Յուլիս 11-25, 2015: Իսկ երեք  լաւագոյն փորձագրութիւնները պիտի հրատարակուին Հայաստանի ու Արտերկրի մամլոյ եւ Ելեկտրոնային լրատուական կայքերու միջոցաւ:

 

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ  ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button